Մանկավարժական նորարար առցանց ծրագիր՝ սփիւռքահայ ուսուցիչներու համար

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ

«Կիւլպէնկեան» hիմնարկութիւնը, գործակցաբար Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին՝ նախաձեռնած է յատուկ ծրագիրի մը, որ կը կոչուի «Մանկավարժական նորարար առցանց ծրագիր սփիւռքահայ ուսուցիչներու համար»: Ծրագիրը կը միտի Սփիւռքի զանազան գաղութներու հայ ուսուցիչները վերապատրաստելու՝ նորարարական մեթոտներով հայերէն դասաւանդելու համար:

Այս իմաստով, մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր, ամէն շաբաթ «Զում» հարթակի միջոցաւ կը միանան Սփիւռքի միօրեայ եւ ամէնօրեայ հայկական վարժարաններու հայ ուսուցիչները՝ վերապատրաստուելու համար: Ուսուցիչները կը պատրաստուին նորարարական մեթոտներուն հետ քայլ պահելով, աշակերտին փոխանցելու մայրենի լեզուն եւ զայն դարձնելու իր սեփականը ու հարազատը: Այս ամէնօրեայ մարտահրաւէր մը է, զոր Սփիւռքի մէջ ապրող եւ գործող իւրաքանչիւր հայ ուսուցիչ կը դիմագրաւէ՝ հայ մանուկին եւ պատանիին հայոց լեզուն փոխանցելու իր ջանքերուն ընթացքին:

Սփիւռք երեւոյթին ամէնէն առեղծուածային բաժինը հայկական վարժարանն է եւ, անշուշտ, անոր ողնայարը համարուող՝ հայ ուսուցիչը: Անոր կատարած աշխատանքը կոչում մըն է, որուն մասին յաճախ խօսուած է եւ երբեմն որոշ չափով՝ գնահատուած:

«Կիւլպէնկեան» hիմնարկութիւնը կը հաւատայ հայերէն դասաւանդման նորարարական մեթոտներու կիրառման եւ այդ ճամբուն վրայ այլազան ծրագիրներ կը մշակէ ու հետապնդելով՝ յաջողութեան կը հասցնէ զանոնք, մշտական ճիգերով կը վերանորոգէ եւ կը կատարելագործէ, ապա զայն կը յանձնէ Սփիւռքին, որ գրեթէ իր գոյութենէն ի վեր վայելած է «Կիւլպէնկեան»ի հովանաւորութեան ազգանուէր բարիքները:

Բոլորս ալ քաջ կը գիտակցինք, թէ մենք՝ իբրեւ Սփիւռք, մեր գոյութեան հիմնական կռուանը կը համարենք հայ վարժարանը եւ հայ ուսուցիչը: Հոն կը պատրաստուին հայ սերունդներ, հայերէն խօսող եւ մտածող անհատականութիւններ: Սփիւռքի հարիւրամեայ պատմութիւնը առանց հայ դպրոցի, հայ ուսուցիչի կարելի չէր ըլլար պահել եւ զարգացնել:

Սփիւռքի մէջ հասակ առած ըլլալու հանգամանքով, մենք յաճախած եւ թրծուած ենք հայկական վարժարաններու մէջ: Հպարտօրէն կրնանք հաստատել, թէ մենք մեր վարժարաններու մշտական նեցուկ եւ ապաւէն ճանչցած ենք «Կիւլպէնկեան» hիմնարկութիւնը: Աշակերտական յիշողութեամբ իսկ կրնանք վկայել ցուցանակներու վրայ այս հսկայ հաստատութեան անունը կարդացած ըլլալու փաստը, ապա հարցումներ ուղղած ենք այդ անունին եւ hիմնարկութեան մասին: Ապա մեր գիտակից տարիներուն ճանչցած ենք մօտէն «Կիւլպէնկեան»ի բարերարութեան սահմաններէն աւելիին հասած այս հաստատութեան ծաւալուն գործունէութիւնը:

Վերջերս, hիմնարկութիւնը, քայլ պահելով համաշխարհային նորարարական եւ թեքնաբանական ոլորտներու զարգացման հետ՝ ռազմավարական ծրագիրներու ընդարձակման նախաձեռնած, նոր թափ ու երանգ տուած է իր գործունէութեան: Անիկա իր ծրագիրներուն առանցքը սկսաւ համարել հայոց լեզուի պահպանումը եւ զարգացումը, որուն ծիրին մէջ բազմաթիւ յաջող նախաձեռնութիւններ կազմակերպեց եւ յաջողութեամբ պսակեց զանոնք:

«Կիւլպէնկեան» hիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կը հաւատայ, թէ լեզուն պահպանողը եւ փոխանցողը հայ ուսուցիչն է: Հետեւաբար, զայն պատրաստելը եւ նորութիւններով զինելը առաջնային մտահոգութիւն մը պիտի ըլլար անոր համար:

Հայ ուսուցիչներ պատրաստելու պահանջը բարձրացուեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդի կողմէ: Իբրեւ անմիջականօրէն հայ ուսուցիչի առօրեայ պահանջները սերտող ուսումնական կազմ եւ տնօրէն՝ Մարի Կիւլիւմեան կարիքը զգաց կազմակերպելու դասընթացք մը, որուն ընթացքին մասնագէտներ իրենց գիտելիքները կը փոխանցեն հայ ուսուցիչին, որպէսզի ան պատրաստուի նորարարական մեթոտներով դասաւանդելուն:

Առաջարկը եւ ծրագիրը ամբողջացնելու համար, ան «Կիւլպէնկեան» hիմնարկութեան հետ գործակցութեան եզրեր գտաւ, ապա անիկա դարձաւ իրականութիւն: Այս ծրագիրին շնորհիւ եւ համաճարակի աննպաստ, սակայն այս պարագային՝ իտէալական պայմաններու արդիւնքով, Աւստրալիայէն մինչեւ Գնաատա, Պոլիս, Լիբանան Սուրիա, Եւրոպա, Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկա ապրող 200 հայ ուսուցիչները միացած՝ ապրեցան ՀԱՅ լեզուով:

Տարբեր Ցամաքամասերու եւ օրուան տարբեր ժամերու հանդիպում մը ունենալու փաստը սկիզբը թերահաւատութեամբ կը տրամադրէր թերեւս, սակայն ծրագիրի գործադրութեան ընթացքին այդ փաստը երբեք ալ խոչընդոտ մը չեղաւ, ընդհակառակը՝ այդ մէկը դարձաւ օրուան ամէնէն շատ փնտռուած եւ պահանջուած գողտրիկ պահը մասնակցող ուսուցիչներուն համար. այս ձեւով իսկ անգամ մը եւս փաստելու համար յաճախ դասական ձեւով գործածուած «Հայ ուսուցիչի նուիրում» արտայայտութեան իրաւացիութիւնը եւ բացարձակ ճշմարտութիւնը:

Օրուան հանդիսաւոր բացումը կատարեց ծրագիրի իրագործման համաղեկավար «Կիւլպէնկեան» hիմնարկութեան հայերէնի զարցացման ծրագիրներու պատասխանատու Անի Կարմիրեան: Ան բարի գալուստով դիմաւորեց բոլոր ներկաները, յատկապէս յիշելով Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան առք. Դանիէլեանը եւ «Կիւլպէնեան»ի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը:

Առաջնորդը իր խօսքին մէջ նախ գնահատեց այս կարեւոր եւ աննախընթաց ձեռնարկը, որ իրականութիւն դարձաւ «Կիւլպէնկեան» hիմնարկութեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի հեզասահ եւ արդիւնաւէտ գործակցութեամբ: Նաեւ ան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց ծրագիրի հիմնադիրներուն եւ գործադրողներուն՝ Անի Կարմիրեանին ու Մարի Կիւլիւմեանին: Ապա առաջնորդը յաջողութիւն մաղթեց մասնակցող բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք իրենց նուիրումով կը դաստիարակեն նոր սերունդները Սփիւռքի տարածքին, տարբեր եւ այլազան դժուարութիւններու փաստին առջեւ եւ երբեմն հոսանքին հակառակ թիավարելով:

Ապա խօսք առաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան: Ան ներկայ էր թէ՛ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր կազմակերպիչներուն եւ թէ լսելու տպաւորութիւնները մասնակցողներուն, որոնք շուրջ տարիէ մը ի վեր կը հետեւին այս ծրագիրին: Ան գնահատեց ծրագիրի համաղեկավարներ Անի Կարմիրեանը եւ Մարի Կիւլիւմեանը: Դոկտ. Փանոսեան յիշեց, որ համաղեկավարներու հաշտ գործակցութեան, գիտակցութեան եւ բանիմացութեան շնորհիւ, այսօր այս ծրագիրը յաջողութեամբ կ՛աւարտի ու շահեկան արդիւնք մը կը պարգեւէ բոլոր մասնակցողներուն: Դոկտ. Փանոսեան յիշեց մանաւանդ համաղեկավարներուն նուիրումը այս ծրագիրին: Անոնք իրենց պարտականութեան սահմաններէն շատ աւելի առաջ անցնելով՝ հաշտ ու գիտակից գործակցութեան մը շնորհիւ, կրցան այս ծրագիրը իրականութիւն դարձնել: Դոկտ. Փանոսեան ըսաւ, որ Մարի Կիւլիւմեանի ներդրումը կազմակերպականէն շատ աւելին էր: Ան բովանդակութեան առումով, նաեւ ծրագիրը հարստացուցած եւ ծաղկեցուցած էր: Ան գնահատեց ծրագիրը, որուն մասնակցեցան 29 քաղաքներու 61 դպրոցներու մէջ գործող 200 հայ ուսուցիչներ: Ծրագիրը իր աւարտին հասած էր առաւել քան 132 ժամերով, որովհետեւ ուսուցիչները իրենց մտահոգութիւններուն եւ առաջարկներուն մասին խօսելու լաւագոյն հարթակը համարած էին զայն: Հաւատալով միացած, ապա օգտուելով վստահած էին ծրագիրին ու աշխատած զայն նախանձախնդրութեամբ ծաղկեցնելու:

Իր խօսքին մէջ դոկտ. Փանոսեան ըսաւ, որ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է այսօր արեւմտահայերէնը եւ այդ մարտահրաւէրներու լուծման հիմնական բանալիներէն մէկը հայ ուսուցիչն է, որուն պատրաստութեամբ մեր վարժարանները եւ աշակերտները նոր թափ եւ թռիչք պիտի ստանան:

Իր խօսքի աւարտին ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի արհեստագիտական խմբակի անդամներուն, որոնց աշխատանքը եւ կարողականութիւնը հեզասահ դարձուց ծրագիրի գործադրութիւնը ու մատչելի՝ բոլորին:

Ապա խօսքը յանձնուեցաւ բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ խօսեցան հայ լեզուի դասաւանդման նորարարական ծրագիրէն իրենց քաղած լաւագոյն պատգամներուն մասին:

Անոնք բոլորն ալ զօրացած կը զգային այս ծրագիրով, իրենց գիտելիքներով զարգացած եւ յուսադրուած՝ աշխատանքի արդիւնքին յաջողութեամբ: Անոնք, բնականաբար, գիտէին, որ զանազան խոչընդոտներու կրնան հանդիպիլ, սակայն բոլորն ալ համոզուած էին, որ հիմա ունին ուժեղ ապաւէն մը, յենարան մը, որուն կարելի է կառչիլ եւ ի հարկին՝ սեփական շունչով շարունակել նոր թափ ստանալ այդ աղբիւրէն:

Ուսուցիչները արտայայտուեցան նաեւ ծրագիրի յաջողութիւններուն մասին: Անոնք անոր գործնական արդիւնքները բաժնեցին բոլորին հետ: Այս ծրագիրի գործադրութեան շնորհիւ, լեզուն կեանքի կոչուած էր իրենց դասարաններուն մէջ: Անիկա դարձած էր աշակերտին խաղի եւ շրջափակի լեզուն, որուն կարիքը կը զգար աշակերտը եւ հետեւաբար հարազատօրէն կը գործածէր զայն:

Մասնակցող ուսուցիչները շատ խանդավառ էին, իսկ անոնցմէ ոմանք հետեւեալ ձեւով արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւնները. «Այս ծրագիրին մեծագոյն շահը եղաւ տարբեր գաղութներու հայկական վարժարաններու մէջ գործող հայ ուսուցիչներու հետ բաժնեկցիլ որոշ գաղափարներ եւ անոնց հետ նոյնանալ՝ մտահոգութիւններու եւ հարցերու ծիրին մէջ, անտեսելով աշխարհագրական տարբերութիւնները եւ հեռաւորութիւնները»: Այլ ուսուցիչ ըսաւ հետեւեալը. «Այս հարթակը դարձաւ արեւմտահայերէնի հայրենիքը, հարազատ ու ոգեշնչող բնակավայրը՝ լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող արեւմտահայերէնին»:

«Ուս հարթակը դարձաւ ամուր կռուան եւ հարազատ օճախ Սփիւռքի հայ ուսուցիչին համար, որ արդարօրէն կը համարուի հայ լեզուն պահպանող բանալի օղակներէն մէկը եւ ան համոզումով կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը», յայտնեց ուսուցիչներու այլ խմբակի մը:

Այս ծրագիրին մասնակցելով՝ ուսուցիչները նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին նորարարական մեթոտներու գործադրութեամբ հայերէնը ապրեցնելու նոր սերունդին մօտ: Միաժամանակ, մասնակցող հայ ուսուցիչները հնարաւորութիւնը ունեցան այս հարթակին միջոցաւ գործնականօրէն շփուելու տարբեր քաղաքներու մէջ ապրող, տարբեր համակարգերով գործող վարժարաններու հայ ուսուցիչներու հետ, որոնք կը բաժնեն նոյն մտահոգութիւնները եւ կը գործեն նոյնանման դժուարութիւններ յաղթահարելու նախանձախնդրութեամբ:

Այս մէկ տարուան աշխատանք էր, որուն արդիւնքները տասնեակներու խոստմնալից եւ յուսադրող փաստերով պիտի երկարին. մէկ տարուան ծրագիր մը՝ որուն մտայղացման արմատները տասնեակ տարիներէ կը սերին. մէկ տարուան հետեւողականութիւն՝ որուն նախանձախնդրութիւնը կը պատկանի ազգային բարձր գիտակցութեան. մէկ տարուան ուսուցչական վաստակ մը՝ որ տասնեակ սերունդներու հունձքի հաւատք կը ներշնչէ բոլորիս:

Անշուշտ, հարկ է յիշել, որ ծրագիրը կը շարունակուի եւ յառաջիկայ տարեշրջանին նոր նիւթերով դարձեալ կը միացնէ հայ ուսուցիչներու ազնիւ եւ ժրաջան խմբակ մը՝ նոյն հարթակով, նոյն մտահոգութիւններով եւ նոյն արդիւնքներու ակնկալիքներով:

Բարի երթ նորարարական մեթոտներով պատրաստուած մեր ուսուցիչներուն եւ նոր ծրագիրներու ներշնչման անհատնում աղբիւրներ՝ հայերէնով ապրող մեր պատուական ու գիտակից հաստատութիւններուն եւ անհատներուն:

Մեկնաբանել