Հալէպ՝ մեր նոր գիւղը․ մաս երկրորդ

Վարդանանց Դպրոցէն դէպի հիւսիս գացող ճամբան կը տանի Պոստան Փաշա, երբեմնի հարիւր տոկոսանոց հայկական այդ թաղամասը շատոնց պարպուած է հայերէ եւ փոխարինուած քիւրտերով: Հարստացող հայերը տասնամեակներ առաջ լքած են իրենց հայրերուն ձեռքերով կառուցուած տուները եւ փոխադրուած Ազիզիէ կամ նորակառոյց Վիլլաներ թաղամաս:

Դէպի հարաւ երկարող հայկակական «սահմանային» այս փողոցը կը կոչուի Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի փողոց: Զարեհ Ա. երկար ատեն եղած է Հալէպի (Բերիոյ) հայոց առաջնորդ, ի՛նք, այս շրջանի Ազգային դպրոցը կոչած է Քարէն Եփփէ մեծ հայասէրի անունով, չէ՞ որ դպրոցին շէնքը բարձրացած է բարերարին նուիրած հողաշերտին վրայ, այդտեղ, նախապէս, Քարէն Եփփէի շնորհիւ հայ որբուհիները արհեստներ սորված են, գորքեր բանած են, արտասահման վաճառուած այդ գորքերու ձեռավարձով արժանավայել կեանք ապրած են, չեն մուրացած: Նոր Գիւղի հայը երբեք մուրացկան չէ եղած, երբե՛ք: Նոյնիսկ այս օրերուն՝ համատարած աղքատութեան այս օրերուն, Նոր Գիւղցի արհեստաւորը կը փորձէ իր ճակտի քրտինքով իր ապրուստը հոգալ: Ճի՛շդ է, կիրակի օրերը առաջուայ նման հայոց պատշգամներէն ծուխ չի տարածուիր, ամբողջ Նոր Գիւղը խորովածի ախորժաբեր հոտերով չի բուրեր, ճի՛շդ է, Նոր Գիւղցի հայը, ինչպէս հալէպցիներու մեծամասնութիւնը, անօթի ալ կը մնայ, կը պահպանէ իր արժանապատուութիւնը, թէեւ ինչպէս բոլոր հալէպահայերը, ինչպէս բոլո՛ր Հալէպցիները, Նոր Գիւղցին ալ ստիպուած կ’ըլլայ օգնութիւն եւ նպաստ խնդրել զանազան կազմակերպութիւններէ:

Զարեհ Ա.ի փողոց

Կը քալեմ Զարեհ առաջինի փողոցով: այստեղ հայկական շատ հաստատութիւններ կան, ահա՛, այս փողոցին մէջ կը գործէ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը (Ս.Օ.Խ.) որ ունի մի քանի մասնաճիւղեր, արհեստանոց, դարմանատուն, պատուէրով ճաշերով պատրաստելու բաժին: Այս ամէնը գործ չե՞ն հայթայթեր, մանաւանդ հայ կանանց եւ աղջիկներուն:

Յաջորդ փողոցին մէջ կայ «Զաւարեան» նախկին դպրոցին շէնքը: Այս դպրոցը, հիմնուած է Րամատանիէ հիւղաւանին մէջ, 1925-ին: 1932-ին փոխադրուած է Նոր Գիւղ, 1936-ին, կոչուած է Զաւարեան եւ դպրոցին կից գործած է 1936-ին հիմնուած համանուն թատերախումբը, որ իր ուրոյն տեղը ունեցած է Հալէպահայ թատերական կեանքին մէջ, շնորհիւ իր տաղանդաւոր եւ նուիրեալ կազմին: Թատերախումբը նիւթապէս անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է դպրոցին: Ցաւոք այս թաերախումբը դեռ տագնապէն առաջ միացած է Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին կազմելով Համազգայինի Թատերական միաւոր: Պէտք է յուսալ, որ վերջին տարիներուն անկում ապրող միացեալ թատերախախումբը կը վերակենդանանայ:1939-էն ի վեր վարժարանին մէջ գործած է «Զաւարեան» հանրային գրադարանը: 2014-ին ապահովական պատճառներով Ազգային չորս վարժարաններ միացած են եւ տեղաւորուած Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքին մէջ: Ներկայիս այս շէնքը «Համազգային»ին կը պատկանի եւ դարձած է մշակութային կեդրոն, հոն հաստատուած է նաեւ Միութեան Հայագիտական հիմնարկը: Վերակազմաւորման ընթացքի մէջ է նաեւ «Զաւարեան» գրադարանը որուն գիրքերը երկար տասնամեակներ ընթերցուած են Նոր Գիւղցիներուն կողմէ, եւ որուն գիրքերը Քրիստսափոր գրադարան չտեղափոխուելու համար, ժամանակին, Նոր Գիւղի առասպելական անձնաւորութիւններէն Այնթէպցի Լանղըր Եախուպ թրքերէն լեզուով կուրծք ծեծած եւ կռուած է պատասխանատուներուն հետ, որպէսզի այս շրջանի բնակիչները հայերէն կարդան:

Զաւարեան Վարժարան

«Զարեհ Ա. Կաթողիկոս»ի փողոցին կեդրոնը իրաւացիօրէն նուաճաճ հպարտութեամբ կը բարձրանայ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի շէնքը, որուն մասին յաճախ անդրադարձած եմ: Անոր կից կը գտնուի Տիգրանեան պարտէզը, հալէպահայութեան նախընտրած ճաշարաններէն մին, ուր կարելի է համեղ ընթրիքի հետ հաճելի ժամեր անցընել, հայկական երաժշտութեան հնչիւններու ներքոյ: Նշելի է, որ Հալէպի մէջ ճաշարանները միշտ լեցուն են, այնպէս որ ձեւով մը կը ծածկեն քաղաքին աղքատութիւնը:

Յաջորդ շէնքը, ի պատիւ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեանի անուանուած, Ազգային Սահակեան վարժարանի շէնքն է: 1927 թուականէն ի վեր գործած այս դպրոցը մէկն է 2014-ին կազմուած Ազգային Միացեալ Վարժարանին: Կ’ըսուի, թէ Միացեալ Վարժարանը շուտով այս շէնք պիտի փոխադրուի… բարին թող կատարուի:

Վարժարանին կից կայ Նոր Գիւղցիներու պաշտելի եկեղեցին, 1933-ին Բաբկէն Ա. Կիւլէսէրեանի ձեռամբ օծուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը: Այս եկեղեցին ալ, տագնապի օրերուն, կողքի դպրոցներուն նման ենթարկուած էր ռմբակոծման եւ մեծապէս վնասուած: Այժմ վերանորոգուած է:

Եկեղեցւոյ կից կայ 1919-ին հիմնադրուած Ազգային Պատսպարանը: Աւելի քան դար մը ամբողջ այս տաքուկ երդիքին տակ, մեր որբուկները արժանացած են ամբողջ գաղութի մշտական գուրգուրանքին: Ներկայիս հոն մշտական ապաստան գտած են 8 պարմանուհիներ: Ասոնցմէ բացի, պատսպարանը ամէն օր կ’ընդունի 21 պատանիներ եւս, որոնք հոս կու գան ճաշելու եւ յատուկ ուսուցիչներու օգնութեամբ իրենց դասերը պատրաստելու, ապա երեկոյեան կը վերադառնան իրենց տուները:

Սահակեան Վարժարան , Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Ազգային Պատսպարան

Եկեղեցւոյ եւ պատսպարանին դիմաց կը գտնուի հսկայական «Կիլիկիա» հայկական շէնքը, որուն ներքեւի յարկը կը գործէ Ազգային Առաջնորդարանին պատկանող տպարան «Արեւելք»ը:

Կիլիկիա հայկական բազմայարկ շէնքը

Ճամբաս կը շարունակեմ եւ կը հասնիմ 1923-ին հիմնուած Հայ Ծերանոց: Խորունկ «օ՜ֆ» մը կը քաշեմ: Այս տագնապին որքա՜ն ծերունիներ առանձին մնացին՝ իրենց սիրասուն զաւակներուն գաղթելուն պատճառաւ…

Նախապէս այս շէնքը Կիւլպէնկեան ծննդատունն էր, որ յետոյ վերածուած էր հիւանդանոցի: Տագնապի տարիներուն Պոստան Փաշայի մէջ գտնուոծ ծերանոցը գրաւուեցաւ զինեալ ընդդիմադիրներու կողմէ, քարուքանդ եղաւ: Մեր ծերունիները ժամանակաւոր ապաստարան գտան այս շէնքին մէջ, որ դադրած էր որպէս հիւանդանոց գործելէ: Հիմա այդ շէնքին ամերիկաբնակ տէրերը կը պահանջեն պատասխանատուներէն պարպել շէնքը… ուր ներկայիս կ’ապաստանին 13 ծերունիներ: Ծերանոցը ունի իրեն յատուկ տնօրէնը, բժիշկները եւ մաքրութեան ու ճաշի պատասխանատու պաշտօնեաներ: Կայ նաեւ երեք հայ համայնքներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած 11 հոգիանոց խնամակալութիւն մը, ինչպէս նաեւ Տիկնանց օժանդակ մարմին մը: Ծերանոցը կը վայելէ ներկայի եւ նախկին ամբողջ հալէպահայութեան հոգատարութիւնը, սակայն մշտապէս կարիք ունի նիւթական օգնութեան.. կը վերադառնա՞ն երանելի այն օրերը, երբ մարդիկ կը հերթագրուէին մեր պապիկ-մամիկներուն օրուան ճաշը հիւրասիրելու, ոչխար նուիրելու, հաւատացէ՛ք, տարուան բոլոր օրերը գրաւուած էին ճաշի հիւրասիրութեամբ… երանելի, անվերադառնալի օրեր…

Ծերանոցէն կը թեքուիմ դէպի արեւմուտք, խճողուած զարիվար մըն է, ուր հայեր քիչ կը բնակին, կը հասնիմ Նոր Գիւղի մզկիթին հրապարակը, որ Հալէպի ամենաբանուկ վայրերէն մէկն է, ուր 10 օր առաջ 17 տարեկան պատանի մը ձեռնառումբ մը նետած էր: երկու ժամ տեւող ոստիկանական հետապնդումը աւարտած էր պատանիին մահուամբ՝ ձեռքը գտնուող այլ ռումբի մը պայթիւնին հետեւանքով՝

Վիրաւորուած էին սեղանիկի մը վրայ սիկարէթ ծախող անչափ բարեհամբոյր պատանի Սագոն եւ իր հայրը: Ձեռքէն եւ ոտքէն վիրաւոր հայրը իր սեղանիկին քովն էր, կը մօտենամ, սիկարէթ կը գնեմ եւ կը հարցնեմ որպիսութիւնը: Աստուծոյ փառք կու տար…

-Կը ճանչնայի՞ր ռումբ նետողը,- կը հարցնեմ:

-Չէ, երբեմն մեզմէ սիկարէթ կը գնէր, այդ օր խմած էր:

Նուր գիւղցիները կկը դժգոհին որ իրենց շրջանին մէջ շատ են յարբեցողները եւ թմրադեղ օգտագործողները- շատ են նաեւ կռուըտուքները: Ասոր մէջ մեծ դեր ունին ելեկտրածին շարժիչներու տէրերը, որոնք անբարեխիղճ վերաբերմունք մը ունին բնակչութեան հանդէպ, յաճախ կը կանգնեցնեն շարժիչները պատրուակելով անոնց անսարք վիճակի մէջ իյնալը, ահռելի գումարներ կը գանձեն, թմրադեղեր կը տարածեն… եւայլն, եւայլն…

Մզկիթէն դէպի հարաւ արդէն ուրիշ թաղամաս կ’ուղղուինք, իսկ դէպի հիւսիս 1965-ին հիմնուած Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին է եւ անոր կից Զուարթնոց միջնակարգ վարժարանը: Դէպի հոն քալած ատեն մօտիկ ծանօթի մը հանդիպելով կանգ կ’առնեմ «Էլ Ուահտէ Էլ Ուաթանիէ»՝ «Արաբական Միութիւն» փուռին առջեւ, որուն սեփականատիրոջ Մուհամմէտի մեծ հայրը այս փուռը գնած է 1958ին. այն նախապէս կոչուած է Պարսումեան փուռ: Մուհամմէտը հայ ճաճախորդ շատ ունի, անոր երկրէն գաղթած հայ բարեկամները յաճախ կը հեռաձայնեն իրեն.

-Անցեալ շաբթուան ռումբի պայթիւնին օրը հարիւրէ աւելի հայ բարեկամներ հեռաձայնեցին՝ Գանատայէն, Հոլանտայէն, Աւստրալիայէն, Հայաստանէն, աշխարհի ամէն կողմերէն,- հպարտութեամբ կ’ըսէ Մուհամմէտ:

Հետս կանգնած ծանօթս, կ’ըսէ.- Նոր Գիւղցի հայը այդպէս է, բարեկամութիւնը չի՛ մոռնար:

Մուհամմէտ, կ’աւելցնէ.- Է՜հ, Նոր Գիւղցի հայը աշխատասէր է, ընկերասէր, ծառայասէր, հիւրընկալ, պարզամիտ, սրտբաց…

Աւելցնելիք չի մնար ինծի. Միայն ըսեմ, ճիշդ է, որ արդէն ամբողջութեամբ հայկական չէ Նոր գիւղը, բայց կը մնայ հալէպահայութեան բաբախող սիրտը:

«Հալէպ՝ մեր նոր գիւղը» հոդվածի առաջին մասը կարող եք կարդալ այստեղ։

Մեկնաբանել