Բուժենք բոլոր խուլ երեխաները. Սալբի Ագարակեան

Խուլ երեխաներուն վիրաբուժական միջամտութեամբ լսողութիւն շնորհելու գաղափարը Սալբի Ագարակեանի մօտ ծագած է 1999ին, եւ ան, ստեղծելով Հայկական միջազգային բժշկական հիմնարկը եւ ստանալով Եու.Սի.Էլ.Էյ. հիւանդանոցի վիրաբոյժներէն Աքիրա Իշիեամայի ամբողջական զօրակցութիւնն ու յանձնառութիւնը, ձեռնարկած է խխունջիվեր պատուաստումներու (cochlear implant) աշխատանքին՝ Հայաստանի Էրեբունի հիւանդանոցի մէջ։

Մասնագիտութեամբ ու բարձրագոյն վկայականներով բուժքոյր Ագարակեան իր բարեսիրական կազմակերպութեան միջոցաւ խլութենէ տառապող 180 հոգիի, մեծամասնութեամբ երեխաներ, լսողութիւն բաշխած է։

Սալբի իր այս առաքելութեան, այդ ճամբուն վրայ իր եւ իր հետ գործակցողներու հոգեկան գոհունակութեան մասին Աբօ Պողիկեանին հետ զրուցեց Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրով։

Մեկնաբանել