Սփիւռքը՝ Թիրախ, ամբողջ Սփիւռքը

Սփիւռքը թիրախ մի՛ դարձնէք՝ ամբողջ Սփիւռքը:

Խօսքս Հայաստանի քաղաքական դէմքերու եւ կուսակցական ղեկավարներուն ուղղուած է՝ անոնց, որոնք Հայաստանը պաշտպանելու լաւագոյն ձեւը Սփիւռքի վրայ յարձակիլը կը նկատեն:

Մենք չենք հասկնար, որ երբ Սփիւռքը կը քարկոծենք, քարկոծած կ’ըլլանք ամբողջ հայ ազգը: որովհետեւ ուզենք, թէ չուզենք Սփիւռքը հայ ժողովուրդի մէկ մասն է՝ մեծ մասը:

Ցաւալի է, որ Հայաստանեան մեծ թիւով քաղաքական դէմքեր, լաւ չեն ճանչնար Սփիւռքը: Անոնք, ամէն առիթի, շուտիկ շտապողականութեամբ սուր կը ճօճեն ամբողջ Սփիւռքին դէմ:

Երբ սփիւռքեան կողմ մը արտասահմանի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչները բողոքի արտայայտութիւններով կը դիմաւորէ, կամ Պէյրութի Պուրճ Համմուտի մէջ «Զարթի՛ր Լաօ»ականներ ցոյցի կ’ելլեն, Երեւանի մէջ ընդդիմադիրները կը յայտարարեն, թէ ամբողջ Սփիւռքը իրենց հետ է: Ասիկա զարմանալի չէ, զարմանալին այն է, որ իշխանութեան կողմնակիցներ ալ ընդդիմադիրներու սփիւռքեան կողմնակիցները կը նկատեն որպէս ամբողջ սփիւռք, մինչ Երեւանի անհնազանդութեան գործողութիւններու մասնակից ցուցարարներուն թիւը իրականութենէն շատ աւելի քիչ ներկայացնելու միտում ունին: Սփիւռքը թիրախ կը դառնայ եւ կ’ամբաստանուի ո՛չ թէ որպէս հակայ իշխանութիւն այլ՝ հակայ Հայաստան:

Սփիւռքը, յարգելի քաղաքագէտներ, իր բացարձակ մեծամասնութեամբ պետականամէտ է, ան չ’ուզեր խառնուիլ Հայաստանի ներքին գործերուն, ան կ’ուզէ Հայաստանը զօրաւոր տեսնել, ուստի եւ խորապէս կը ցաւի երբ իր հայրենիքին մէջ ներքին տարակարծութիւններու մասին կը լսէ, Սփիւռքը կը տագնապի երբ ականջալուր կ’ըլլայ Հայաստանէն լսուող հայհոյանքներու, երբ ականատես կը դառնայ ներքին կռուըտուքներու, որոնք մոռացութեան կը մատնեն արտաքին վտանգը…

Ակնյայտ է, որ Սփիւռքը լաւ չէք ճանչնար, ցաւալի է, որ չէք ալ ուզեր ճանչնալ: Դիւրին է, բոլորը մէկ արշինով չափելը: Դիւրին է, բայց սխալ:

Չեմ ուզեր հաւատալ, որ այսպիսի դիրքորոշում ունեցողները կ’ուզեն միաւորներ շահիլ իշխանութեան մօտ: Այսպիսիներուն մէջ կան մարդիկ, որոնց հանդէպ յարգանք ունիմ եւ որոնց հայրենասիրութեան վրայ չեմ կասկածիր, հետեւաբար միակ բացատրութիւնը կը գտնեմ իրենց Սփիւռքը լաւ չճանչնալուն մէջ:

Կ’ուզեմ աւելորդ անգամուայ մը համար յիշեցնել, այն խանդավառութիւնը որ Ղարաբաղեան շարժման օրերուն կը տիրէր ամբողջ Սփիւռքի տարածքին: Գիտեմ, որ այդ օրերուն սփիւռքեան աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Հայաստանեան հեռատեսիլէն ելոյթ ունենալով կոչ ուղղեցին հայրենի բնակչութեան դադրեցնել գործադուլները, այդպէս ըրին որովհետեւ կը վախնային ռուսերուն հակադարձութենէն, անոնք շատ լաւ գիտէին խորհրդային թանկերու պատճառած արիւնայեղութիւնը Պուտափէշթի մէջ, անոնք շատ լաւ գիտէին ռուսական զօրքերու ներխուժման պատմութիւնը Չեխոսլաւաքիա: Վազգէն Կաթողիկոսը չէ՞ր որ յորդորեց ժողովուրդը գործի վերադառնալ, ըսելով. «Ապա թէ ոչ, կ’անիծեմ ինքզինքս»… Ղարաբաղեան շարժման դէմ բոլոր եղողները մէկ պատճառ ունէին` Հայաստանի եւ անոր բնակիչներուն համար ունեցած վախը: Իրականութեան մէջ բոլորս ալ խանդավառ էինք ազատագրական այդ շարժումով.օրինակ, Նազարէթ Պէրպէրեանի վկայութիւնը այն մասին, թէ ինչպէս Բարեգործականի նախագահ Ալէք Մանուկեանը դաշնակցական Հրայր Մարուխեանին մէկ միլիոն տոլար տուած էր Ղարաբաղին համար զէնք գնելու…

Երկրաշարժի օրերուն Սփիւռքի տուածին մասին չեմ ուզեր անդրադառնալ, որովհետեւ ամբողջ աշխարհը օգնեց փոքր Հայաստանին, բայց հաւատացէ՛ք, սփիւռքահայը նոյնքան խորունկ ցաւ զգաց, որքան երեւանցին, Կիւմրեցին կամ Սպիտակի հայը…

Այսօր ալ սփիւռքը կը մտահոգուի Հայաստանի վիճակով, ամբողջ Սփիւռքը կը սգայ 44 օրեայ պատերազմին կուլ գացած մեր տղոց մահը. ամբողջ Սփիւռքը տխուր է, շա՜տ տխուր ի տես Հայաստանի ներ-քաղաքական վիճակին, որովհետեւ սփիւռքահայը նոյնքան հայ է, որքան հայրենիքին մէջ ապրող հայը եւ կը բաժնեկցի անոր բոլոր տագնապները, ճիշդ այնպէս, ինչպէս, որ Հայաստանցին կը տագնապի սուրիահայի եւ լիբանահայի վիճակով:

Մի՛ զարմանաք, Սփիւռքահայերու Հայաստանեան իշխանութիւններուն կամ ընդդիմադիրներուն հանդէպ ունեցած դիրքորոշումներու այլազանութեամբ, հակառակը անբնական պիտի ըլլար: Խնդիրը այն է, որ գիտնալով հանդերձ, որ այս պարագան անխուսափելի է, կը փորձենք, ոչ թէ իրականութիւնը ընդունիլ այլ ցոյց տալ այն ինչպէս որ մենք կ’ուզենք՝ ուռճացնելով կամ փոքրացնելով պատահարները:

Ասիկա անթոյլատրելի է:

Անշուշտ սխալ է, օտարներու մօտ մեր իշխանութիւնը նսեմացնելը. անշուշտ ճիշդ չէ՛, Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները անվայել վանկարկումներով դիմաւորելը, այս ամէնը, ինչպէս ներքին անհնազանդութեան դրսեւորումները, կրնան միմիայն աւելի տկարացնել արդէն պարտութեան պատճառաւ տկար մեր դիրքերը, մանաւանդ բանակցային այս շրջանին, մանաւանդ Ռուսիա-Արեւմուտք սրուած յարաբերութիւններու այս օրերուն, բայց… բայց այս պարագան ընդհանրացնելն է սխալ, ամբողջ Սփիւռքին վերագրելն է սխալ, ամբողջ Սփիւռքը կասկածի տակ դնելն է սխալ, եւ այս սխալը կրնան գործել ոչ միայն քաղաքագէտները, ոչ միայն լրագրողները այլ, որ աւելի վտանգաւոր է, Հայաստանի հասարակ քաղաքացին, սովորական հայը, որ այդ տպաւորութեան տակ պիտի իյնայ եւ բնականաբար ենթադրեալ թշնամանքը պիտի փոխադարձէ իր մէջ գլուխ բարձրացնող թշնամանքով:

-Դուք Հայաստանը չէք սիրեր, դուք կ’ուզէք, որ հիները ետ գան, այդ պատճառաւ Նիքոլին դէմ ցոյցի կ’ելլէք Պէյրութի մէջ. ամօ՛թ ձեզի- Կ’ըսէ Նիքոլը պաշտող երեւանցի մը տաը տարիէ հոս ապրող Հալէպէն եկած իր դրացիին:

Այո՛, Սփիւռքին հանդէպ անբարեացակամութիւնը շատ դիւրաւ կը տարածուի նաեւ Հայաստան հաստատուած ներգաղթողներուն վրայ, որոնք տակաւին երկար ատեն սփիւռքահայ պիտի սեպուին:

-Սփիւռքը թող իրեն համար մայրաքաղաք մը կառուցէ եւ այնտեղէն թող հետապնդէ ցեղասպանութեան հարցը,- այսպիսի չքնաղագոյն երեւակայութիւն ունեցողներ ալ կան:

Այո՛, Հայաստան-Սփիւռք վիհը փորփրելով զայն խորացնելը ճիշդ չէ՛, ճիշդ չէ՛, որովհետեւ սխալ դատողութենէ առաջ կու գայ, իրար հանդէպ վստահութիւն չունենալէ կը յառաջանայ: Մեր ղեկավարները փոխանակ այդ անվստահութիւնը վերացնելու մասին մտածելու, զիրար մեղադրեն: Անոնք կրնան այսօր հակառակորդներ ըլլալ, վաղը համախոհներ դառնալ, բայց յարգելի ղեկավարներ, Ձեր ամէն մէկ խօսքը մեր, սովորական հայերուս մէջ կրնայ բոյն դնել, մեր հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ նստուածք ունենալ… Ա՛յս մասին ալ մտածեցէք:

Գիտէ՞ք, ինչն է մեր ամենամեծ սխալը.

-Մեր ամենամեծ սխալը այն է, որ Հայաստան-Սփիւռք իրարու օտար ենք եւ իրար մէջ խտրականութիւն կը դնենք… Բոլորիս համար Հայաստանը հայրենիք է, բայց ամէն մէկուս համար միւսը աւելի նուազ հայ է: Արդէն «Մէկս»-«Միւսը», «Մենք-Դուք», արտայայտութիւնները ինքնին օտարացնող են, վանող են, զանազանող, խտրականութիւն յառաջ բերող:

Տխրալի է, չէ՞…

Մինչեւ ե՞րբ…

Մանուէլ Քէշիշեան

Երեւան, 24 Մայիս 2022

Մեկնաբանել