Այսպէս ալ կ՝ապրինք

Տխրութեան աղբիւրները շատ են մեր կեանքի մէջ, ուրախութեանը՝ քիչ։

Պարտութիւն, հողի կորուստ, բազում անորոշութիւններով յագեցած քաղաքական միջավայր, յոյս չներշնչող կարավառիչներ, տեղէն չշարժող, կամ կէս ճանապարհին մնացած պետական ծրագիրներ, անյուսալի ընդդիմութիւն, ուժեղ պետականութիւն եւ հզօր բանակ ունենալու հեռանկարի բացակայութիւն եւ դեռ շարանը կրնայ երկարիլ։

Ուրախութեան առիթներ կան, բայց պէտք է փնտռել։ Տնտեսութեան գրեթէ թռիչքային զարգացման պայմաններէն պէտք է խանդավառուիլ, անշուշտ, բայց տակաւին թոշակառուներու, ուսուցիչներու ստացած բոլոր բարձրացումներով հանդերձ ամսական խղճուկ գումարները, աղքատներու մեծ թիւը՝ թէ՛ քաղաքային եւ թէ գիւղական շրջաններու մէջ ոգեւորութիւնը կը սանձեն։

Վարձքով ապրողներու վիճակի առաւել ծանրացումը՝ բնակարաններու վարձավճարներու թանկացման պայմաններու մէջ տնտեսական զարգացման բարիքներէն օգտուողներու թիւը առաւել կը նուազեցնեն։

Ուրախութիւն է տեսնել զբօսաշրջիկներու թիւի նկատառելի աճը։ Որքան ալ տակաւին անբաւարար, սակայն զբօսաշրջիկներուն յարմարաւէտ պայմաններ առաջարկող վայրերը շատցած են երկրի գրեթէ բոլոր գեղատեսիլ անկիւններուն։ Ներքին զբոսաշրջութիւնն ալ կու գայ ապացուցելու տնտեսական վիճակի բարելաւումը, նաեւ հետաքրքրութեան աճը մեր երկրի հանդէպ։

Կրկնակի ուրախալի է սփիւռքահայ երիտասարդներու մեծ թիւի մը հայրենի հողի վրայ իրենց օճախի սկիզբը դնելու, հարսանեկան խնճոյքը այստեղ կատարելու որոշումը, որու շնորհիւ հազարաւոր երիտասարդներ, պսակուողներու տարեկից նոր սերունդէն ամբողջ բանակ մը հայրենիք կ՝այցելէ եւ հայրենի հողին կը կապուի։

Տխրութեան պատճառները շատ են եւ ծանրակշիռ, որոնց դիմաց լաւատեսութիւն քարոզողները կրնան անճրկիլ, չկարենալով արդարացնել յաջողութիւններով, դրական թէկուզ փոքր քայլերով ուրախանալու հոգեվիճակը։ Չեմ գիտեր ինչ նպատակի կրնայ ծառայել, օրինակ, հազարաւոր մղոններ կտրած, Հայաստանի մէջ իրենց ընկերոջ հարսանիքին ներկայ երիտասարդին այպանել՝ ինքնամոռաց ուրախութեամբ պար բռնելու համար։

Հապա մեր զոհերը, անոնք որոնք զրկուեցան ընտանիք կազմելու բախտէն… Ահա ճնշող, ընկճող յանցաւորի բարդոյթը, որուն ճիրաններու տակ դժուար կ՝ըլլայ շնչել, ապրիլ, ստեղծագործել։ Մոռնալը, նահատակներու գերագոյն զոհողութեան հանդէպ յարգանքի պակասը, պետութեան ու բանակի հզօրացման հանդէպ անտարբերութիւնը եւ նման ծանր ամբաստանութիւնները ուղղակի կամ անուղղակի կը նետուին վերապրելու բնազդը աշխատցնող, կեանքը շարունակելու որոշումը առած մարդոց երեսին։

Ոմանք կրնան քաղքենիական երանգներ փնտռել այս գրութեան մէջ։ Անշուշտ կրնան եւ կը գտնեն։ Սակայն այդ գտնողներու շարքերուն մէջ ալ մեծ է կեղծաւորներու, միայն խօսքով հայրենասիրութիւն, ամբողջական յանձնառութիւն քարոզողներու համեմատութիւնը։ Անշուշտ այդպէս է, այլապէս մենք այսօր, սրտցաւութիւն ու հարենանուիրում քարոզողներու հսկայ զանգուածի նոյնիսկ նուազագոյն մասնակցութեամբ կ՝ունենայինք մեր երազած պետութիւնը, բանակը։

Մեկնաբանել