Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի 11րդ համաժողովին ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընտրուեցաւ խորհուրդի նախագահ՝ ներկայացնելով Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները:
Վեհափառը երկու անգամ (1991-1998 եւ 1998-2006) ընտրուած էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեան ատենապետ:
Արամ Ա. համաձայնեցաւ ընտրուիլ այս պաշտօնին՝ ընդառաջելով միջեկեղեցական շրջանակներու փափաքին եւ միջեկեղեցական շարժման նոր թափ հաղորդելու հեռանկարով: