Փառատօններու չեղարկումը սովորական երեւոյթ

Agos

Հետզհետէ մտա­հոգիչ դար­ձած են գա­ւառա­պետ­նե­րու կա­մայա­կան որո­շումնե­րով փա­ռատօն­նե­րու կամ հա­մերգնե­րու ար­գի­լուե­լու երե­ւոյթնե­րը։ Այս տե­սակի վեր­ջին օրի­նակը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պա­լըքէ­սիրի Պուրհա­նիէ գա­ւառին մէջ, ուր գա­ւառա­պետը գոր­ծադրու­մէն քա­նի մը օրեր առաջ յայ­տա­րարեց մօ­տալուտ փա­ռատօ­նի չե­ղարկման լու­րը։

Գա­ւառա­պետը նաեւ ներ­կա­յացուց այս որո­շու­մին տե­ղի տո­ւող պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րը, որոնք իս­կա­պէս ծի­ծաղա­շարժ էին։ Սա­կայն ծի­ծաղա­շարժ ըլ­լա­լու կող­քին կը պար­զէին նաեւ երկրէ ներս տի­րող մտայ­նութեան հաս­կա­ցողու­թիւննե­րու միտ­քը։ Գա­ւառա­պետը կը նշէր թէ նման որո­շու­մի մը յան­գած է նկա­տի ու­նե­նալով իրեն հա­սած բո­ղոք­նե­րը։ Իսկ ին­չե՞ր էին այդ բո­ղոք­նե­րը եւ ո՞ր աղ­բիւրննե­րէն եկած էին՝այս հար­ցումին պա­տաս­խա­նը ար­դէն բա­ցայայտ կը դարձնէր կա­տարո­ւածը։ Պուրհա­նիէի մէջ Իս­մա­յիլ Աղա աղան­դի ան­դամներ եւ «Գի­տու­թիւնը Տա­րածե­լու Միու­թիւն»ը աղեր­սագրով մը դի­մած էր գա­ւառա­պետին, պնդե­լով թէ նա­խատե­սուած ռաք փա­ռատօ­նի մէջ երի­տասարդներ ալ­քո­լային խմիչքներ պի­տի օգ­տա­գոր­ծեն եւ անոնց ազ­դե­ցու­թեան տակ ալ պի­տի կա­յանան ան­կարգու­թեան դէպ­քեր, որոնք բա­ցար­ձա­կապէս ցան­կա­լի չեն մահ­մետական հա­սարա­կու­թեան հա­մար։

2002 թո­ւակա­նին Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան ընտրու­թիւննե­րէն յաղ­թա­նակով դուրս գա­լէ ետք շա­տերու մտա­վախու­թիւնն էր մարդկանց կեն­ցա­ղին մի­ջամ­տե­լու վար­կա­ծը։ Այս մա­սին նա­խագահ Էր­տո­ղան, որ այդ տա­րինե­րուն տա­կաւին վար­չա­պետ էր ամէն առի­թով կը յի­շեց­նէր թէ եր­բեք նպա­տակ պի­տի չու­նե­նան մարդկանց ան­հա­տական նա­խասի­րու­թիւննե­րուն մի­ջամ­տե­լու։

Սա­կայն դէպ­քե­րու զար­գա­ցու­մը ապա­ցոյց մը եղաւ հաս­տա­տելու թէ խիստ տե­ղին էին այդ մտա­հոգու­թիւննե­րը եւ Էր­տո­ղան իշ­խա­նու­թեան գա­լով պի­տի փոր­ձէր քայլ առ քայլ կեր­տել իս­լա­մական հան­րա­պետու­թիւն մը, որ ան­խուսա­փելիօրէն պի­տի մի­ջամ­տէր հա­սարա­կու­թեան ապ­րե­լաոճին։

Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի փա­ռատօնն ալ ջնջո­ւած

Փա­ռատօն­նե­րու դէմ ար­գելքնե­րու հո­սան­քը կը շա­րու­նա­կուի հա­մատա­րած կեր­պով։ Աւան­դա­բար Օգոս­տոս ամ­սո­ւայ մէջ յոյն ուղղա­փառ հա­մայնքը կ՚ապ­րէր եր­կու տօ­նական մի­ջոցա­ռում։ Անոնցմէ առա­ջինն էր Տրա­պիզոն, Ժայ­ռա­փոր Սիւ­մե­լա Վան­քի ուխտագ­նա­ցու­թիւնը։ Այս առ­թիւ յատ­կա­պէս Ուքրաինա, Վրաս­տան եւ Յու­նաստա­նէն մեծ թի­ւով ուխտա­ւոր­ներ կը ժա­մանէին Ուղղա­փառ Եկե­ղեց­ւոյ այս եզա­կի մի­ջոցառ­ման ներ­կայ գտնո­ւելու հա­մար։

Այս տա­րի իշ­խա­նու­թիւննե­րը սահ­մա­նափա­կած են այս պատ­մա­կան եկե­ղեցի այ­ցե­լել փա­փաքող ուխտա­ւոր­նե­րու թի­ւը։ Թոյլ տրո­ւած է միայն 100 ուխտա­ւոր­նե­րու մաս­նակցու­թիւնը կա­տարո­ւելիք արա­րողու­թեան։ Նման որո­շում մըն ալ եկած է Իմ­րոզ Կղզիէն։

Յոյն ժո­ղովուրդի պատ­մութեան մէջ շատ դառն յի­շատակ­նե­րով լե­ցուն այս կղզին հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թեան տա­րինե­րուն ամ­բողջու­թեամբ յոյ­նե­րով բնա­կեցո­ւած էր։ Յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն պե­տու­թեան վա­րած քա­ղաքա­կանու­թիւնով կղզին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թացքին կորսնցուց իր հա­րազատ ժո­ղովուրդը իր տե­ղը զի­ջելով Թուրքիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րէն յատ­կա­պէս Սեւ Ծո­վի շրջա­նէն ներ­գաղթած մահ­մետական­նե­րու։

Վեր­ջին տա­րինե­րուն երկրի ժո­ղովրդա­վարաց­ման գոր­ծընթա­ցի զու­գա­հեռ Իմ­րո­զի մէջ վե­րաբա­ցուած էր յու­նա­կան նա­խակրթա­րան մը եւ վե­րահաս­տա­տուած էր հին աւան­դութիւն մը՝ Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի տօ­նախմբու­թիւնը։ Օգոս­տոս ամ­սո­ւայ ըն­թացքին կա­տարո­ւող այս տօ­նախմբու­թիւնն ալ այս տա­րի չի­րակա­նանար Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի գրա­սենեակին ուղար­կո­ւած բո­ղոքի նա­մակ­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ։

Յայտնիէ թէ մահ­մետական կրօ­նամոլ շրջա­նակ­ներ փոր­ձած են այս եղա­նակով ար­դիւնք քա­ղելու մի­ջոցը եւ զրպար­տութիւննե­րով կը փոր­ձեն ար­գելք հան­դի­սանալ բո­լոր այն մի­ջոցա­ռումնե­րուն, որոնք իրենց կամ­քով չեն։

Մեկնաբանել