Անտրամաբանական Հալէպը

-Հալէպ պիտի գա՞ս,-Կը հարցնեմ թոռնիկը կնքել տալու համար Հայաստան գտնուող ամերիկաբնակ նախկին հալէպահայ բարեկամիս:

-Կ’ուզէի գալ, բայց շատ ծախսալից է,-կը պատասխանէ ու կ’աւելցնէ.-Բարեկամներ շատ ունիմ, բոլորն ալ դրամի պէտք ունին, ամէն մէկուն բան մը պէտք է տամ. վիճակս չի ներեր այդքան առատաձեռն ըլլալ:

Ճի՛շդ է բարեկամս, Հալէպի մէջ բոլորն ալ դրամի պէտք ունին, մանաւանդ հայերը:

Ի՞նչ թող ընեն խեղճ ամերիկաբնակ հալէպահայերը, անոնցմէ շատեր իրենց ազգականներուն չեն հեռաձայներ իսկ, հեռաձայնեն ալ, կը խուսաբին «Ինչպէ՞ս էք» հարցումէն, վախնալով, որ Հալէպ մնացողները պիտի գանգատին իրենց տնտեսական ծայր աստիճան խղճալի վիճակէն եւ օգնութիւն պիտի աղերսեն:

Իսկ հալէպահայերուն տնտեսական վիճակը իրապէս շատ ծանր է, թէեւ այս օրերուն պատկերը բոլորովին այլ է՝ ծախսալից հարսնիքներ, դպրոցական աւարտական խրախճանքներ, կնունք եւայլն: Դուրսէն եկողը կը զարմանայ եւ կը կարծէ, թէ հալէպցին սուտ կը խօսի երբ տնտեսական վիճակէն կը բողոքէ, որովհետեւ լսածն ու տեսածը անտրամաբանական հակադրութիւններ են:

Քանի մը օր ետք հարսնիքներն ու հանդէսները կը վերջանան, հալէպցիներուն քէֆ- ուրախութիւնն ալ իրենց կոկորդը կը մնայ. Յատուկ առիթի համար հարիւր հազարաւորներու կարուած հագուստները կը կախուին պահարաններու մէջ, անգամ մըն ալ լոյս չտեսնելու պայմանաւ: Քամուն տրուած միլիոնները անշուշտ ետ պիտի չդառնան: փոխարէնը կրկին տիրական կը դառնայ ելեքտրածին շարժիչնրու շաբաթական ահռելի ծախսերը հոգալու մտահոգութիւնը, առօրեայ ուտեստի ծախսերը հայթայթելու ճիգը: Ամէն ինչէ զրկուած ըլլալու վիճակին յարմարելու ստիպողականութիւնը:

«Բարեւ, բարի եկած ես»էն ետք Հալէպ մնացած հայը անպայման կը հարցնէ Հալէպ այցելող նախկին հալէպահայուն.

-Ինչպէ՞ս տեսար Հալէպը:

Իրականութեան մէջ քանի մը Հալէպ կայ: Կանք մենք՝ հալէպահայերս, կայ տակաւին քանդուած վիճակի մէջ գտնուող արեւելեան ազատագրուած Հալէպը, կայ Մօկամպոյի շրջանի Հալէպը: Եւ այս ամէնը կարելի է բաժնել երկու գլխաւոր մասերու՝ ֆէյսպուքեան անիրական, շպարուած, շղարշուած Հալէպը եւ իրական, գորշ գոյնի մեր Հալէպը:

Ինչպէ՞ս տեսայ Հալէպը…

Ֆէյսպուքեան Հալէպը հրաշալի է, Աւարտական հանդէսներ, այս առիթով դպրոցներուն նուիրատուութիւններ, շքեղ խրախճանքներ, երկրի նախագահի Հալէպ այցելութիւն, որուն ընթացքին անոր զաւակներուն ընթրիքը Հայկական «Դալար» ճաշարանին մէջ, որուն արտացոլումը Ասատ ընտանիքի հայերու հետ ֆէյսպուքի մէջ հարիւրաւոր լուսանկարներ: Ջերմաելեկտրակայաններէն մէկուն աշխատանքի սկսիլը, որուն պատճառաւ քաղաքը օրական 12 ժամէ ելեկտրական վայելք կը ստանայ: Նախկին հալէպահայերու նկատելի թիւով հոս գտնուիլը՝ համեմուած անոնց կարօտակէզ արտայայտութիւններով…

Այո՛, այս բոլորը իրենց պայծառ արտացոլումը կը գտնեն ֆէյսպուքի մէջ:

Իրական Հալէպը ուրիշ է. օրինակ, ճշմարտութիւնը ըսելու համար պէտք է արձանագրել, որ կարօտը չէ՛ նախկին հալէպահայերը մաքնիսի պէս հոս քաշողը, այլ իրենց հոս ձգած տան կամ խանութի ծախելու ամհրաժեշտութիւնը: Ասոնք քանի մը տարին մէկ կու գան, կը փորձեն իրենց ուզած գնով ծախել իրենց ունեցուածքը, չեն յաջողիր, կրկին անգամ կու գան, յետոյ իրենց առաջարկուած գնին հետ ստիպուած կը համաձայնին ու քանի մը հազար տոլարով կը հեռանան, այլեւս այս երազային՝ պայծառ-իրական՝ գորշ քաղաքը չկարօտնալու հաստատ մտադրութեամբ:

Այլ օրինակ մըն է դպրոցներուն եղած հսկայական թուացող միլիոնաւոր լիրաներու նուիրատուութիւններու պարագան, որոնք սակայն շատ քիչ են, նկատի ունենալով, որ ամէն մէկ դպրոց տարին հարիւրաւոր միլիոններու պէտք ունի հոգալու իր ծախսերը…

Փողոցներէն կը քալես. Չորս կողմդ դատարկ է, նոյնիսկ նախապայրամեան (իսլամական զատկական) օրերուն շատ քիչ էր թիւը հագուստ-կապուստի խանութներ մտնողներուն: Մարդիկ կան, անոնց շարքին մեծ թիւով հայեր, որոնք տարիներէ ի վեր հագուստ մը չեն կրցած գնել, այնքան որ սուղ է ամէն ինչ: Հալէպցիները շաբաթներով միս չեն համտեսեր, աւելի ճիշդ իրենց եկամուտը չ’արտօներ միս համտեսել: պիտի սպասեն, որ այս կամ այն եկեղեցին կամ բարեսիրական հաստատութիւնը ուտեստեղէնի գնումներու կտրոններ բաշխէ, որպէսզի կարենան նաեւ մէկ քիլօ միս գնել եւ զայն բաւեցնել չորս հոգինոց ընտանիքի 4-5 ճաշատեսակներուն:

Փողոցները դատարկ են, նաեւ անոր համար, որ մարդիկ իրենց ինքնաշարժերը շատ քիչ կը քշեն, որովհետեւ պետութեան կողմէ իրենց յատկացուած պէնզինի քանակը շատ հեռու է բաւարար ըլլալէ, իսկ սեւ շուկայի մէջ անոր գինը տասնապատիկ է, շատեր իրենց յատկացուած պէնզինը կը ծախեն որովհետեւ շատ պէտք ունին այդ դրամին: Պէնզինի նոյն վիճակը ունի նաեւ փիւթակազը, պետականօրէն մէկ շիշ ստանալու հերթդ քանի ամիսը անգամ մը կու գայ, սեւ շուկային մէջ անոր գինը կը տարուբերի 70-80-100 հազարի միջեւ մինչ իր գինը 11 հազար սուրիական լիրա է. տաս տարի առաջ 150 սուրիական լիրա էր…: Մարդիկ հիմակուընէ կը մտահոգուին տունը տաքցնող ձմրան մազութի մասին: թէեւ գիտեն, թէ ապարդիւն է իրենց մտահոգութիւնը, որովհետեւ պետութեան յատկացնելիք 50 լիթրը հազիւ քանի մը օր պիտի տաքցնէ կամ լոգցնէ իրենց փոքրիկ զաւակները, ուստի շատեր կը նախընտրեն այդ քանի մը օրն ալ ցրտահարիլ եւ ստացած մազութը վաճառել սուղ գինով եւ ուտելիք գնել իրենց զաւակներուն համար:

Հացը շատ սուղ է, պետականօրէն յատկացուածը շատ քիչ է, որակը՝ օր մը լաւ, օր մը գէշ՝ չուտուելու աստիճան:

Փողոցներն ու խանութները դատարկ են բայց ճաշարանները լեցուն են, թէեւ մեր շրջանի ալ սրճարան-ճաշարաններուն յաճախորդներուն մեծ մասը Մոկամպօ շրջանի բնակիչներն են: Մօկամպօն եւ յարակից շրջանները ուրիշ Հալէպ մըն են, այդ խանութները լեցուն, փողոցները գիշեր ցերեկ եռռւզեռ, ամէն տեղ շլացնող տէքորով եւ լուաւորումով սրճարաններ, փողոցները ծիծաղուն դէմքերով խումբերով քայլող երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, վխտացող նորագոյն ինքնաշարժեր… այդ շրջաններ փոխադրուած են Հալէպի բերդի քանդուած շրջակայքի փակ շուկայի յայտնի առեւտրական կեդրոնները:

-Դրամը իրենց մօտ է,- կ’ըսեն մեր թաղեցիները:
իրաւունք ունին: Հարաւ-արեւմտեան Հալէպի թաղամասերը հարուստներու շրջանի վերածուեցան: Այնտեղ տուներու եւ խանութներու գիները շատ աւելի բարձր են քան մեր՝ քրիստոնէական շրջաններունը: Մեր տուները մեծ մասամբ քիւրտերն են գնողները, կամ արաբները: մեր տուներուն մեծ մասը ծախու են, գնորդները շատ լաւ գիտեն, որ տուն ծախողնրը կամ արդն գաղթած են երկրէն, կամ ալ շուտով պիտի գաղթեն, ուստի, եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը, միւս օր պիտի համաձայնին իրենց առաջարկուած գնով ծախել. երկար տարիներու արդար աշխատանքով, ճակտի քրտինքով ձեռք բերած հայապատկան այս տուները, որ կը կարծէին, թէ յաւիտենական իրենցը պիտի մնար, եւ ժառանգ պիտի դառնար իրենց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն, որոնք պիտի աւելցնէին իրենց ունեցուածքը… սխալ հաշուարկ կատարած էին խեղճ հաէպահայերը, սխալ հաշուարկ կը շարունակեն կատարել նաեւ հայկական բազմաթիւ այլ գաղութներ, կարծելով, թէ անհատական եւ հաւաքական մեր կալուածները մերը պիտի մնան…

Այս մտորումներուն դիւրաւ վերջակէտ չի դրուիր, այսօր տխրութիւն առթող բազմակէտով բաւականանք եւ խոր շունչ մը քաշենք՝ կրկին մտորելու համար… Հալէպի մէջ տեսնելիքները շատ են՝ մեծ մասը անտրամաբանական:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ 16 Յուլիս 2022

Մեկնաբանել