Ճիշդ Հարցադրումներու Հրամայական

Վարագ Գեթսեմանեան

Հետաքրքրութեամբ բայց միաժամանակ զարմանքով կարդացի Radar.am կայքէջի վրայ հրատարակուած քաղաքագէտ Արեգ Քոչինեանի “Ո՞րն է, Մուրադ, քո հայրենիք. ՀՀ-ի անվտանգության խնդիրը” խորագրեալ յօդուածը, ուր հեղինակը հակիրճ կերպով կը քննարկէ Սփիւռքի Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին ազդելու կամ մասնակցելու իրաւացիութեան հարցը: Քոչինեանը քննարկման մեկնակէտը կը դնէ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպ մը, երբ ֆրանսահայ Դաշնակցական գործիչ Մուրատ Փափազեանի մուտքը արգիլուեցաւ Հայաստան, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւններու կողմէ: Կարճ վերլուծականէ մը ետք, որուն բովանդակ կէտերուն եւ հնչած միտքերուն կ’անդրադառնամ սոյն յօդուածի երկրորդ մասին մէջ, Քոչինեան կ’եզրակացնէ, թէ “Հայաստանի պետության ներկայի ու ապագայի, անվտանգության ու կողմնորոշումների, վարվող քաղաքականության վերաբերյալ որոշումներ կարող են և պետք է կայացնեն միմիայն ՀՀ քաղաքացիները։ Սփյուռքն այստեղ ասելիք չունի։”

Նպատակս վերոյիշեալ եզրայանգումը վիճարկելը կամ հերքելը չէ, տրուած ըլլալով որ ոեւէ գիտակից հայ անհատ, ըլլայ ան Սփիւռքի կամ Հայաստանի մէջ, նման ճշմարտութիւն մը ժխտելու գայթակղութիւնը պիտի չ’ունենայ: Հետեւաբար առաջին հերթին, Քոչինեանի պնդումը գոնէ այս առումով անհասկանլի է, որովհետեւ պարզ չէ թէ ճիշդ ինչ հարցադրումի է որ ան կը փորձէ պատասխանել, առաւել երբ ենթադրեալ հարցադրման հաւանական պատասխանը բոլորին կողմէ ակնյայտօրէն ընդունելի է: Այլ խօսքով, կրկնելը որ Հայաստանի պետութեան անվտանգութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ որոշումները պէտք է միայն կայացնեն ՀՀ քաղաքացիները, պարզապէս կը վերածուի չարչրկուած նոյնաբանութեան (tautology) մը, որովհետեւ ի սկզբանէ արդէն անոր ճշմարտացիութիւնը հարցականի տակ դնող գիտակից սփիւռքահայու հանդիպիլը խիստ անհաւանական է:

Երկրորդ՝ Փափազեանի միջադէպը ոչ թէ ՀՀ քաղաքացի չհանդիսացող անձի մը եւ անոր Հայատանի ներքաղաքական կեանքին ազդելու փորձի իրաւացիութեան մասին է այլ՝ Հայատանի Հանրապետութեան պետական մարմիններու կողմէ “ՀՀ պետական դրոշակիր ավտոշարասյան դեմ հարձակում կազմակերպած անձանցից մեկ”ի Հայաստան մուտքի արգիլումը, ինչպէս կը տեղեկացնէ պաշտօնական լրահոսը: Նոյնիսկ կարելի է պնդել որ կարծեք Հայաստանի իշխանութիւններն են որոնք այս քայլով կը փորձեն տնօրինել օտարերկրեայ քաղաքացիութիւնը կրող հայու մը քաղաքական վարքագիծը իր իսկ ապրած երկրին՝ Ֆրանսայի մէջ: Եթէ պաշտօնական տեղեկատուութիւնը ճիշտ է, ուրեմն Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ այս սահմանափակումը աննախադէպ է եւ կ’առնչուի այլ պետութեան մը քաղաքացիի հետ: Հետեւաբար Փափազեանի հետ տեղի ունեցածը չի կրնար հիմք կամ ելակէտ հանդիսանալ Սփիւռքի իրաւունքներու կամ ներգրաւուածութեան քննարկման, առ նուազն այն եղանակով որ Քոչինեան կը ներկայացնէ:

Բոլորովին այլ հարց է թէ արդեօ՞ք սփիւռքաբնակ հայը իրաւունք ունի իր ապրած երկրին մէջ արտայայտելու իր բողոքի ձայնը Հայատանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու դէմ: Ինչքան ալ գնահատելի ըլլայ Քոչինեանի փորձը սոյն միջադէպը վերհանելու իր նեղ քաղաքական կամ կուսակցական պարունակէն կամ համատեքստէն ու տարածելու Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու քննարկումներու վրայ, հեղինակին կտրուկ ձեւակերպումներն ու եզրայանգումները միայն կը նեղցնեն քննարկման օղակներն ու շրջանակը, երբ այսօրուայ ճգնաժամային իրականութեան եւ ստեղծուած թոհուփոհին մէջ միայն պէտք է լայնախոհութեամբ մօտենալ նմանատիպ հարցերու: Աւելին՝ երբ խնդրի քննարկումը միակողմանի ուղղութամբ է որ կ’ընթանայ, այսինքն` “Սփիւռքը իրաւունք ունի՞ թէ ոչ, մասնակցելու կամ ազդելու Հայաստանի ներքաղաքական դաշտին”, ստուէրի մէջ է որ կը մնայ հարցին միւս բայց նոյնքան կարեւոր երեսը՝ “իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները Սփիւռքի հետ յարաբերելու ի՞նչ բանաձեւ կամ եղանակներ ունին եւ արդեօ՞ք անոնք արդիւնաւէտ են ներկայ մարտահրաւէրները եւ ինքնութեան ճգնաժամը յաղթահարելու համար”: Այլ խօսքով՝ ի՞նչ ակնկալիքներ կրնայ/պէտք է ունենայ Հայաստանը Սփիւռք(ներ)էն: Կը հաւատամ որ խնդիրը նման եզրերով ձեւակերպելը շատ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ աւելի ճկուն քաղաքականութիւն (ներքին եւ արտաքին) մը մշակելու եւ վարելու համար քան “իրաւունք ունի չունիի” սին բանավէճը: Փորձեմ հիմնաւորել միտքերս մէկ-առ-մէկ անդրադառնալով Քոչինեանի հեղինակած կէտերուն:

“Հայաստանում չբնակվող մարդն արդյո՞ք իրավունք ունի ազդելու անվտանգային այնպիսի որոշումների կայացման վրա, որոնց հետևանքների հետ ինքը որևէ կերպ չի առերեսվելու ու սեփական մաշկի վրա չի զգալու դրանց ուղիղ արդյունքները։ Չէ որ նա կամ իր որդին, չեն գնալու պատերազմ, չեն ապրելու չքավոր ու շրջափակված երկրում, չեն լինելու զրկված «արևմտյան սպիտակ մարդուն» արժանի հնարավորություններից։ Բայց չեն կարող լինել իրավունքներ՝ պարտականութուններից զատ։ Իսկ սփյուռքյան պարտականությունների դաշտում ամեն ինչ սկսվում և ավարտվում է կամավորության շրջանակներում։ Ընդ որում՝ այդ կամավորության իրական մասշտաբները պարզորեն երևացին 44-օրյա պատերազմի օրերին՝ ինչպես ֆինանսական, այնպես էլ մարդկային խիստ համեստ մասնակցությամբ։” Քոչինեանը սոյն հարցադրումը կը դիտարկէ կենցաղային մակարդակի վրայ: Այնուամենայնիւ “Հայաստանում չբնակվող մարդ”ը անպայմանօրէն չի նշանակեր չըլլալ ՀՀ քաղաքացի: Չեմ կարծեր որ ոեւէ բանականութիւն ունեցող մարդ կրնայ ընդունիլ, որ պատերազմի երթալն ու անոր հետեւանքներով ապրիլը վիճակուած են միայն Հայաստանաբնակներուն, իսկ սփիւռքաբնակ հայերը պէտք է միայն իրագործեն “Արեւմտեան սպիտակ մարդու” իրենց առաքելութիւնը: Քոչինեանը կամ իր տուած ձեւակերպումը գրչի մէկ հարուածով կը նոյնացնեն սփիւռքեան բոլոր հատուածները, երբ այսօրուան իրականութիւնը շատ աւելի խայտաբղէտ ու բազմաշերտ է: Այսինքն՝ երբ հեղինակը մի քանի տող վար կը գրէ, թէ՝ “անվտանգության ու կողմնորոշումների, վարվող քաղաքականության վերաբերյալ որոշումներ կարող են և պետք է կայացնեն միմիայն ՀՀ քաղաքացիները։ Սփյուռքն այստեղ ասելիք չունի”, դժուար է չհակազդել կամ չմատնանշել, որ այսօր Սփիւռքի եւ Հայաստանի բաժանարար գիծերը շատ աւելի առաձգական են ու յաճախ յարափոփոխ, յատկապէս երբ ՀՀ քաղաքացիներու խոշոր զանգուած մը կ’ապրի սփիւռքեան տարբեր գոյացութիւններու մէջ ու այս ժողովրդագրական տեղաշարժը (Հայաստանէն դէպի այլ երկիրներ) ահագնալով կը հասնի վտանգաւոր աստիճանի: Առաւել, երբ Հայաստանի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւնները յաճախ կը պարծենան սփիւռքեան ներուժով, իսկական մարտահրաւէրը ոչ թէ հաւանական համագործակցութեանխզումն է ինչպէս “Սփյուռքն այստեղ ասելիք չունի”ն կը յուշէ, այլ համագործակցութեան նոր եզրերու խթանումը կամ փնտռտուքը: Այսինքն եթէ Սփիւռքը ո՛չ ներկայի, ո՛չ ալ ապագայի համար որեւէ ընելիք չունի (ըստ Քոչինեանի), Հայաստանի իշխանութիւնները սնապարծութեա՞մբ է որ կը զբաղին: Փոխան պատասխանի այս հաստատումը խնդիրներու եւ հարցերու նոր շարք մըն է որ կը բանայ:

Երրորդ՝ Քոչինեանը սփիւռքեան դերի կամ իրաւունքի հարցը կը դնէ նաեւ քաղաքական-փիլիսոփայական հարթութեան վրայ, որմէ կը բխեցնէ հետեւեալ հարցադրումը “ի՞նչն են մարդիկ համարում Հայաստան՝ ՀՀ-ն իր արդի սահմաններո՞ւմ, թե՞ իրենց մտապատկերում առկա «պապենական էրգիրը», հետևապես նաև՝ ո՞րն է սրանցից գերակա”: Հաւանաբար որպէս մտավարժանք նման միտքի մը արծարծումը օգտակար ըլլար ,բայց իրականութիւնը մտավարժանքներով փոխարինելը դժուար որ սթափ մտածողութեանառաջնորդէ: Այսօր կա՞յ արդեօք հայ անհատ մը (ՀՀ քաղաքացի կամ ոչ) որ Հայաստանի արդի սահմանները չ՝ընդունի ինչքան ալ անոր իմացական խորապատկերին մէջ “պապենական էրգիրը” ունենայ իր պատմական, հոգեմտաւոր եւ մշակութային նշանակութիւնը, առանց նոյնիսկ ըսելու որ “պապենական էրգիր”ի մտակերտումները միայն Սփիւռքին իւրայատուկ չեն այլ բաւականին տարածուած են Հայաստանի մէջ նաեւ:

Հետեւաբար, Քոչինեանի յօդուածին խորագրին մէջի “ո՞րն է, Մուրադ, քո հայրենիք” եւ “ՀՀ Անվտանգութեան խնդիրը” հատուածներու զուգադրումը սխալ կապ կամ անհեթեթ շարունակականութիւն մըն է որ կը ստեղծէ այս երկու տարբեր մտքերու միջեւ, մոլորեցնելով նաեւ ընթերցողը: Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրը (եթէ բառը կը հասկնանք իր ամենանեղ իմաստով) որեւէ իմաստաբանական յարաբերութիւն չունի տուեալ անձի մը “Հայաստան”ի ընկալման հետ: սփիւռքեան աւելի քան 1 դարեայ պատմութիւնը մեզ կը յուշ,է որ տասնամեակներու ընթացքին տարբեր Հայկական շրջանակներու մէջ եղած են “հայրենիք”ի տարբեր ընկալումներ, պատկերացումներ կամ սահմանումներ որոնք աւելի շատ պերճացուցած են Հայ քաղաքական մտքի գունապնակը քան լրջօրէն սպառնացած են Հայաստանի անվտանգութեան: Հետեւաբար երբ բացարձակ կերպով կ՝ըսուի թէ Սփիւռքը Հայաստանի ապագայի եւ ներկայի որոշումներու վերաբերեալ որեւէ ըսելիք կամ ընելիք չունի, աւելի ծանրակշիռ խնդիր մըն է որ այստեղ կը ծագի. իսկ ընդհանրապէս ի՞նչ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու մասին է խօսքը, երբ վերջինը Սփիւռքէն որեւէ ակնկալիք չի կրնար ունենալ: Ուրեմն վերոյիշեալ միտքն է որ այստեղ կը կրկնեմ երբ կը շեշտեմ, որ խնդիրը միայն իրաւական հարթութեան վրայ չէ որ պէտք է դրուի, սահմանափակելով մեր իսկ խուսանաւելու տարածքը, այլ պէտք է փորձել վերաձեւակերպել կամ վերաիմաստաւորել սփիւռքեան առկայ երանգները, մշակելու համար յարաբերութիւններու նոր եւ աւելի ներառական բանաձեւ մը, թէկուզ ամենացած մակարդակով կամ փորձարարական մասշտաբով:

Ըստ յօդուածի տրամաբանութեան, եթէ Հայաստանի ներկայի ու ապագայի որոշումները պէտք է կայացնեն միայն ՀՀ քաղաքացիները, ուրեմն Սփիւռքին վիճակուած է զբաղուիլ միայն ապաքաղաքական խնդիրներով, ինչպիսին են մշակոյթը, խոհանոցը, հերթական դրամահաւաքները, երգ ու պարը, զբօսաշրջութիւնը կամ պարբերական փոխայցելութիւնները: Այս միտքը յղի է վտանգներով որովհետեւ Սփիւռքը կը պարպէ իր քաղաքական լիցքէն, անոր կշիռը նուազեցնելով ընդամէնը մշակութային գոյացութեան կամ ամբողջութեան մը: Քոչինեանի կտրուկ ձեւակերպումներէն կը հետեւի, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կամ պէտք է բոլորովին հրաժարին Սփիւռքի հետ յարաբերելէ (չեղարկելով նաեւ պարտաւորութեան եւ իրաւունքի որեւէ փոխհասկացութիւն) կամ ապաքաղաքականացնեն Սփիւռքի որեւէ առնչութիւն Հայաստանի հետ, ինչպէս արդէն վերը նշեցի, միայն այն պատճառով որ որոշ հայեր (նոյնիսկ յստակ տուեալներ չկան) ՀՀ քաղաքացիութիւն չունին : Հետեւաբար, ժամանակն է որ փոխենք մեր հարցադրումներու եզրերը եւ փորձենք ծաւալել բանավէճի նոր որակ մը, որ լոկ իրաւական դաշտէն անդին կ՛երթայ որովհետեւ աւելի շահեկան է ճիշդ հարցադրումներու թէկուզ եւ սխալ պատասխաններ տալ քան սխալ հարցադրումներու թերի պատասխաններ մոգոնել:

Մեկնաբանել