«Ողիմպիական Պատերազմներ»

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի այս շաբթուայ համարին մէջ քաղաքագէտ Վահագն Քէշիշեանը Պէյրութէն կը գրէ.

«Աշխարհի բոլոր երկրները այս օրերուն կը մրցին իրարու հետ, ըլլալու համար ամենէն արագը, ամենէն բարձրը, ամենէն հեռուն եւ կամ ամենէն զօրաւորը:

Երանի՜ բոլոր մրցակցութիւնները ժողովուրդներուն միջեւ ըլլային մարզական դաշտերու մէջ, եւ երբ Չինաստանը եւ Միացեալ Նահանգները իրարու հետ մրցէին, ըլլար լողաւազանի մէջ, եւ ոչ թե Սուրիոյի զանազան կողմերու զինելով: Եթե Ռուսիան եւ Եւրոպան իրար դէմ գային, թող որ ֆութպոլ խաղային, եւ ոչ թէ ռազմանաւերու թիւերու համեմատ կազմուղներու ճամբան որոշէին:

Յստակ է թէ Ողիմպիական խաղերուն յաղթողները կամ Միացեալ Նահանգները կամ Ռուսիան կամ ալ Չինաստանը պիտի ըլլան, նորէն այն երեք երկիրները, որոնց անունը ամենէն շատ կը լսուի Սուրիոյ հարցերուն վերաբերեալ:

Զարմանալիօրէն, բոլոր աշխարհի մարզիկները իրենց մարզանքը կ΄ընեն յանուն խաղաղության, սակայն բոլոր պետութիւնները իրենց մարզիկները կը շահագործեն ծանուցումի համար: Բոլոր մարզիկները եւ մարզասէրները կը հրճուին, կը տխրին… այս բոլորը նոյնն են անոնց համար որ իրենց երկրին ուժը կը ծանուցեն, եւ կամ այն ընկերութիըններուն համար որ մէկ վայրկեան ծանուցումին համար պատրաստ են միլիոններ ծախսել Ողիմպիականներու ընթացքին:

Նոյն այդ դրամները կը ծախսուին այլ տեղ, ոմանք կը մեռնին պատերազմի դաշտերուն վրայ, ոմանք վրաններու տակ փախստականներ են….ասոնց վրայէն է որ կ΄երթայ կեանքը:

Ասոնք են ծախսուած զնգուն դրամի երկրորդ երեսը:»

Մեկնաբանել