Կիսատ-պռատ բարեգործութիւններ

Հասարակական ցանցերու հետեւողները կրնան վկայել, որ հարիւրաւոր բարեգործական կազմակերպութիւններ, կամ բարեսիրտ մարդիկ (այս պարագային կրնանք հանգիստ ըսել՝ հազարաւորներ) Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին օգնութեան ձեռք կ՝երկարեն կարիքաւորներու, կը նորոգեն տուներ, կարեւոր հաստատութիւններ, կրթական օճախներ։

Այս կազմակերպութիւններու, մանաւանդ բարեգործ անձնաւորութիւններու բաշխած նպաստներու, կատարած աշխատանքներու ցանկագրում, համադրում, համակարգում չկայ եւ անոնց արդիւնաւէտութեան մասին պատկերացում կազմելու տուեալներ կարելի չէ գտնել։

Մեր մտահոգութիւնը խաչաձեւումներու, նոյն նպատակներուն իրարմէ անտեղեակ անհատներու կամ կազմակերպութիւններու յատկացումներու կեդրոնացումն ալ չէ, այլ պարզապէս առաջադրուած խնդիրներու լուծման հետեւողականութիւնն է։

Օրինակ, կարիքաւոր, բազմազաւակ ընտանիք մը պահ մը հանրային ուշադրութեան կ՝արժանանայ եւ բարի կամքի տէր մարդիկ կամ կազմակերպութիւններ ձեռք կ՝երկարեն ու դրամական աջակցութիւն կը հասցնեն անոր։

Շատ լաւ, խնդիրը ինչ որ պահի համար լուծուեցաւ։ Բայց յետոյ, երբ այդ ուշադրութիւնը արդէն չկայ, այդ բազմազաւակ ընտանիքի գոյատեւման հարցը, ընկերային, հոգեբանական բարդութիւնները դիմագրաւելու պարտաւորութիւնը ով պիտի ստանձնէ։ Պատասխանը անշուշտ պիտի ըլլայ՝ պետութիւնը, անոր համապատասխան կառոյցները, որոնք նաեւ պէտք է մատուցեն անհրաժեշտ հոգեբանական, ընկերային խորհրդատուութիւնը։ Եթէ այդպէս է, ուրեմն առաջին օգնութիւնը հասցնելու պատասխանատուութիւնն ալ պէտք է պետական կառոյցներուն վստահուէր, ու ոչ մէկ անհատական կամ բարեսիրական կազմակերպութիւն պէտք չէր աջակցութիւն շնորհէր այդ ընտանիքին։

Բայց բնական մղումով, անհատներ եւ կազմակերպութիւններ կը հասնին այդ ընտանիքին եւ կը հոգան անոր անմիջական կարիքները, սնունդ, հագուստ, նոյնիսկ բնակարան կամ բնակարանի վարձք տրամադրելով։ Հրաշալի է այս վերաբերմունքը եւ արժանի մեր բոլորին գնահատանքին։

Բայց եւ այնպէս այս գործը կիսատ թողելը, այդ ընտանիքի հետագայ ճակատագրով չհետաքրքրուիլը անիմաստ կը դարձնէ կատարուած ներդրումը, օգնութիւնը։ Եթէ ընտանիքի գլուխը կանգնած ծնողները անկար են, աւելի եւս կարեւոր կը դառնայ հոգատարութեան շրջանը երկարաձգել, երեխաներու բազմապիսի կարիքները ապահովել, զանոնք առնուազն հասցնելով այնպիսի տարիքի մը, երբ արդէն իրենք կրնան իրենց եւ ընտանիքին տէր կանգնիլ։

Բարեգործութիւնը ազնուական յատկանիշի արդիւնք է։ Բարեգործները իւրայատուկ դաս են, որոնք իրենց արարքէն կը ստանան հոգեկան գոհունակութիւն, կ՝իմաստաւորեն իրենց կեանքը։ Նոյնիսկ եթէ կան մարդիկ որոնք կը մղուին ցուցամոլական հաշիւներով, անոնց պատճառած բարիքը կարելի չէ թերագնահատել։

Բայց եւ այնպէս բարեգործութեան ոլորտը աւելի համակարգուած ու համադրուած դարձնելու պարտաւորութիւնը պէտք է իրականացուի պետական կամ մասնաւոր կառոյցի մը կողմէ, որ կրնայ նաեւ բարոյական իրաւունքը շահի ուղղորդելու կազմակերպութիւններն ու բարեգործ մարդիկը դէպի առաջնահերթ խնդիրներ, միեւնոյն ատեն ապահովելով աջակցութեանց շարունակականութիւնը։

Մենք այսօր, օրինակ, գիտե՞նք, կամ որեւէ կառոյց գիտէ՞ քանի կազմակերպութիւն կայ, որ կը զբաղուի գիւղերով, դպրոցներ նորոգելով, կրթութեան ոլորտի բարելաւումով, ընտանիքներու նպաստ բաշխելով, հիմնական, ենթակառուցային ծրագիրներ իրականացնելով։

Չեմ կարծեր։ Իսկ եթէ չենք գիտեր, ուրեմն ծրագիրները կիսատ-պռատ կը մնան, խաչաձեւումներ կ՝ըլլան, միջոցներ կը մսխուին, կէս ճանապարհին կը կանգնին, չեն զարգանար։

Մեկնաբանել