Հայաստանի եւ սփիւռքի քաղաքական վերնախաւը

Ինչպէս սահմանել վերնախաւ հասկացողութիւնը՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի քաղաքական ու հասարակական կեանքին մէջ։ Վերախաւի մաս կազմողները ինչ շրջանակներէ կու գան, հարուստ խաւէ՞ն, մտաւորակա՞ն, ակադեմական, մասնագիտակա՞ն թէ այս բոլորէն։

Վերնախաւը Հայաստանի մէջ ինքզինք կը վերարտադրէ՞, նոր դէմքերը քաղաքական ղեկավարութեան ինչպէս կրնան միանալ։ Միջակութիւնը տիրապետող Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին մէջ։ Ինչու՞ այս վիճակը։

Հայաստանի եւ ընդհանրապէս միջազգային իրականութեան մէջ քաղաքական վերնախաւը սկսած է տեղի տալ եւ ժողովուրդին հետ խօսակից ըլլալու, գաղափարներ պարզեցուած բանաձեւումներով ժողովրդականացնելու նկատառումներով զիջած է աշխարհայացքային առաջնորդութիւն տրամադրելու իր առաքելութենէն։

Այս հարցերու մասին զրոյց՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Ասպետ Գոչիկեանի հետ՝ Սիվիլնեթի «Տրոփ» հաղորդումէն։ Զրոյցը կը վարէ Աբօ Պողիկեան։

Քաղաքական միջավայրը Հայաստանի մէջ

Հասարակութիւնը կազմակերպելու խնդրի շուրջ

Դաւաճան հռչակելու պայքարի ոճը քաղաքականութեան մէջ. զրոյց փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ

Սփիւռքը կրնա՞յ ազդել Հայաստանեան քաղաքականութեան վրայ

Մեկնաբանել