Տէրսիմահայերու ինքնութեան պայքարը

«ԱԿՕՍ»

Ընկերաքաղաքական կամ գաղափարախօսական ամէն տեսակի հոսանքի համար անհրաժեշտութիւն մը եղած է պարբերական մամուլը։ Օրաթերթ, շաբաթաթերթ կամ ամսաթերթ, հերթականութեամբ հրատարակուած այդ լրագիրներն կամ հանդէսները, տուեալ հրատարակիչներու միտքն ու խօսքը ծաւալելու միջոցներ կը նկատուին։

1970ական տարիներուն, այսինքն պատմութեան առումով մօտ անցեալին, իսկ անհատական հաշուարկով կէս դար առաջ, Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը երբ փխրուն էր գաղափարական զանազան հոսանքներով, իւրաքանչիւր խմբակ ունէր նաեւ իր թերթը։

Ոչ միայն քաղաքական որոշ գաղափարի մը շուրջ մէկտեղուած խումբեր, այլ գրական եւ գեղարուեստական նոր հոսանքներ եւս կը հրատարակէին պարբերականներ, իրենց տեսութիւնը լսելի դարձնելու ձգտումով։

Դիւրաւ կարելի է ենթադրել թէ, յատկապէս գրական, մշակութային ու գեղարուեստական բնոյթի մամուլը ունեցած է սիրողական բնոյթ եւ նիւթական դժուարութիւններու բերմամբ կարճատեւ եղած։

Յատկապէս վերջին տասնամեակներուն, երբ օրաթերթեր հետզհետէ կորսնցուցին իրենց լրատու յատկութիւնը եւ տպագրական ծախսերը գերազանց աճ ապրեցան, ալ աւելի դժուարացաւ պարբերական մամուլի հրատարակութիւնը։

Այս դաժան պայմաններու մէջ իր առաջին համարը հրատարակեց «Հայ Տէրսիմ» պարբերականը, որ իր էջերուն մէջ կը հաւաքէ Մնձուրի լեռնաշխարհի պատմութեան, մշակութային ժառանգի եւ արդարութեան պահանջի վերաբերող նիւթեր։

Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ գտնուելով հանդերձ ինքնիշխան դիմագիծը պահած Տէրսիմ գաւառը չէ ենթարկուած նաեւ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան։

Անկախութեան ձգտումը շատ սուղ արժած է տէրսիմցիներուն։ 1915ի Ցեղասպանութեան նոյն բնոյթով կրկնութիւնն է 1938ին այդ նահանգի մէջ կատարուած զինուորական գործողութիւնը։ Հանրապետական իշխանութիւնը իբրեւ թէ ապստամբութիւն մը ճնշելու պատրուակին տակ փորձեց այս իւրայատուկ վայրի բնակչութիւնը հնազանդեցնել։ Զանգուածային կոտորածներուն յաջորդեցին պարտադիր տարագրութեան գործադրութիւններ։ Բազմահազար ղըզըլպաշ ալեւիներ եւ հայեր աքսորուեցան դէպի երկրի թրքաբնակ տարածքները։

Հազիւ վերջին տասնամեակներուն է, որ Թուրքիոյ քաղաքական միջավայրին մէջ կարելի եղաւ Տէրսիմի ցեղասպանութեան մասին խօսիլ։ Այդ կարելիութենէն օգտուեցան նաեւ տէրսիմահայերը, որոնք անցնող տարիներու ընթացքին մոռցած էին մայրենին, քրիստոնեայ հաւատքի յատկանիշները, հայերէն անձանունները եւ պահած միայն մէկ յատկանիշ, որն է իրենց հայ ծագումի մասին հաստատ հաւատքը։

«Հայ Տէրսիմ» պարբերականը իր առաջին համարի ներածականին մէջ կ՛ընդգծէ թէ հանդէսը նպատակադրած է հայ ինքնութեան տեղեակ տէրսիմցիները իրազեկ դարձնելու իրենց անցեալէն։

Սերքան Սարըաթաշի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող պարբերականը կը հրատարակուի Տէրսիմի հայ հարթակի կողմէ։

Մեկնաբանել