Հայաստան հաստատուած հալէպահայերը առանձին հաւաքատեղի չունին Երեւանի մէջ, ուր կրնան ստեղծել իրենց մշակութային առօրեան։ Այդ իսկ պատճառով ցարդ կարելի չէ եղած Երեւանի մէջ Հալէպի Պետրոս Ադամեան թատերախումբի գործունէութիւն կազմակերպել։ Այս մասին Սիվիլնեթի «Հայասք» ծրագրէն Աբօ Պողիկեանին հետ զրուցեց հրապարակագիր, բեմադրիչ, մանկավարժ Յակոբ Միքայէլեան։
Պետական համապատասխան կառոյցները արեւմտահայերէն թատրոն ստեղծելու ուղղութեամբ հետեւողական չեն ու շօշափելի աջակցութիւն ցոյց չեն տուած ու ցոյց չեն տար, կ՝ըսէ ութ տարի առաջ Հայաստան փոխադրուած վաստակաւոր գործիչը։ Միքայէլեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման դժուարութիւններուն։