Հալէպ՝ մեր նոր գիւղը․ մաս առաջին

Նոր գիւղ գրեթէ ամէն օր կ’երթամ, բայց ծայրէ ծայր վերջին անգամ մէկ ու կէս տարի առաջ քալած էի: Այդ ատեն տխուր էին Նոր գիւղցիները… Բացի սղութենէ զիրենք տխրեցուցած էր նաեւ քառասունչորս օրեայ ծանր պատերազմը, որուն զոհ գացած էին նաեւ իրենց տղոցմէ մի քանին:

Հիմա աւելի տխուր է Նոր Գիւղը, աւելի տխուր են Նոր Գիւղցիները…

Նոր Գիւղի մէջ պտոյտս կը սկսիմ թաղին Հիւսիս արեւելքէն՝ Գաբրիին քովէն: Կը յիշէ՞ք, Գաբրին հայկական ճաշարան մըն էր, ուրկէ ամէն գիշեր կը լսուէին Ճորճ Թիւթիւնճեանի ազգային եւ յեղափոխական երգերը. Ճորճ Թիւիթիւնճեանը հռչակաւոր էր, ոչ միայն Հալէպի, այլ ամբողջ սփիւռքի մէջ: Հալէպցի զբօսաշրջիկները, անոր ձայնագրութիւնները գաղտնաբար Հայաստան ալ կը տանէին, ի վայելումն եւ ի հաճոյ աղբարներու:

Գաբրիին շուրջը ինքնաշարժերու նորոգողներու արհեստանոցներ են, այս արհեստանոցները կը գրաւեն ամբողջ Նոր գիւղը, բնակելի տուներուն գրեթէ բոլոր գետնայարկերը նմանատիպ խանութներ են: Արհեստաւորները մեծ մասամբ տակաւին հայեր են, թէեւ օրէ օր նկատելի կը դառնայ այլ ազգիներու գոյութիւնը, արհեստանոցներ կը բանան նաեւ քիւրտերը, օրէ օր կ’աւելնայ ինքնաշարժի պահեստամասեր վաճառող արաբներու թիւը:

Գաբրիէն անմիջապէս ետք դէպի աջ գացող ճամբան կը տանի դէպի Ս. Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցի եւ նոյն համայնքին պատկանող Զուարթնոց միջնակարգ վարժարան: Այս ճամբուն վրայ կը գտնուի Նոր Գիւղի յայտնի փոքր ճաշարաններէն «Քաֆէ Արա»ն, ուր երեկոները, ինչպէս ամէն տեղ, զրոյցները կը շրջին մեր առօրեան յուզող խնդիրներու շուրջ, ինչպիսին է ապրուստի սղութիւնը, Նոր Գիւղի ելեկտրածին սարքերու տէրերու անմարդկայնութիւնը: Այստեղ՝ հեռուէն խրատներ եւ խորհուրդներ կը տրուին Հայաստանի ղեկավարներուն, կը մեծարուին Սուրիոյ նախագահն ու անոր ընտանիքը.

-Ելեկտրականութիւն տուողները միայն կողոպտել գիտեն, ուզածնին չափ դրամ կ’առնեն, ուզած ատեննին կը մարեն սարքերը.. մէկ ամփէրը շաբաթական 20000 (հինգ տոլար) հազար կ’արժէ… ասիկա ըլլալի՞ք է:

– Փաշինեանը… Փաշինեանին…

Նոր Գիւղի մէջ Փաշինեանին հայհոյողները աւելի շատ են քան զայն գովողները:

Ես, դէպի արեւելք քալելով կը հասնիմ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան «Գերմանիկ-Վասպուրական» ակումբ: Մարաշցիները միակն են, որ կրցան պահել իրենց 1921-ին հիմնուած հայրենակցականը որպէս գործող միութիւն, թէեւ անոնց «Մեսրոպեան» վարժարանը տագնապէն առաջ փակուեցաւ, տագնապի ընթացքին անոնց Ս. Գէորգ եկեղեցին հրոյ ճարակ դարձաւ, անոնց նորաշէն այս կեդրոնը կիսաքանդ դարձաւ, բայց անոնք գոյատեւեցին եւ այսօր ալ մարաշահայերը զգալի ներկայութիւն են հալէպահայ գաղութին մէջ: Լաւատեսութիւն կը ներշնչէ ակումբ յաճախող մանուկներուն եւ պատանիներուն թիւը, որ 50-ի կը հասնի:

«Վասպուրական»ի ներկայ շէնքը կը յիշեցնէ՞ միութեան երբեմնի երկյարկանի, բակով տունը, որ նախապէս Հայ Ազգային Ծերանոցինն էր: Մարաշցիները այդ հին խրխլած տան մէջ 10 տարի Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեան եղած են, մշակութային լայնածաւալ գործունէութիւն ունեցած են, թատերախումբ եւ սկաուտական վաշտ ունեցած են…

Վարդանանց Վանքը եւ փլատակ շէնքեր

Փա՛ռք Աստուծո՞յ, թէ՞ աւաղ փառացս անցաաւորի…

Մարաշցիներու վեց յարկանի շէնքին առաջին յարկը Միութեան կեդրոնն է, երեք յարկ վարձու տրուած գրասենեակներ են, հինգերորդ եւ վեցերորդ յարկերը միութենապատկան հասութաբեր ճաշարաններ են, մէկը՝ բացօթեայ:

«Վասպուրական»էն քսան մեթր անդին դէպի հարաւ մինչեւ Նոր Գիւղի մզկիթը կ’երկարի. համեմատաբար լայն փողոց մը՝ լեցուն նպարավաճառներու, ընդեղէններու, համեմունքներու, մսավաճառներու, բջիջային հեռախօսներ նորոգողներու խանութներով: Այս փողոցի ամենայ յայտնի նպարավաճառը Խորէնն էր՝ մեր Խորէնը, որ գիր ու գրականութիւն կը հաւաքէր, թերթերու հաւաքածուներ եպ հայերէն ձեռագիրներ ունէր. Ան շատ զգայուն դերասան էր, շատ կը սիրէր բեմը եւ յաճախ իր խանութին մէջ բեմադրիչին հետ մասնակի փորձեր կ’ընէր: Խորէնը շուտ մահացաւ, իր հաւաքած արժէքներն ալ Պոստան Փաշայի իր տան վրայ ինկած հրասանդին պատճառաւ մոխիրի վերածուեցան: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, Խորէն:

Այս փողոցը չեմ մտներ, ճամբաս կը շարունակեմ դէպի արեւելք, կը հասնիմ Յիսուսեան վարդապետներու Վարդանանց վարժարան, ուր ժամանակին կը յաճախէին Պոստան Փաշայի եւ Նոր Գիւղի մանուկները, մեծ մասամբ կաթողիկէ հայերը: 1966-էն ի վեր փակ է վարժարանը, բայց վանքը կը շարունակէր գործել մինչեւ տագնապի սկիզբը, ունէր նաեւ դպրանոց մը, ուր կը յաճախէին հայ կաթողիկէ վարդապետցու տղաք: Տագնապին սկիզբէն Վարդանանցը ենթարկուեցաւ հրասանդերու (հաուէն) տարափի, նկատի առնելով որ այն թէ՛ արեւելեան, թէ՛ հիւսիսային ռազմաճակատի վրայ կը գտնուէր:

Է՜հ, առաջ, դէպի արեւելք կ’երկարէր Հայկական Նոր Գիւղը: Շատոնց հոն հայեր չկան արդէն, տագնապէն շատ առաջ հոն հայ չէր մնացած, որուն հետեւանքով փակուած էր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կից Մարաշի Հայրենակցական Միութեան պատկանող Մեսրոպեան վարժարանը: Անկեղծ ըլլալու համար պէտք է արձանագրել, որ այդ դպրոցի փակման մէջ յանցանք ունին նաեւ մարաշցիները, որոնք իրենց զաւակները այդ դպրոց չղրկեցին ուսում ստանալու: Մարաշցիները սակայն կը պնդեն, թէ իրենք նիւթական մեծ զոհողութիւններու գնով կը շարունակէին իրենց դպրոցը բաց պահել,եթէ Ազգայինի չվերածուէր…

Իրականութիւնը այն է, որ գտնուած վայրին հեռաւորութեան պատճառաւ արդէն շատ քիչ հայ մանուկներ կը յաճախէին Մեսրոպեան վարժարան: Ս. Գէորգ եկեղեցին ալ, եթէ կը գործէր, եթէ մարդիկ կ’երթային, պատճառը այն էր, որ յառաջդիմականներու եկեղեցիի վերածուած էր եւ «յառաջդիամականներ»ը՝ ո՛չ դաշնակցականները զայն կանգուն պահելու համար, պսակ, թաղում, քառասունք հոն կ’ընէին: Ս. Գէորգը միակ եկեղեցին էր, ուր պատարագի ընթացքին կը փառաւորուէր Ամենայն հայոցի եւ ոչ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին անունը: Հիմա կիսաքանդ Ս.Գէորգ եկեղեցին կը վերանորոգուի: Չեմ գիտեր քանի՞ հայ աղօթող պիտի ունենայ: Այս հարցումը միտքէս անցընելն իսկ կրնայ մեղք կամ ոճիր համարուիլ, չէ՞ որ եկեղեցին սրբութիւն է… իսկ անոր շուրջ որեւէ հարցադրում՝ սրբապղծութիւն:

Վայրկեան մը հոս կը կենամ: Այստեղ շատ յստակ նկատելի են տագնապի հետքերը. Սուրիոյ տագնապ-պատերազմ-ճգնաժամի ընթացքին քանդուած շէնքերը տակաւին աւերակ վիճակի մէջ են: Կը շրջիմ դէպի հիւսիս, քանի մը մեթր անդին տասնամեակներ առաջ կար Սահակին սրճարանը՝ կուսակցական յայտնի կեդրոնը: Աւելի ուշ հոս կար Կիլիկիա ճաշարանը, ուր անցեալ դարու իննսունականներուն՝ Հայաստանի անլոյս, անհաց տարիներուն կը նուագէր Կարօ Հայրապետեանը: Այդ մութ տարիներուն մեծ թիւով հայ արուեստագէտներ սփիւռքի մէջ, քիչ մը ամէն տեղ, (եւ միշտ չէ որ իրենց վայել) աշխատանք կը գտնէին:

Կարոն ուրիշ էր, յաճախ, երեկոյեան, գործէն առաջ կու գար Զաւարեան սրահ, կը դիտէր թատերական փորձերը, քանի մը անուշ խօսք կը փոխանակէր, յետոյ կ’երթար իր ջութակի նուագով կախարդելու հալէպահայերը, որոնց շարքին, երբեմն, «Զաւարեան»ի փորձէն յոգնած դերասանները:

Լա՜ւ, օրեր էին, Հալէպահայերը, այդ օրերուն կ’աշխատէին, կը շահէին, իրենց շահածէն անպայման բաժին կը հանէին Ղարաբաղեան ազատագրական պայքարին, որ իրենց իրենց կեանքէն անբաժան մասնիկի մը վերածուած էր, էական մասնիկի:

Շարունակելի…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 16 Օգոստոս 2022

Մեկնաբանել