«Հայաստանէն դուրս հայը չի կրնար յաւերժ ապրիլ, մեր ազգային ապահովութիւնը հոս է»․ զրոյց բժիշկ Գրիգոր Տարագճեանին հետ

Բժիշկ Գրիգոր Տարագճեան ծնած է Հալէպ, 1946-ին: Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն վկայուած է որպէս գիտութեանց պսակադիր: Քաղաքացիական պատերազմի պատճառաւ հեռացած է Լիբանանէն, եկած է Հայաստան, ուր ուսանած է 1974-էն 1983: Դարձած է մասնագէտ սրտաբան: Վերադարձած է Հալէպ, ուր իր մասնագիտութեամբ մեծապէս օգտակար դարձած է բոլոր հալէպցիներուն: Գաղութին մէջ ունեցած է գործօն հասարակական կեանք: 2012 թուականին հաստատուած է Երեւան: Բժիշկ Տարագճեան տնօրէնն է Հ.Բ.Ը.Միութեան «Գլօտիա Նազարեան» բժշկական կեդրոնին:

Սիվիլնէթ-Տոքթոր, դուք որպէս բժիշկ երկար ատենէ ի վեր կը վարէք Հ.Բ.Ը. Միութեան «Գլօտիա Նազարեան» բժշկական կեդրոնին տնօրէնութիւնը: Ի՞նչ է Ձեր առաքելութիւնը:

Տարագճեան– 2012-ին եւ 2013ին մեծ թիւով սուրիահայեր ներգաղթեցին Հայաստան: Բնականաբար անոնց մէջ հիւանդացողներ կ’ըլլային: Հիւանդները մեծ դժուարութիւն կ’ունենային, լաւ չէին կրնար հասկնալ-հասկցուիլ տեղի փոլիքլինաքերուն հետ, դեղերու պէտք ունէին, նոյնիսկ կը դժուարանային սուրիական դեղերը փոխարինել հոս գտնուածներով: Չորս սուրիահայ մասնագէտ բժիշկներ քով-քովի եկանք, Կանացի հիւանդութիւններու մասնագէտ Մերուժան Քիրիշեանը, ակնաբոյժ Մակի Քէշիշեանը, մանկաբոյժ Ժան Պէշլեանը եւ ես որպէս սրտաբան: Ժանին միջոցաւ դիմեցինք Հ.Բ.Ը.Միութեան, որ սիրով մեզի տեղ յատկացուց «Ալէք Մանուկեան» իր կեդրոնին մէջ: Մինչեւ 2017 թուական հոն ամէն կերպ, անվճար, բուժեցինք սուրիահայ հիւանդները: Մենք կամաւոր կերպով կ’աշխատէինք, առանց նիւթական որեւէ ակնկալիքի: 2017-ին Հ.Բ.Ը.Միութիւնը մեզի յատուկ քլինիք մը յատկացուց Քանաքեռի Վահէ Կարապետեան կեդրոնէն ներս, ուր եւ կը գործենք մինչեւ այսօր, սպասարկելով նաեւ Պէյրութէ պայթիւնէն ետք Լիբանանէն ներգաղթածներուն: Պէտք է նշեմ, որ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները կարգաւորող Կեդրոն»ի նախագահ Լենա Հալլաճեանն ալ մեծ դեր ունեցաւ մեր յաջողութեան մէջ: Այժմ մեր կեդրոնը ունի վեց մասնագիտութեան տէր բժիշկներ՝ ներքին, աչքի, կանացի, մանկական, քիթ-կոկորդի եւ սրտի: Հարկ եղած դեղերը մեզի կը տրամադրեն ՄԱԿ-ի Mission Armenia-ն, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, ամերիկեան բարեսիրական հաստատութիւններ, վիրահատութեան պարագային հիւանդներուն նիւթապէս կ’օգնեն Բարեգործականը եւ Աւետարանչականը, մինչեւ հիմա կը գործակցինք Իզմիրլեան հիւանդանոցին հետ, այս համագործակցութիւնը սակայն պիտի դադրի յառաջիկայ Յունիսին: Մեր մանկաբոյժ Ժան Պէշլեանի ցաւալի մահէն ետք իր հարազատները հիմնեցին ֆոնտ մը, զոր դրին մեր տրամադրութեան տակ: Այդ ֆոնտին միջոցաւ մեր հիւանդներուն կ’օգնենք հոգալու իրենց հիւանդութիւններու յայտնաբերման ծախսերը:

Մեր միջնորդութեամբ, պետութիւնն ալ կ’օգնէ մեր հիւանդներուն, որոնք վիրահատութեան կ’ենթարկուին պետական պատուէրով՝ անվճար:

2017-էն մինչեւ 2022, մեր մօտ թղթածրար ունեցող եւ մեր կեդրոնի ծառայութիւններէն կանոնաւորապէս օգտուող հիւանդներուն թիւն է 3926: Ասոնց կողքին ունեցած ենք 23270 այցելու հիւանդներ: Ցարդ դեղ յատկացուցած ենք 20590 հիւանդներու: Կեդրոնի բոլոր բժիշկները Երեւան ուսանած մասնագէտ բժիշկներ են, միայն քիթ-կոկորդի մասնագէտ բժիշկը հայաստանցի է:

Նշեմ, որ 2017 թուականէն սկսեալ կեդրոնի բոլոր աշխատողները կը վարձատրուին Հ.Բ.Ը.Միութեան կողմէ:

Սիվիլնէթ-Դուք, որպէս Մարաշի Հայրենակցական Միութեան ատենապետ, Հալէպահայ կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած էք, այսօր ալ, հեռուէն կը ղեկավարէք այդ միութիւնը եւ, վստահ եմ, մօտէն կը հետաքրքրուիք հալէպահայութեամբ, ի՞նչ կը կարծէք, հալէպահայ գաղութը պիտի պահէ իր գոյութիւնը:

Տարագճեան-Ինչպէս հալէպահայ բոլոր միութիւններուն, այնպէս ալ մեր միութեան անդամներուն մեծ մասը արդէն արտագաղթած է, Հալէպ մնացողները մեծ դժուարութեան մէջ են: Մենք 65-70 սան ունէինք, որոնց դպրոցական ծախսերը կը հոգայինք. Մենք նիւթական եկամուտ ունէինք, մեր միութեան ճաշարանն ու շէնքի գրասենեակները հասութաբեր էին: Հիմա շէնքէն եկամուտ գրեթէ չունինք, 10 տոկոսի իջաւ մեր եկամուտը: Սուրիական դրամը արժեզրկուած է. ցաւոք, մենք ի վիճակի չենք մեր սաները պահելու: Ներկայիս սկաուտներ ունինք, որոնց ծախսերը դուրսի մեր հայրենակիցները կը հոգան, միութիւնն ու իր մշակութային ակումբ «Գերմանիկ-Վասպուրական»ը անհրաժեշտ ծախսեր ունին, զորս դարձեալ մենք դուրսէն կը հոգանք: Տեղ մը պիտի գայ, երբ, ուզենք ալ, պիտի չկրնանք անհրաժեշտ բոլոր օգնութիւնները կատարել: Որքան ալ ցաալի ըլլայ, պէտք է ընդունինք իրականութիւնը, մեր միութիւնը կամաց կամաց պիտի փլի: Չեմ ուզեր ըսել, որ նոյնն է վիճակը հալէպահայ բոլոր միութիւններուն: Աւելի գէշ վիճակի մէջ կը գտնուին մեր գաղութի բոլոր զաւակները: Մեր ապագան հոն լաւ չեմ տեսներ:

Սիվիլնէթ-Ինչպէ՞ս կը բնութաքրէք Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն կացութիւնը, կրցա՞ծ են շաղուիլ Հայաստանեան հասարակութեան հետ, ի՞նչ խնդիրներ եւ դժուարութիւններ ունին: Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք հոս ապրող սփիւռքահայերուն:

Տարագճեան-Ի պատիւ մեզի, հպարտութեամբ կ’արձանագրեմ, որ սուրիահայ ոչ մէկ մուրացկան կրնաք գտնել Հայաստանի մէջ: Անշուշտ օգնութիւններ շատ շատերը կը ստանան, պետութենէն թոշակ ալ կը ստանան մեր տարեցները, որոնց հիմնական մտահոգութիւնը տան վարձքն է. բարեբախտաբար Բարեգործականը, Աւետարանչականը եւ այլ կազմակերպութիւններ օգնութեան ձեռք կ’երկարեն անոնց: Մենք աշխատասէր ժողովուրդ ենք, մեր երիտասարդները խելացի են, շուտ համակերպեցան տեղական կեանքին, անոնցմէ շատեր կ’ուսանին եւ կ’աշխատին. Համալսարանաւարտներուն մէջ յաջողութիւն գտնողներուն թիւը քիչ չէ: Արհեստաւորները մեծ վստահութիւն կը վայելեն շնորհիւ իրենց աշխատասիրութեան, վարպետութեան եւ անբասիր վարքին:

Խորհուրդ կու տամ, կարելի եղածին չափ շուտ շաղուիլ հայաստանեան կեանքին, միաձուլուիլ հայաստանցիին հետ, չմեկուսանալ, ապրիլ նաեւ արտաաշխատանքային կեանքով՝ մշակոյթով, արուեստով:

Սուրիահայը եթէ կրցած է Սուրիոյ մէջ կեանքի լաւ մակարդակի հասնիլ, ապա վստահաբար, հո՛ս, հայրենիքի մէջ ալ պիտի կարենայ:

Սիվիլնէթ-Հայաստանը ծանրագոյն վիճակի մէջ կը գտնուի. սփիւռքահայերը ի՞նչ կրնան ընել Հայաստանի այսօրուան եւ վաղուան համար:

Տարագճեան-Իմ կարծիքովս ոչ մէկ բան, բացի դրամահաւաքէ, որ պէտք է սիրայօժար կատարեն: Մեծ թիւով սփիւռքահայ հարուստներ կ’ըսեն, թէ իրենց վստահութիւնը կորսուած է հայաստանցի պատասխանատուներու հանդէպ: Այս պարագան արգելք պէտք չէ ըլլայ օգնելու հայրենիքին. Վստահութիւննին կորսնցնողները կրնան օգնութիւնը անմիջական կերպով ընել, այսինքն ուղղակի նպատակամղուած տեղը հասցնել:

Սիվիլնէթ-Որպէս հասարակական գործիչ, ըստ Ձեզի, ինչպիսի փոխյարաբերութեան մէջ պէտք է գտնուին Հայաստանն ու Սփիւռքը, Հայաստանցին եւ Սփիւռքահայը, որպէսզի բացարձակ իրականութիւն դառնայ մէկ Ազգ, մէկ հայրենիք հասկացողութիւնը:

Տարագճեան– Գործնականօրէն ընդունելով եւ իրապէս հաւատալով, որ մէ՛կ ազգ ենք, մէ՛կ հայրենիք ունինք: Իրար հասկնալով եւ իրար օգնելով: Հայաստանը ներկայիս կարողութիւն չունի նիւթապէս օգնելու Սփիւռքին, բայց կրնայ կրթական եւ մշակութային ասպարէզներու մէջ օգնել, օրինակ, ուսուցիչներ հրաւիրել վերապատրաստման: Միջին Արեւելքէն մեծ թիւով ուսուցիչներ գաղթած են, միւս գաղութներուն մէջ շատ քիչ թիւով հայ ուսուցիչներ կան: Պէտք է Հայաստանն ու Սփիւռքը իրար հետ անընդհատ շփման մէջ ըլլան, հաղորդակցուին, բոլոր մակարդակներով, ժողովուրդի զաւակները իրար հետ սերտ կապ պէտք է ունենան, պէտք չէ բաւարարուինք պաշտօնական անձերու կամ ղեկավարներու միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեամբ:

Մեր տեղը հոս է, Հայաստանը: Ասիկա պէտք է հասկնանք, գիտակցինք, որ այստեղէն դուրս հայը չի կրնար յաւերժ ապրիլ, մեր ազգային ապահովութիւնը հոս է, տեսանք Սուրիան, Իրաքը, Լիբանանը: Ինչ որ պիտի ընենք հոս պէտք է ընենք:

Սիվիլնէթ-Շնորհակալութիւն Ձեր ընկերներուն եւ անձնապէս Ձեզի, դուք շատ օգտակար գործ կը կատարէք, յարգելի բժիշկ: Շնորհակալութիւն նաեւ հարցազրոյցին համար:

Տարագճեան-Շնորհակալութիւն Սիվիլնէթին, որուն կը հաւատանք անվերապահ կերպով:

Հարցազրոյցը վարեց Մանուէլ Քէշիշեան

Մեկնաբանել