Հասարակութիւնը կազմակերպելու խնդրի շուրջ

Արհեստակցական միութիւնները կենսունակ դարձնելու անհրաժեշտութիւն կա՞յ։ Այժմէականութիւն ունի՞ն արհեստակցական միութիւնները։ Կուսակցութիւնները շահագրգռուած պէ՞տք է ըլլան արհեստակցական միութիւնները կազմակերպելու ծրագիրներով։

Հասարակական կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնը Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ։ Արեւմտեան ազդեցութեան լծա՞կներ, թէ ազգային խնդիրներ հետապնդող հաւաքականութիւններ են հասարակական կազմակերպութիւնները։ Եթէ «Սորոսեան» մղձաւանջող տառապողներ կան, ինչու՞ չեն կազմակերպեր լայն հասարակութիւնը ազգային իրենց օրակարգերու շուրջ։

Հայաստանի եւ Սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան խնդիրներ։

Այս հարցերու շուրջ կը զրուցեն Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեան դասախօս Ասպետ Գոչիկեանն ու Սիվիլնեթի «Տրոփ» հաղորդման վարիչ Աբօ Պողիկեանը։

Մեկնաբանել