Հայ Դատը Պիտի Մեծարէ ICJ-ի Մէջ Պաքուի Դէմ Դատ Բացած Իրաւաբանները

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան «Արդարութեան միջազգային ջատագով» հեղինակաւոր մրցանակը պիտի յանձնէ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին հայութեան դէմ Ատրպէյճանի գործած ոճիրներուն գծով Արդարադատութեան միջազգային ատեանին (ICJ) մէջ, Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ դատ բացած 23 իրաւաբաններուն եւ խորհրդականներուն՝ դրուատելու համար անոնց անխոնջ եւ դժուար պայքարը շարունակական ապատեղեկատուութեան դէմ։

Նշեալ խմբակին անունով մրցանակը պիտի ստանձնեն իրաւաբաններ՝ Եղիշ Կիրակոսեան, Լեւոն Գէորգեան եւ Գառնիկ Քերքոնեան։

«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբ երախտապարտութեամբ կ՛ողջունէ յանդուգն իրաւաբաններու այս խումբին նուիրուածութիւնը՝ իրականութեան եւ արդարութեան հասնելու, նպատակ ունենալով կասեցնել մարդկութեան դէմ ապագայ ոճիրները։ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, Հայաստանի գերիշխանութիւնը, գերիներու վերադարձը ապահովելու, հայ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ հայատեացութեան դէմ պայքարելու մեր համազգային ջանքերուն համար կենսական է միջազգային իրաւական մարմիններուն մէջ մեր ազդու ներկայութիւնը», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:

Իրաւաբաններու այս խմբակին եւ անոր գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը, իսկ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի տոմսերը ապահովելու համար՝ կայքէջը։

Asbarez.am

Մեկնաբանել