Քաղաքական միջավայրը Հայաստանի մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու կայացման, պետութեան զարգացման գործին անոնց դերակատարութեան, գործելաոճին, հայկական քաղաքական մշակոյթին, քաղաքական միջավայրին իւրայատուկ պայմաններուն, այլ երկիրներու քաղաքական համակարգերու հետ համեմատութիւններու մասին զրոյցներու շարք կը սկսինք Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Ասպետ Գոչիկեանի հետ։

Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրի հարթակէն զրոյցը կը վարէ Աբօ Պողիկեան։

Այսօրուան զրոյցի ընթացքին Գոչիկեան անդրադարձաւ գրանցուած կուսակցութիւններու թիւը մեծ թէ բնական ըլլալու, կուսակցութիւններու ստեղծման մէջ անհատներու դերակատարութեան եւ այլ երեւոյթներու մասին։

Մեկնաբանել