ՍԾՏՀԿ-ի նշանակութիւնը

Սեւ Ծո­­վու մեր­­ձա­­­փեայ եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ տնտե­­սական հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը խթա­­նելու նպա­­տակաւ կեան­­քի կո­­չուած կազ­­մա­­­կեր­­պութեան հիմ­­նա­­­դիրն էր Թուրքիոյ նախ­­կին նա­­խագահ­­նե­­­րէն Թուրկուտ Էօզալ։

Նա­­խորդ Հինգշաբ­­թի երե­­կոյ, այդ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ծի­­րէն ներս Հա­­յաս­­տանի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ներ­­կա­­­յացուցչու­­թեան հիմ­­նարկու­­թեան 20-ամեակը նշո­­ւեցաւ երաժշտա­­կան բարձրո­­րակ հա­­մեր­­գով մը։

Այս առ­­թիւ կ՚ար­­ժէ յե­­տադարձ ակ­­նարկով մը վեր­­յի­­­շել մօտ ան­­ցեալի զար­­գա­­­ցումնե­­րը։

Խորհրդա­­յին Միու­­թեան տա­­րան­­ջատման տա­­րինե­­րը միջ­­պե­­­տական յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու առու­­մով կը պար­­տադրէին նոր որո­­նումներ։ Յան­­կարծա­­կիօրէն վերջ գտած էր պաղ պա­­տերազ­­մի թե­­լադ­­րած հա­­կադ­­րութիւննե­­րը։ Այդ տրա­­մադ­­րութեան հա­­մապա­­տաս­­խան կեր­­պով հե­­ռաւոր թի­­րախ­­նե­­­րու դէմ տե­­ղադ­­րո­­­ւած հրթիռ­­նե­­­րը կը հե­­ռացո­­ւէին սահ­­մա­­­նագիծ­­նե­­­րէն, դէ­­պի եր­­կիրնե­­րու ներքնա­­մասե­­րը։ Վար­­շա­­­ւեան Ուխտի քայ­­քայման զու­­գա­­­հեռ վի­­ճելի դար­­ձած էր նաեւ ՆԱ­­ԹՕ-ի գո­­յու­­թի­­­նը։

Հա­­մատա­­րած լա­­ւատե­­սու­­թեան են­­թա­­­պատ­­կե­­­րին վրայ բռնկած էր զա­­նազան պա­­տերազմներ։ Պալ­­թեան եր­­կիրնե­­րու ան­­կա­­­խացու­­մը ըն­­թա­­­ցաւ բա­­ւակա­­նին խա­­ղաղ։ Նոյնպէս առանց մեծ ալե­­կոծումնե­­րու մատ­­նո­­­ւելու տա­­րան­­ջա­­­տուե­­ցաւ Չե­­խոս­­լո­­­վակիան, ծնունդ տա­­լով Չե­­խիոյ ու Սլո­­վակիոյ հան­­րա­­­պետո­­թիւննե­­րուն։ Բայց նախ­­կին Եու­­կոսլա­­ւիոյ ժո­­ղովուրդնե­­րը նոյն տա­­րան­­ջա­­­տու­­մը ապ­­րե­­­ցան կոր­­ծա­­­նիչ պա­­տերազմնե­­րու հե­­տեւան­­քով։ Աշ­­խարհ ան­­գամ մը եւս ցնցո­­ւեցաւ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեամբ, որուն այս ան­­գա­­­մուայ զո­­հերն էին Պոս­­նիոյ մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րը։ Ծանր կռիւ­­նե­­­րու դաշտ դար­­ձաւ նաեւ Չեչ­­նիա, ուր Բ. հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերաց­­մէն տա­­րիներ ետք տեղ­­ւոյն մահ­­մե­­­տական բնակ­­չութիւ­­նը ան­­գամ մը եւս հա­­շուի ելած էր ռու­­սա­­­կան տի­­րապե­­տու­­թեան դէմ։ Ինչպէս աբ­­ղազներ կամ օսէթ­­ներ կը մեր­­ժէին վրա­­ցական իշ­­խա­­­նու­­թեան են­­թարկո­­ւելով կորսնցնել իրենց Խորհրդա­­յին տա­­րինե­­րէ ժա­­ռան­­գած ինքնա­­վարու­­թիւնը, նոյնպէս ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թիւնն ալ մեր­­ժեց Ատրպէյ­­ճա­­­նի լու­­ծը եւ դի­­մեց ինքնո­­րոշ­­ման կամ­­քի։

Հա­­մաշ­­խարհա­­յին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը սա­­կայն, շու­­տով վե­­րաձե­­ւաւո­­րուե­­ցաւ գեր­­տէ­­­րու­­թիւննե­­րու պա­­հանջնե­­րուն հա­­մաձայն։ Ազ­­գե­­­րու ինքնո­­րոշ­­ման սկզբունքը զո­­հը դար­­ձաւ նոր սկզբունքի մը, որ կը պար­­տադրէր սահ­­մաննե­­րու ան­­ձեռնմխե­­լիւ­­թիւնը։ Արեւմտեան եր­­կիրնե­­րը իրենց շա­­հերուն հա­­մապա­­տաս­­խան կեր­­պով շա­­րու­­նակ խա­­ղացին այս եր­­կու լա­­ռերուն վրայ, նա­­խապա­­տուու­­թիւն տա­­լով մերթ մէ­­կուն, մերթ միւ­­սին։

Ազատ շու­­կա­­­յի տնտե­­սու­­թիւնը որ­­դեգրած նէօլի­­պերալ դրա­­մապաշ­­տութիւ­­նը դիւ­­րաւ պի­­տի չյօ­­ժարէր իր կա­­նոն­­նե­­­րէն ան­­կախ գոր­­ծող տնտե­­սական դա­­շին­­քի մը դի­­մաց։ Այսպէս ալ Սեւ Ծո­­վեան Տնտե­­սական Հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը չար­­դա­­­րացուց իր­­մէ ակնկա­­լուած ար­­դիւնա­­բերու­­թիւնը։ Նոյ­­նիսկ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու բնա­­կանո­­նաց­­ման առու­­մով բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու այս օրե­­րուն, Թուրքիա կը շա­­րու­­նա­­­կէ Հա­­յաս­­տա­­­նի դէմ առեւտրա­­կան շրջա­­փակու­­մը։ Կը յա­­մառի ցա­­մաքա­­յին սահ­­մաննե­­րի փակ պա­­հելու եւ անե­­րեսօ­­րէն կը խօ­­սի Նա­­խիջե­­ւանէն Ատրպէյ­­ճան մի­­ջանցք պա­­հան­­ջե­­­լու մա­­սին։

Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան կա­­ռավա­­րու­­թիւնը պար­­տա­­­ւոր է արար աշ­­խարհին յայ­­տա­­­րարե­­լու թէ «մի­­ջանցք» եզ­­րը սպառ­­նա­­­լիք մըն է հա­­յոց հայ­­րե­­­նիքի պե­­տական սահ­­մաննե­­րուն եւ այդ առու­­մով ալ ազ­­գա­­­յին ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թեան խնդիր է։

ՍԾՏՀԿ-ը Թուրքիոյ եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի մի­­ջեւ թէ­­կուզ ամե­­նացած մա­­կար­­դա­­­կով, գոր­­ծող միակ դի­­ւանա­­գիտա­­կան կապն է եւ պոլ­­սա­­­հայոց հա­­մար ալ Հա­­յաս­­տա­­­նի պե­­տակա­­նու­­թեան ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը։ Այսքա­­նը իսկ բա­­ւարար է Սա­­հակ Սար­­գի­­­սեանի եւ իր խորհրդա­­տու Նա­­ղաշ Յա­­կոբեանի գլխա­­ւորած գրա­­սենեակը աչ­­քի լոյ­­սի պէս պա­­հելու հա­­մար։

Մեկնաբանել