Արեւմտահայերէնը շատ արիւն կորսնցուց, անհրաժեշտ է որ թթուածին ներարկենք անոր․ Շառոյեան

Լեւոն Շառոյեան

Լեւոն Շառոյեան իրաւմամբ համայն հայաշխարհի տարողութեամբ արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայ գրականութեան լաւագոյն մասնագէտներէն է: Շառոյեանի գրականագիտական գործերէն են. «Դեգերումներ Հայ Գիրի եւ Պատմութեան Գետեզրին» հսկայածաւալ երեք հատորները, որոնք լոյս տեսած են Սուրիոյ տագնապի տարիներուն, Հալէպի մէջ: Ուղղագրական կանոններու, բառագիտութեան եւ կէտադրութեան մասին իր «Գրականաշունչ Պտոյտ՝ Այբուբենի Տառերուն հետ» գիրքը, արժանի է հայերէնի ուսուցչին եւ ուսանողին բարձի գիրքը ըլլալու: Ունի նաեւ այլ մենագրութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ: Հալէպ ապրող Շառոյեան տեղւոյն Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս է, Հ.Բ.Ը.Միութեան Լ.Ն.-Գ. Կ. Կեդրոնական Վարժարանի հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ, այցելու դասախօս է նաեւ Անթիլիասի դպրեւանքին: Այս հարցազրոյցին ընդմէջէն ան կ’արծարծէ շատ հետաքրքրական եւ շահեկան գաղափարներ:

Սիվիլնէթ– Պարոն Շառոյեան, դուք տագնապի այս տարիներուն ապրեցաք, գործեցիք Հալէպի մէջ՝մօտէն առընչուելով հալէպահայոց կեանքին հետ. ամէն օր ականատես եղաք տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն: Ո՞ւր էր գաղութը, ո՞ւր հասաւ, ո՞ւր կերթանք:

Լեւոն Շառոյեան-Սուրիոյ տագնապը, որ սկսաւ 2011-ին՝ «Արաբական գարուն»-ին զուգահեռ, երկրին մէկ ծայրէն միւսը ստեղծեց անհակակշռելի քաոս մը, իսկ հայկական դիտանկիւնէ՝ շատ ծանր ու անդարմանելի հարուած մը հասցուց սուրիահայոց ազգային ու անհատական բարգաւաճ կեանքին, տակնուվրայ ընելով այնքա՜ն զոհողութիւններով կառուցուած մեր ընտանեկան ու համայնքային կարգուսարքը։

Դաժան եղաւ մա՛նաւանդ 2012-2016 երկարող հնգամեակը։ Մարդիկ ապրեցան սարսափի մթնոլորտի մը մէջ։ Ամէն օր զոհեր կը յուղարկաւորէինք. մահը իր սեւ շուքը կը պտտցնէր մեր ծոծրակին վերեւ, գիշեր-ցերեկ։

Այս շրջանին է ահա, որ հալէպահայութեան 65-70 առ հարիւրը գաղթի դիմեց (ժամանակաւոր կերպով՝ Լիբանան, իբրեւ վերջնական կայք՝ Հայաստան, Եւրոպա, Գանատա, Աւստրալիա), նախ փրկելու համար իր սեփական մորթը, ապա այն հաստատ համոզումը գոյացնելով՝ թէ «Արեւելքի այս երկիրներուն մէջ մեզի հաց չկայ», կամ՝ «այս երկիրները այլեւս բնաւ պիտի չկարենան շտկել իրենց մէջքը»։ Այս համոզումը առկայ է առ այսօր։ Գիտէք. հայուն աչքը, դժբախտաբար, մի՛շտ դէպի Արեւմուտք է։ Եւ Սուրիոյ դէպքերը պատեհ առիթ եղան շատ-շատերու՝ բաց դռներ որոնելու արեւմտեան կողմն աշխարհի…։ Շուէտի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի կամ Գանատայի օտարոտի քաղաքներուն մէջ դժուարութիւններու չհանդեպեցա՞ն ‏(կամ դեռ պիտի չհանդիպի՞ն) մեր նորեկ գաղթականները։ Անշո՛ւշտ հանդիպեցան, դեռ ալ պիտի հանդիպին ինչ-ինչ փորձութիւններու։ Բայց մերինները այդ դժուարութեանց մասին ընդհանրապէս չեն փափաքիր խօսիլ։ Կը համակերպին շուտով, որովհետեւ Արեւմուտքը կը գրաւէ, կը հրապուրէ զիրենք, աւելի քան՝ Անկախ Հայաստանը, որու անունով երդում կ՛ընէին երբ պատանի էին…։

Աւելի ուշ, թագավարակի օրերուն, վրայ հասաւ տնտեսական շատ սուր տագնապ մը, որ յատկանշուեցաւ դրամի շարունակական աներեւակայելի արժէզրկումներով եւ գիներու աստղաբաշխական մագլցումներով…։ Այս երկրորդ տեսակի տագնապը տակաւին չէ գտած իր վերջակէտը։

Անբաղձալի այս պայմաններուն մէջ՝ քիչեր կառչեցան Հալէպին (մէկը՝ ես ու ընտանիքս)։ Հոգեկան այն զօրաւոր ու անբացատրելի կապը, որ երկաթեայ շղթայով մը ագուցած էր զիս Ծառուկեանի այս «երազային» քաղաքին, չարտօնեց որ հեռանամ հոսկէ։ Մնացինք՝ տոկալով բազմապիսի դժուարութիւններու, մերթ տրտնջալով, մերթ յարմարելով ստեղծուած իրավիճակներուն, մերթ զրկելով մենք մեզ կենցաղային բազմաթիւ պահանջքներէ, մերթ ալ յոյսեր փայփայելով ապագայ բարեփոխումներու նկատմամբ, մտածելով թէ «վաղը լաւ կը լինի»…։ Սպասումի մէջ ենք առ այսօր, քանի որ չենք ուզեր թաղել Յոյսը…։

Եթէ պիտի ամփոփենք պատերազմին հայկական հաշուեկշիռը, ըսենք.

– Նախ, ունեցանք թուային մեծ կորուստ։ կորսնցուցինք մեր պատուական գաղութին կէսէն աւելին։ Ամայացան մեր երբեմնի հայահոծ թաղամասերը։ Նոր Գիւղը, որ փոքրիկ Հայաստան մըն էր, աւերուեցաւ գրեթէ ամբողջովին։ Հայ արհեստաւորութիւնը չքացաւ հոնկէ։ Թաղամասը ենթարկուեցաւ թալանի ու կողոպուտի՝ ծանօթ ու անծանօթ աւազակներու կողմէ։

– Մտաւորականութիւնն ու ուսեալ դասակարգը գաղթեց անվերադարձ։ Բարեբախտութիւն է անշուշտ, որ անոնցմէ ոմանք Հայաստան հաստատուեցան։

– Մեծապէս տուժեցին մեր դպրոցները։ Ոմանք վերջնապէս փակուեցան, իսկ կանգուն մնացողները կորսնցուցին իրենց հայեցի դիմագծութիւնը՝ օտարախօս աշակերտներու ներգրաւումով…։ Այսօր, ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, Հալէպէն մինչեւ Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ ու Գամիշլի, իրենց դռները դեռ բաց կը պահեն քսանի չափ հայկական վարժարաններ, սակայն ասոնցմէ հազիւ 2-3 հատը կրցած են պահել իրենց զուտ հայկական դիմագիծն ու ներքին հայաշունչ մթնոլորտը։ Երեւոյթը լախտի հարուած մըն է հայապահպանումի մեր աւանդական սկզբունքին ու ճիգերուն հանդէպ։

– Գործունէութեան համեստ դաշտ կամ սակաւ անդամագրութիւն ունեցող հայկական միութիւնները չքացան հրապարակէն, ինչպէս՝ հայրենակցական միութիւնները եւ ուրիշներ։ Զօրեղները, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Համազգայինի կամ ՍՕԽ-ի նման, ըստ առաջնոյն կը շարունակեն իրենց տարաբնոյթ աշխատանքները, գնահատելի աշխուժութեամբ։

– Գաղութին մէջ ստեղծուած է նաեւ ընկերային սուր տագնապ մը, որ ծագում կ՛առնէ մանչերու եւ աղջիկներու թուային անհաւասարութենէն։ Մանչերը կը գաղթեն տնտեսական դրդապատճառներով, մինչ երիտասարդ ու դեռատի աղջիկները… տունը կը մնան։ Պսակներն ու մկրտութիւնները նուազած են ու դարձած՝ հազուադէպ։ Այս պայմաններուն մէջ, ուրեմն, ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ հաստատումին ու ծաղկումին այնքա՜ն բնական հոլովոյթը գրեթէ դադրած է, կամ կը կաղայ։ Եւ ասիկա ալ՝ շատ ծանր հարուած մըն է մեր հաւաքական վերապրումին ու ապագայ առողջ գոյատեւումին տեսակէտով։ Յառաջիկայ տարիներուն դէմ-յանդիման պիտի գտնուինք խառն ամուսնութիւններու տարածուն երեւոյթի մը, որ խորթ եղած է մեր գաղութին կամ մեր ընտանեկան աւանդապահ հասկացութեան։ Պէտք է այժմէն միջոցներ որոնել՝ նորակազմ հայ ընտանիքները խթանելու եւ քաջալերելու համար, աւելի առաջ՝ քան փլած եկեղեցիներու վերականգնումը։ Քարէն առաջ՝ մարդո՛ւն արժէք պէտք է տալ։ Միջյարանուական լայնածիր համաժողով մը պէտք է գումարել, ընկերաբաններու ալ մասնակցութեամբ, հարկաւոր նախաքայլերով դիմադրելու համար այս մահացու վտանգին, որ մեր դռան առջեւ է։

Այս բոլորը ըսել կու տան մեզի, թէ հալէպահայութիւնը կ՛անցնի դժուարին ժամանակաշրջանի մը մէջէն։ Այնուհանդերձ, գաղութը բոլորովին պարպուած չէ։ Ես չեմ ուզեր զայն նմանցնել եգիպտահայ երբեմնի շէն գաղութին, որ 50-ական թուականներու վերջերէն սկսեալ արագօրէն ամայացաւ։ Ո՛չ։ Հալէպ տակաւին կը պահէ իր որոշ ուժականութիւնը, շնորհիւ եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն շուրջ համախմբուած լայնախարիսխ կորիզի մը։ Եթէ ամբողջական գուրգուրանքի առարկայ դարձնենք գաղութին յարատեւումին մայր լծակները, դեռ Հալէպը կրնանք պահել սփիւռքի քարտէսին վրայ՝ իրեն արժանի դիրքով մը։

Սիվիլնէթ– Որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ, անկեղծօրէն կրնա՞ք մեզի ըսել, թէ այսօր ինչ պատկեր կը ներկայացնեն հալէպահայ դպրոցները:

Լեւոն Շառոյեան-Մենք գաղութ մըն ենք, որ ունի 150 տարուան դպրոցական փորձ եւ աւանդ։ Հետեւաբար, դպրոցները, մեր գաղութին ողնասիւներն են։ Մենք զմեզ չենք կրնար երեւակայել առանց սեփական դպրոցի. մեր շնչառութիւնը կանգ կ՛առնէ, որովհետեւ եկեղեցին ու ակումբը՝ առանց դպրոցէն եկող նեցուկին, բաւարար չեն հայը իր լիակատար ինքնութեան մէջ պահելու։ Դպրո՛ցն է հայապահպանման մայր աւազանը։ Մարդուժը կու գայ դպրոցէ՛ն։ Դպրոցը փուռն է՝ որ շարունակ հաց կ’արտադրէ, հոգ չէ որ օգտագործուած ալիւրը երբեմն փափաքելի որակը չունենայ, կամ փռապանները չունենան երբեմնի վարպետ հացթուխներուն ճարտարութիւնը…։

Դուք, սիրելի՛ պր. Քէշիշեան, թերեւս ինծի չափ ու ինձմէ ալ աւելի՛ լաւ գիտէք մեր դպրոցներուն իրավիճակը, որովհետեւ նկատած եմ որ սա վերջին տասը տարիներու ընթացքին քանիցս յօդուածներ նուիրած էք մեր դպրոցներուն, թիւեր տուած, դիպուկ մատնանշումներ կատարած էք։

Ինծի ուղղած ձեր հարցումը ձեւակերպուած է սակայն մասնայատուկ դիտաւորութեամբ. դուք կ՛ուզէք որ մեր դպրոցներուն մասին խօսուի «հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչի ակնոցով»։

Շա՛տ բարի։

Հալէպի մէջ, այժմ, ունինք ութ վարժարաններ, հինգը՝ երկրորդական, երկուքը՝ միջնակարգ, մէկը՝ նախակրթարան։ Ասոնց կողքին, կան Հայ Կաթողիկէ համայնքին ենթակայ երկու վարժարաններ եւս, ուր հայ աշակերտութիւն չկայ (կամ գրեթէ չկայ)։

Մեզի նման նօսրացած ու վիրաւոր գաղութի մը մէջ ութ վարժարանի գոյութիւնը, առաջին հայեացքով, կրնայ խանդավառիչ նկատուիլ։ Այո՛, մեր վարժարանները բոլորն ալ ի՛սկապէս տիպար կրթօճախներ են։ Պետութի՛ւնն անգամ չի ծածկեր իր գնահատանքն ու համարումը մեր դպրոցներուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնք միշտ ալ կը յաջողին փայլուն ու պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք բերել պրովէի ու պաքալորիայի պետական քննութիւններուն մէջ։ Ասիկա մետայլին մէկ երեսն է։

Միւս երեսը կը վերաբերի մայրենի լեզուի դասաւանդութեան եւ իւրացումին, բայց նաեւ՝ դպրոցին ներքին հայաշունչ մթնոլորտին ու անկէ բխած ինչ-ինչ երեւոյթներու։

Անկեղծօրէն խոստովանիմ, որ մետայլին այս երկրորդ երեսը բնաւ փայլուն չէ։ Խոցելի է ու մտահոգիչ։

Եթէ հայերէնի քննիչ մարմին մը լուրջ եւ առարկայական հետազօտութիւն մը փորձէ կատարել մեր վարժարաններէն ներս՝ չափելու համար մեր հայ աշակերտութեան մայրենի լեզուի իմացութեան մակարդակը, անպայման պիտի յանգի տխուր եւ ափսոսալի եզրակացութիւններու։ Ասիկա կ՛ըսեմ՝ ամենայն պատասխանատուութեամբ։ Դուք բնաւ չխաբուիք մեր դպրոցներու հանդէսներուն ընթացքին արտասանուած շռայլ լոզունգներէն, չխաբուիք դպրոցներու պատերէն կախուած «Հայերէն լեզուի պատուոյ ցանկ»-երէն եւ այլն։

Կրնամ խոստովանիլ անվարան, որ մեր երկրորդական վարժարաններուն աւարտական կարգերու հայ աշակերտութեան մօտաւորապէս ԵՐԿՈՒ ԵՐՐՈՐԴԸ իր մայրենի լեզուն բաւարար չափով չի գիտեր։ Մեծ է թիւը անոնց՝ որոնք հեգելով կամ կմկմալով կը կարդան, ճշգրիտ նախադասութիւն մը չեն կրնար կազմել, բառերը քով-քովի կը շարեն անկապակից կերպով…։ Այսինքն, չեն յաջողիր հայերէն սորվիլ։

Եկէք ճշդենք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հայերէն սորվիլ»։

Կը խորհիմ որ ամէն ոք համաձայն կ’ըլլայ ինծի՝ եթէ հայ դպրոցէ շրջանաւարտներուն մօտ ակնկալեմ գտնել հետեւեալ տուեալները.

– Հայերէն որեւէ գրութիւն սահուն կարդալ ու կարդացածը հասկնալ մեծ մասամբ։

– Հայերէն գրել վարժ ձեռքով, հեզասահօրէն, ուղղագրական նուազագոյն սխալներով։

– Անծանօթ չըլլալ մեր գրականութեան։ Ընդհանուր գիծերու մէջ՝ գիտնալ արժէքը Մեծարենցի մը, Պարոնեանի մը, Համաստեղի մը, Թէքէեանի մը, Չարենցի մը, ՐաՖՖիի մը։

– Ճանչնալ մեր լեզուին քերականութեան մայր գիծերը (յոգնակիի ու եզակիի ճիշդ գործածութիւն, գոյականներու հոլովում, բայերու խոնարհում, կէտադրական նշաններ, տողադարձ, դերանուններ, շարահիւսական տարրական սկզբունքներ եւայլն)։

– Քիչ մըն ալ հայոց պատմութիւն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչով, Մեսրոպ Մաշտոցով, Վարդանանքով, Արշակունի ու Բագրատունի արքաներով, Մամիկոնեաններով, Մխիթար աբբահայրով, Խրիմեանով, Մեծ Եղեռնով, Ղարաբաղի դատով։

Անձնապէս, այսքանով կը գոհանամ։

Այսքանը երաշխաւոր է՝ որ հայ պարմանը կամ պարմանուհին կեանքի իր երթը շարունակէ հայօրէն, չընկրկի օտար ափերու վրայ։

Բայց, ի՜նչ մեղք, որ մեր ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ վարժարաններէն շրջանաւարտներուն ԿԱՐԵՒՈՐ ՄԷԿ ՏՈԿՈՍԸ, դժբախտաբար, 15 տարի հայկական դպրոց յաճախելէ ետք՝ հոնկէ կը վկայուի առանց վերը մատնանշուած տուեալներով զինուած ըլլալու…։

Ասիկա իրականութիւն մըն է, զոր կþարձանագրենք սրտի ճմլումով եւ ափսոսանքով, որովհետեւ կը մտածենք որ այդպիսի սերունդէ մը ոչ ոք, հետագային, հայերէն թերթի կամ գիրքի ընթերցող պիտի ըլլայ։

Տխուր է հաստատել նաեւ, որ մեր վարժարանները, բոլո՛րն ալ, կը խուսափին այս մասին բարձրաձայն արտայայտուելէ։ Իրենց տարեկան նիւթաբարոյական տեղեկագրերուն կամ հրապարակային զեկոյցներուն մէջ արձանագրութիւններ չեն թողուր այս մասին։

Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, մենք մերթ ընդ մերթ ականատես կ’ըլլանք նաեւ ՀՐԱՇԱԼԻ արդիւնքներու կամ երեւոյթներու։

Մեր բոլոր դպրոցներու հայերէնաւանդ ուսուցչուհիները կրնան վկայել, որ մի՛շտ ալ դասարաններուն մէջ կան ի՛րապէս նախանձելի աշակերտներ, որոնք հայերէնի իրենց բարձր մակարդակով (նկատի ունիմ նիշերը), հայերէնի նկատմամբ իրենց յուզիչ խանդաղատանքով, հայերէն լեզուի ու գրականութեան նկատմամբ իրենց տածած խորունկ սիրով՝ մեծապէս կ’արդարացնեն սփիւռքահայ դպրոցին առաքելութիւնը։

Անձնապէս, երկրորդականի կարգերուն մէջ ունեցեր եմ աշակերտներ (թէ՛ մանչ, թէ՛ աղջիկ), որոնք հայերէնի գրաւոր քննութեան մը ՉՈՐՍ մեծադիր էջերը կրցած են լեցնել իրենց խելացի երկարաշունչ պատասխաններով՝ առանց ԴՈՅԶՆ ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ՍԽԱԼ ՄԸ իսկ կատարելու…։

Պատի՛ւ իրենց։

Ասոնք ո՞ւր սորված են իրենց հայերէնը, անոր «դժուար» ուղղագրութիւնը կամ շարահիւսութիւնը, եթէ ոչ՝ հայ դպրոցին երդիքին տակ։

Եւ շեշտեմ, որ այսպիսի համբուրելի տիպարներ հազուագիւտ չե՛ն բարեբախտաբար։ Թէեւ թիւով քիչ են, փոքրամասնութեան մէջ փոքրամասնութիւն են, բայց կա՛ն, գոյութիւն ունի՛ն։

Եւ փա՜ռք Տիրոջ, որ անոնք գոյութիւն ունին։ Այլապէս, մենք՝ ուսուցիչներս, ինչո՞վ պիտի մխիթարուէինք. քանի որ այդ հրաշալի փոքրամասնութեան դիմաց՝ կայ նաեւ հակադիր մեծամասնութիւն մը, որ ուղղակի կը վհատեցնէ…։

Ամփոփելով իմ միտքերը ըսեմ, որ մեր դպրոցներուն 60-ական թուականներու երբեմնի շրջանաւարտները առ այսօր նամակագրութիւններ կը կատարեն իրարու միջեւ կոկիկ ու գեղեցիկ հայերէնով (հետեւեցէք դիմատետրի իրենց գրառումներուն)։ 80-90-ականներու շրջանաւարտները (իմ դասընկերներս) ընդհանրապէս կը խուսափին հայերէնով գրելէ՝ պատճառաբանելով իրենց ուղղագրութեան անկանոնութիւնը, իսկ 2010-ականներու սերունդը արդէն կը նամակցի լոկ լատինատառ հայերէնով…։

Այս վայրէջքին պատճառները շատ խոր են ու հետեւանքն են հայերէնի նկատմամբ կրթական մեր պատասխանատուներուն, ծնողներուն, նո՛յնիսկ ուսուցիչներուն ցուցաբերած անտարբերութեան։

Յետոյ, հայերէնի ծաղկումին ու բարւոք դասաւանդումին մէջ էական դեր ունի դպրոցին հայաշունչ մթնոլորտը։ Հիմա, երբ սուրիահայ մեր վարժարանները, մեծ մասամբ, այլեւս միատարր չեն եւ դասարանները խճողուած են ոչ-հայախօս ուսանողներով, կարելի չէ ցանկալի արդիւնքներու հասնիլ։ Թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հոս հասանք՝ առանձին պատմութիւն է։ Միայն նշեմ, որ դեռ վերջերս, Հալէպի մեր հայկական մանկապարտէզներէն մին վերամուտի իր ծանուցումը հրատարակած էր տեղական լեզուով…։ Այսինքն՝ հրաւէր կ՛ուղղուէր մեր տոհմիկ շրջանակէն դուրս գտնուող ծնողներու, որ իրենց երախաները հայկ. մանկապարտէզ ղրկեն…։ Երեւոյթը արտասովոր է, բայց կը բացատրէ մեր ապրած ազգային տագնապին ակունքները։

Սիվիլնէթ– Պիտի խնդրեմ Ձեզմէ, որ խօսիք մեր միութիւններուն մասին: Ի՞նչ ընելիքներ ունին անոնք՝ մանաւանդ մեր երիտասարդներու ընկերային եւ ազգային կեանքին համար:

Լեւոն Շառոյեան-Պատերազմի աւերներէն իրենց բաժինը ստացան նաեւ մեր բազմատասնեակ միութիւնները։ Բոլո՛րն ալ կորսնցուցին իրենց աշխատունակ ու գործուն տարրերուն կարեւոր մէկ տոկոսը, որ գաղթեց երկրէն, իսկ ոմանք ալ ալ իրենց համեստ կաղապարին մէջ աւելի ու աւելի կծկուելով՝ դարձան գրեթէ անգոյ, անուանական ներկայութիւն։

Երիտասարդական անդամաշարք ունեցող միութիւնները, բարեբախտաբար, կը շարունակեն մնալ աշխոյժ ու կենսունակ, շնորհիւ միութենական պատասխանատուներու ցուցաբերած զոհողութեան։ Իմ սիրտը թունդ կ՛ելլէ՝ երբ կը տեսնեմ թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հ.Ե.Ը.-ի կամ ՍԵՄ-ի հարիւրաւոր տղաք ու աղջիկներ, ամառնային բանակումի կը տարուին մինչեւ Քեսապ ու այնտեղ, կարգապահ ու առողջարար պայմաններու մէջ, կ՛ամրապնդեն իրենց հայեցիութիւնը։ Նիւթական զոհողութիւններու գնո՛վ կ՛իրականանան այսպիսի մեծղի ծրագրեր։ Բայց մեր միութիւնները լայն կը բանան իրենց քսակները՝ յանուն եզակի նման հաւաքներու, որոնք թէ՛ տպաւորիչ են, թէ՛ գօտեպնդիչ։

Բանակումէն, մարզական խաղերէն, կամ զուտ ընկերային հաւաքներէն անդին, սակայն, դպրոցներէ նոր-նոր շրջանաւարտ մեր երիտասարդները պէտք է բոլորել նաեւ մշակութային միութիւններու շուրջ։ Այստեղ, ահաւասիկ, յաջողած չենք։ Մարդուժի եւ աշխատունակ տարրերու պակասը զգալի է ամէն երդիքի տակ։ Մշակութային միութիւններու պարագային (օրինակ՝ Համազգային, Թէքէեան, Նոր Սերունդ եւ այլն) վարչական ու յանձնախմբային կազմերուն մէջ, սկզբունքով, տիրապետող պէտք է ըլլայ գրասէր ու մշակութասէր տարրը։ Բայց, դժբախտաբար, այդպէս չէ։ Երբեմն վարչական ամբողջ կազմին մէջ՝ ցանկալի այդ տարրը գոյութիւն չունի։ Նորէն կը վերադառնամ մեր դպրոցներու հայերէնագիտական մակարդակին։ Եթէ մեր վարժարանները չկարենան գրասէր ու մշակութասէր տարր արտադրել՝ մեր միութիւնները ո՞ւրկէ պիտի ճարեն զանոնք։ Հիմա այլեւս նկատելի է, որ մեր միութիւնները ընդհանրապէս թափ կու տան ընկերային ձեռնարկներու։ Նախաճաշ կամ ընթրիք կը սարքեն, զբօսաշրջական պտոյտ կը կազմակերպեն, խմբովին աւազան կ՛երթան, շատ-շատ՝ երաժշտախառն ծիծաղի երեկոյ մը կը յաջողցնեն՝ կերուխումով համեմուած…։ Վերջերս ականատես եղանք յոբելենական քանի մը հանդիսութիւններու, ուր բանախօս չկար։ Յայտագիրը ծայրէ-ծայր խճողուած էր երգ ու պարով։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ տուեալ միութեան կամ կազմակերպութեան բովանդակ շրջանակին մէջ հայերէնով կոկիկ ու պատշաճ բանախօսութիւն մը կատարելու ատակ մարդ չէր մնացած…։

Ակումբները պէտք է ամբողջացնեն այն՝ ինչ որ դպրոցները կը փորձեն տալ։ Ակումբներէ ներս, գէթ ամսական դրութեամբ, անպայման պէտք է սարքել գրական-մշակութային փոքր հաւաքներ, երիտասարդներու ալ մասնակցութեամբ։ Օր մը՝ գիրքի ներկայացում, օր մը՝ թատերական գործի մը քննարկում, օր մը՝ յոբելենական տարեթիւի նշում, օր մը՝ գիտելիքներու մրցում, ընթերցանութեան մրցում, ուղղագրութեան մրցում, վաւերագրական կամ պատմական նիւթով ժապաւէնի ցուցադրութիւն եւ այլն։ Կարեւորն այն է՝ որ մշակութային հեւքը չկասի մեր ակումբներէն ներս ու մեր երիտասարդները մնան ազգային ապրումներու շրջագծին մէջ։ Քիչ-շատ հայերէն գրելու ատակ երիտասարդներն ալ պէտք է մղել համառօտ թղթակցութիւններ պատրաստելու, որպէսզի թէ՛ թրծուին իրե՛նք, թէ՛ ալ անտէր չթողուն հայ մամուլը…։ Բայց այս բոլորը յաջողապէս իրագործելու համար, անկասկած, մեր երիտասարդական, ուսանողական, սկաուտական մարմիններուն մէջ յղկուած, մշակուած ու բանիմաց առաջնորդներու պէտք ունինք։ Եւ այդպիսիները շատ քիչ են, չեն բաւարարեր մեր կարիքները։ Ուրեմն, երիցս կրկնելու գնով ըսեմ՝ թէ պէտք է ուժ տալ դպրոցներուն, որպէսզի հո՛նկէ հասնին մեր ակնկալած տարրերը։ Այլ ճամբայ չկայ։ Խթանե՛լ մեր դպրոցներուն հայերէնագիտական մակարդակը՝ կարելի բոլոր ձեւերով ու եղանակներով։

Հալէպ հայախօս ու հայագիր գաղութ մը եղած է ի սկզբանէ։ Մենք չենք նմանիր Ֆրանսայի կամ Ամերիկայի հայութեան, որ իր միութենական ժողովներն ու գրագրութիւնները կը կատարէ տեղական լեզուով։ Մեր մօտ՝ ամէն ինչ հայերէնով է։ Սակայն մեր այս աւանդական բարքերն ալ սկսած են տեղի տալ կամաց-կամաց։ Վերջերս ցաւով նշմարեցի, որ հալէպահայ երկու տարբեր միութիւններ Դիմատետրի վրայ իրենց պաշտօնական հաղորդագրութիւնները (ակումբային ընթացիկ գործունէութեան մասին) հրապարակած էին տեղական լեզուով։ Ասիկա նորութիւն է եւ կրնայ նշանակել երկու բան. կա՛մ տուեալ միութեան մէջ հայերէնով անսխալ էջ մը գրելու ատակ մարդ չկայ, կա՛մ ալ տուեալ միութեան վարիչները ա՛լ չեն հաւատար մայրենի լեզուի կարեւորութեան…։

Հալէպ բոյն մըն էր նաեւ հայրենակցական գունագեղ միութիւններու։ ՈւրՖայի, Կարմուճի, Տարօն-Տուրուբերանի, Քիլիսի, Զէյթունի, Բալուի, Տիգրանակերտի, Մարաշի հայրենակցականները մաս կը կազմէին մեր գաղութային համայնապատկերին։ Պատերազմէն ետք ասո՛նք եւս տկարացան ու ոմանք գրեթէ կազմալուծուած են հիմա։ Մինչդեռ, ասոնց գոյութիւնն ու շնչառութիւնը ես շա՛տ կարեւոր կը նկատեմ՝ ելլելով այն իրողութենէն, որ այս միութիւնները իրենց սոսկական գոյութեամբ եւ Կաղանդի նախօրէին հրատարակած պատի օրացոյցներով իսկ առկայծ կը պահէին յուշը մեր կորսուած հայրենիքին, մեր կորսուած նահանգներուն կամ գաւառներուն։ Հայրենակցական միութիւններու կազմալուծումով՝ մարած կ՛ըլլայ նաեւ պատմական հայրենիքի այդ յուշը, որ արդէն պղտոր ու ոչ-շօշափելի գոյացութիւն մըն է նոր սերունդին համար…։ Առիթէն օգտուելով՝ կ՛ուզեմ ոգեկոչել Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. (յետոյ՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա.) կաթողիկոսը, որ անգամ մը, երբ հովուապետական այցելութիւն կու տար Հալէպ, սրահի մը մէջ հանդիպում ունեցաւ հարիւրաւոր հայ համալսարանականներու հետ։ Խնդրեց, որ բոլորը միաբերան երգեն «Կիլիկիա» մաղթերքը։ Յետոյ դարձաւ անոնց ու ըսաւ. «Մենք կորսնցուցինք ՀՈՂԵՂԷՆ Կիլիկիան, բայց պէտք է ապրեցնենք ՈԳԵՂԷՆ Կիլիկիան»…։ Հայրենակցական միութեանց պարտականութիւնը, ահաւասիկ, ճիշդ ա՛յդ է։

Սիվիլնէթ-Դուք, արեւմտահայերէնի լաւագոյն մասնագէտներէն էք, ամբողջ աշխարհի մէջ: Անուրանալի է, որ արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է: Արեւմտահայերէնի գոյութեան վտանգ կը սպառնա՞յ. եթէ Ձեր պատասխանը այո՛ է, կա՞ն միջոցներ մեր լեզուն պահպանելու:

Լեւոն Շառոյեան-Մինչեւ 70-ական թուականներ՝ արեւմտահայերէնը առողջ էր ու կենսունակ։ Արագօրէն յիշենք աւագ սերունդի Ֆրանսահայ գրողները՝ Շուշանեան, Նարդունի, Նշան Պէշիկթաշլեան, Նիկողոս ՍարաՖեան. Սուրիա-Լիբանանի մէջ՝ Մուշեղ Իշխան, Ծառուկեան, Վահէ-Վահեան, Սիմոնեան, Իսթանպուլի մէջ՝ Խրախունի, Հատտէճեան, Եդ. Սիմքէշեան, Շնորհք Պատրիարք, Շիկահեր եւ այլն, եւ այլն։ Այս եւ ասոնց նման բազմաթիւ անուններ ոչ միայն տէր կանգնեցան արեւմտահայերէնին, այլեւ աւելի՛ եւս ճոխացուցին ու պայծառացուցին զայն։ Լեզուն հասցուցին զմայլելի մակարդակի մը։ Ասոնք ունեցան անշուշտ իրենց հետեւորդները (միջին սերունդ), որոնք աւագներէն ծծած իրենց աւիշով՝ կրցան պահել լեզուն առոյգ ու կենսալիր, գո՛նէ մինչեւ քսաներորդ դարու վերջը։ Գրուեցան վէպեր, պատմուածքներ, թատերախաղեր, բանաստեղծական հատորներ, գրականագիտական-վերլուծական գործեր, ընտիր արեւմտահայերէնով։

Այսօր, 2020-ական թուականներուն, կացութիւնը գլխիվայր շրջուած է, դժբախտաբար։ Միջին սերունդը անհետանալու վրայ է եւ կ՛ապրի իր խոնջէնքի տարիները։ Ու սարսափելի է նկատել, որ իրական իմաստով ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ։ Տեսէ՛ք. իսթանպուլահայ հայատառ գրականութիւնը, որ այնքա~ն հրաշալի վերելք արձանագրած էր մա՛նաւանդ 60-ականներէն սկսեալ, վերջնականապէս խամրած է այլեւս։ Պարագան նոյն է Լիբանան, որ է՜ր երբեմն, սփիւռքի սիրտը կը նկատուէր։ Մտաւորականութիւն անգամ չէ մնացած (կամ գրեթէ չէ մնացած) այնտեղ։ Կեանքէն հեռացած գրողներուն աթոռները մնացեր են թափուր, չեն գրաւուած նորերով, որովհետեւ այդ նորեկները չեն տիրապետեր գրականութիւն ստեղծելու գլխաւոր լծակին՝ լեզուին։ Նոյնը կրնանք ըսել Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Երուսաղէմի համար։ Հոս-հոն երեւցող քանի մը նկուն ձայներ, հոս-հոն հրատարակուող քանի մը հայատառ գիրքեր ողջունելի ըլլալով հանդերձ՝ հեռու են շարժում ստեղծելէ կամ արեւմտահայ գրականութեան ներկան ու ապագան երաշխաւորելէ։ Արտասահմանեան մեր բոլոր գաղութներուն մէջ՝ գրականութեան երբեմնի վարար ու յորդահոս գետը գրեթէ ցամքած է։ Համընդհանուր մայրամուտ մըն է։ Եւ պատճառն այն է՝ որ լեզո՛ւն, արեւմտահայերէնը, լրջօրէն հիւանդ է, տեղ-տեղ հոգեվարքի նշաններ ալ ցոյց կու տայ…։ Եւ այս բոլորը սերտօրէն առնչուած են միջին-արեւելեան մեր հայագաղութներուն ապրած իրերայաջորդ տագնապներուն ու աղէտներուն հետ։

Հարց կու տաք, սիրելի՛ պր. Քէշիշեան, թէ ի՞նչ պէտք է ընել՝ այս մահացու նահանջը կասեցնելու համար։

– Հրաշագործ ցպիկի՛ մը պէտք ունինք…։

Բայց այդ ցպիկը կը պատկանի հեքիաթներու աշխարհին։ Իրական կեանքի մէջ այդպիսի ցպիկներ չկան։ Սակայն կայ Մայր Բնութեան կողմէ մեզի շնորհուած կամք եւ տաղանդ, որոնց խելացի ու նպատակասլաց օգտագործումով կարելի է ժայռեր շարժել…։

Եկէ՛ք, նախ ճշդենք, թէ ներկայիս արեւմտահայերէնի գործածութեան ոլորտները որո՞նք են։

ա) Արեւմտահայերէնը խօսակցութեան լեզու է գլխաւորաբար Միջին Արեւելքի տարածքին՝ տուներու, դպրոցներու, ակումբներու, եկեղեցիներու, գործատեղիներու մէջ։

բ) Արեւմտահայերէնը, իր գրաւոր տարբերակով, ուսման լեզու է մեր մանկապարտէզներէն սկսեալ մինչեւ հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկներ։ Շրջանառութեան մէջ են արեւմտահայերէնով պատրաստուած գրականութեան, ընթերցանութեան եւ քերականութեան այլազան դասագիրքեր։

գ) Արեւմտահայերէնը ձայնասփիւռի կամ լսատեսողական ալիքներու ճամբով ալ կը հասնի մեզի (օրինակ՝ Պէյրութի «Վանայ ձայն»-ը, Հայաստանի պատկերասփիւռին արեւմտահայերէն լուրերու բաժինը, համացանցով սփռուող յայտագրեր եւ այլն)։

դ) Արեւմտահայերէնը սփիւռքահայ մեր մամուլին գլխաւոր լեզուն է։ Պէյրութ, Հալէպ, Աթէնք, Պոլիս, Փարիզ, Ամերիկա ու Գանատա՝ տակաւին օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր ու պարբերականներ լոյս կ՛ընծայուին արեւմտահայերէնով։

ե) Թէեւ սփիւռքահայ գրականութիւնը նուաղումի ճամբուն վրայ է, սակայն այն քիչը, որ դեռ կը հրամցուի մեզի իբրեւ գիր-գրականութիւն, արեւմտահայերէնով է… առայժմ։

զ) Ինծի համար ուրախալի եւ յուսադրիչ է տեսնել, թէ այս բոլորին կողքին՝ արեւմտահայերէնը որոշ տեղ մը գրաւած է նաեւ համացանցի կայքէջերու ու մա՛նաւանդ Դիմատետրի վրայ, ուր շատ-շատեր իրենց գրառումները կը կատարեն սահուն ու բծախնդրօրէն շարադրուած հայ լեզուով։ Դիմատետրի վրայ արեւմտահայերէնի կոկիկ գործածութիւնը կրնայ մեծապէս նպաստել անոր ԿԵՆԴԱՆԻ ԼԵԶՈՒ մը մնալու ճիգին։

Արեւմտահայերէնի գործածութեան այս բաւական լայն ծիրը, սակայն, որ առաջին հայեացքով կրնայ ապահովութիւն ներշնչել մեզի՝ անոր գոյատեւումին առնչաբար, խոցելի դարձեր է մա՛նաւանդ սա վերջին 15-20 տարիներուն։

Նախ, մեր նոր սերունդին հայերէն բանաւոր խօսակցութիւնը բաւական աղճատուած է ու աղքատացած։ Նոյնիսկ բեմերու վրայ, պաշտօնական բերաններէ, այլեւս քիչ անգամ կը լսենք գեղեցիկ, որակաւոր ու փայլուն հայերէն մը։ Ասիկա, արդէն, ախտանշան մըն է՝ թէ որդ մը սողոսկած է մեր լեզուին մարմինէն ներս ու շարունակ կը կրծէ զայն…։

Յետոյ, մեր դպրոցները (արեւմտահայերէնի ուսուցման մայր աւազանները) այլեւս այն չեն՝ ինչ որ էին ասկէ 30, 40 կամ 50 տարի առաջ։ Այսօր, հայերէնի ուսուցումը չ՛արդիւնաւորուիր բաղձալի մակարդակով։ Թէ՛ հայերէնաւանդ հմուտ ու նուիրեալ դասատուներ չմնացին, թէ՛ ալ… անոնց պահանջքը չի զգացուիր կարծէք։ Հայ գիրք կամ հայ թերթ կարդացող կա՞յ մեր վարժարաններու նորահաս շրջանաւարտներուն մէջ։ Գրեթէ չկայ։ Ու քանի որ յիշեցինք հայերէն թերթը, խոստովանինք անմիջապէս, թէ հայատառ մամուլը, իր ընդհանրութեան մէջ, այլեւս չի գտնուիր ցանկալի բարձրութեան վրայ։ Սփիւռքահայ մամուլը, առ ի չգոյէ հայկաբան ու լեզուագէտ խմբագիրներու, ինկած է ճախճախուտի մը մէջ ու կ՛ապրի իր փառաւոր պատմութեան ողբերգական մէկ փուլը, աւետարանական բացատրութեամբ՝ եօթը նիհար կովերու շրջանը…։ Բացէ՛ք սփիւռքահայ թերթերը։ Շատ շուտով պիտի նշմարէք, թէ անոնք կը հրատարակուին չափազանց անխնամ հայերէնով մը, ուր կը վխտան լեզուական, շարահիւսական, քերականական անհամար սխալներ։ Ա՛լ չկայ այն գեղեցիկ ու կարօտալի հայերէնը, որ անցեալին կը զարդարէր մեր թերթերուն սիւնակները։

Անհանգստացնող ուրիշ երեւոյթ մըն ալ, բոլորովին վերջերս, հայաստանեան (աբեղեանական) ուղղագրութեան օգտագործումն է սփիւռքահայ մեր ինչ-ինչ պաշտօնական կառոյցներուն կողմէ։ Ասիկա ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ արեւմտահայ մշակոյթի դաշունահարումը։

Այս տխուր իրավիճակը կ՛անհանգստացնէ՞ մեզ, կամ զգաստութեան կը մղէ՞ մեր լայն զանգուածները։ Մեր կուսակցական, եկեղեցական ու մշակութային շրջանակները քննարկումի առարկայ կը դարձնե՞ն այս հարցերը, թէ՞ կը նախընտրեն զբաղիլ աւելի «կարեւոր» հարցերով՝ բանկալի կռիւներով կամ երեսփոխանական ընտրութիւններով…։

Ես բազմիցս կրկնած եմ տարբեր առիթներով, թէ Հայ Դատի յաջողութի՛ւնն անգամ կ՛անցնի հայերէն լեզուի (այս պարագային՝ արեւմտահայերէնի) եւ արեւմտահայ մշակոյթի նկատմամբ մեր հաւատարմութենէն։ Լեզուն մեր գոյատեւման միակ սնուցիչն է։

Յուսահատութիւն չէ՛ որ կը շեփորեմ։ Ընդհակառակն, պիտի ուզէի որ այս բոլոր ընկրկումները ուշքի բերեն մեզ, որպէսզի ի գործ դնենք մեր կամքն ու տաղանդը։

Արեւմտահայերէնը իր վերջալո՞յսը կ՛ապրի. գտնե՛նք միջոցները զայն վերակենդանացնելու, արիւն ներարկենք անոր։ Ապրելու համար վատնուած ամէն ջանք, գոյատեւման համար ստեղծուած ամէն առիթ սուրբ է եւ ողջունելի։ Ինչպէս որ 50-ական թուականներուն կրցեր ենք արմատապէս վերջ տալ թրքախօսութեան, հիմա ալ՝ վերապրեցնե՛նք արեւմտահայերէնը։

Սիվիլնէթ-Պարոն Շառոյեան, իրաւացի էք՝ երբ կ’ըսէք.-Գտնենք միջոցները զայն (արեւմտահայերէնը) վերակենդանացնելու: Կը նշէ՞ք, ոեւէ միջոց, կը մատնանշէ՞ք որեւէ քայլ որ կրնայ արիւն ներարկել անոր:

Լեւոն Շառոյեան-Սա վերջին տասնհինգ-քսան տարիներուն արեւմտահայերէնը շատ արիւն կորսնցուց եւ ուժասպառ դարձաւ։ Հիմա, անհրաժեշտ է որ թթուածին ներարկենք անոր, որպէսզի քիչ մը կազդուրուի։ Այս ընելու համար, իրենց պատասխանատուութիւնները պէտք է ստանձնեն առնչակից բոլոր կողմերը՝ դպրոցները, հայերէնաւանդ ուսուցիչները, մշակութային ու ազգային կազմակերպութիւնները, եկեղեցիներն ու մամուլը, գրչի սպասարկուներն ու ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները (համացանց, դիմատետր), հայկական ձայնասփիւռներն ու պատկերասփիւռի կայանները, այլեւ՝ իւրաքանչիւր հայորդի, իր նեղ շրջանակին մէջ:

Ամէնէն առաջ մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ դպրոցներէ ներս ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԴԱՍԱՊԱՀԵՐՈՒՆ վրայ։ Մեր համայնքային ու ազգային ղեկավարները պարտին առողջ ու կենսալիր պահել իրենց խնամքին յանձնուած վարժարանները՝ ուժ տալով մայրենի լեզուի կատարելագործումին։ Ու երբ կը խօսինք հայերէնի դասապահերուն մասին, ինքնաբերաբար մեր դիմաց կը ցցուի ՀԱՅԵՐԷՆԱՒԱՆԴ ՈՐԱԿԱՒՈՐ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ ունենալու կամ հայթայթելու տագնապը։

Հարց կրնաք տալ, թէ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ ճարել հայ ուսուցիչը, քանի որ գաղտնիք չէ, թէ այլեւս նօսրացած է «մարդ»-ու այս կերպարը։

Սկսինք փոքր քայլերով։ Օրինակ՝ հայերէնաւանդ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ամառնային երկշաբաթեայ լսարաններ սարքենք։ Դպրոցները, գոնէ 3-4 տարին անգամ մը, սերտուած ծրագրով մը պարտին իրագործել նման ծրագիր մը։ Ասիկա օգտակար պիտի ըլլայ բոլորին՝ դպրոցին, ուսուցիչին ու աշակերտին հաւասարապէս։

Յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ ուսուցչանոցի կամ հայագիտական հիմնարկի մը հաստատումը, առնուազն երկամեայ ծրագրով։ Մեր Հալէպը արդէն ունի այդպիսի հիմնարկ, քառամեայ ծրագրով, ահա արդէն 25 տարիէ իվեր (Համազգայինի պատկան)։ Ատոր նմանը, աւելի սահմանափակ տարողութեամբ, տանամեակէ մը իվեր կը գործէ Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ։ Աւելի փոքր նախաձեռնութիւն մըն ալ կայ Մոնրէալի մէջ, երկու տարիէ իվեր։ Այս օրինակները վարակիչ պէտք է դառնան:

Աչքի առջեւ ունենալով սփիւռքեան ամէնօրեայ վարժարաններու տեղաբաշխումի մօտաւոր քարտէսը, հայկական ուսուցչանոցի մը անյապաղ կարիքը ունին ամէնէն առաջ Փարիզը, Լոս Անճելըսը, Պուէնոս Այրէսն ու Պոլիսը։ Մեր այս բոլոր գաղութներն ալ,– փա՜ռք Աստուծոյ,– դեռ իրենց ծոցին մէջ ունին անհրաժեշտ տարրերն ու հարկաւոր նիւթականը՝ գլուխ հանելու համար նման կենսական ծրագիր մը, որ կեանքի կոչուելէ ետք պէտք ամրապնդուի ու տեւականանայ։ Երբ կ՛ունենանք հմուտ ուսուցիչներ, անպայման պիտի ծլին ու ծաղկին հայերէնը սիրող ու անով խանդավառուող հայ աշակերտներ։

«Հմուտ» կը նշանակէ գործի մը կամ արհեստի մը մէջ մասնագէտ, վարպետ, լաւատեղեակ։ Ասոր հակառակն է անփորձը, անվարժը, տհասը։

Հետեւաբար, հայերէնի հմուտ ուսուցիչը այն է՝ որ լաւապէս սերտած կամ ուսումնասիրած է մեր բովանդակ գրականութիւնը, կը տիրապետէ մեր լեզուին կատարելապէս։ Ան կը սիրէ դասաւանդել, կ՛ախորժի իր գիտելիքներու լայն պաշարը դիմացիններուն փոխանցելէ։ Կը խօսի ու կը բացատրէ կիրքո՛վ, խանդավառութեա՛մբ։ Հայերէնաւանդ ուսուցիչը կատարեալ է՝ եթէ իւրացուցած ու որդեգրած է Մեսրոպ Մաշտոցի ազգային քաղաքականութիւնը, այսինքն՝ իր հոգիին մէջ կը կրէ հայ ժողովուրդի մեծ ձգտումերը։

Այժմէն, մեր կրթական պատասխանատուները ՄԱՐԴՈՒԺ պատրաստելու ձեռնամուխ պէտք է ըլլան։ Վաղը ուշ կրնայ ըլլալ արդէն։

Դպրոցներէն ետք, հիմնական վերափոխումի պէտք է ենթարկել սփիւռքահայ մամուլը, չարտօնել՝ որ անիկա շարունակէ ընթերցողին ներկայանալ իր այսօրուան խեղճ պատկերով, խոցելի լեզուով։

Թերթերը իւրայատուկ դպրոցներ են, որոնք ունին իրենց «աշակերտ»ները՝ տարբեր տարիքի ընթերցողները։ Թերթերը իրենց էջերէն պէտք է ցոլացնեն արեւմտահայերէնի ամբողջ շքեղութիւնն ու պերճանքը, այլ ոչ թէ լղրճեն ու ոտնակոխեն զայն, ինչ որ է պարագան ներկայիս, առհասարակ։ Հայերէնի քերականութեան ու ոճային նրբութիւններուն անծանօթ խմբագիրները հարկ է ընդմիշտ հեռացնել իրենց պաշտօններէն։

Եւ վերջապէս, ես պիտի ուզէի որ գիրքը, հա՛յ գիրքը, նոր շունչ մը առնէ մեր կեանքին մէջ ու դառնայ մեր առօրեային մէկ մասնիկը։ Աշխարհի նիւթեղէն բոլոր «ապրանք»-ները կը մաշին, կը հալին գործածուելով։ Լեզուի պարագան ճիշդ հակառակն է։ Լեզուն կը մաշի՝ եթէ չգործածուի…։ Եւ հոս, հարց պէտք է տալ, թէ ո՞ւր են մեր հանրային ու դպրոցական գրադարանները, ինչո՞ւ լճացած են անոնք կամ դադրած են բանուկ փեթակներ ըլլալէ։ Հալէպի պարագային, զորօրինակ, որքան որ գիտեմ, միայն Քարէն Եփփէ Ճեմարանի դպրոցական գրադարանն է որ կը բանի, ունի իր մնայուն գրադարանավարուհին։ Միւսները, դժբախտաբար, փակած են իրենց ցուցափեղկերը…։ Օրակարգի պէտք է դնել նաեւ հայախիտ քաղաքներու մէջ հայերէն գիրքեր վաճառող ԳՐԱՏՈՒՆ ունենալու պարագան։ Տեսէ՛ք. Հալէպի նման գաղութ մը այսօր մէկ հատիկ գրատուն մը անգամ չունի…։ Բազմաթիւ ծնողներ, ուսանողներ, ընթերցասէրներ մանկապատանեկան գիրքեր կը փնտռեն, բառարաններ կը փնտռեն, հատորներու անուններ ունին իրենց մտքին մէջ, բայց… գրատուն չկայ։ Պատերազմէն առաջ երկու հայ գրատուներ կային Հալէպ։ Մէկուն սեփականատէրը գաղթեց երկրէն, միւսն ալ վերածուեցաւ ժանեակի վաճառատան։ Հիմա ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս լուծել այս էական հարցը։ Ես կ՛առաջարկեմ հետեւեալը. Մեր երեք հայ յարանուանութիւնները, որոնք սերտ ու եղբայրական յարաբերութիւններ ունին իրարու հետ (միասին կը տօնախմբեն Վարդանանքն ու Ապրիլ 24-ը, միասնաբար կը հոգան Հայ Ծերանոցի պէտքերը եւ այլն), թող բարի նախաձեռնութեամբ մը Հալէպի հայախիտ թաղամասերէն մէկուն մէջ բանան միջհամայնքային հայ գրատուն մը, անոր մատակարարումը յանձնելով մասնաւոր «Գրատարած յանձնախումբ»-ի մը:

Անիրականանալի՞ բան մը ըսի արդեօք։ Մշակութային բնոյթի պարզ ու դիւրին իրագործելի ծրագիր մըն է այս, որ քիչ մը արիւն կրնայ ներարկել հայոց լեզուին…։

Սիվիլնէթ– Անչափ շնորհակալութիւն պարոն Շառոյեան, այս այնքա՜ն հետաքրքրական եւ իրապէս շահեկան հարցազրոյցին համար: Յուսանք եւ հաւատանք, որ Ձեր բոլոր սպասելիքները իրականութիւն կը դառնան:

Հարցազրոյցը վարեց Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 19-23 Օգոստոս 2022

Մեկնաբանել