Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը չունի յստակ բանաձեւուած նպատակ

Այո, որոշ աշխուժութիւն կը նկատուի Հայաստանի դիւանագիտական գործունէութեան մէջ, յատկապէս Արարատ Միրզոյեանի նախարար նշանակումով, կ՝ըսէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեան։

Այդ աշխուժութիւնը, որ կը բխի նախարար Միրզոյան վարչապետի վստահելի անձերու նեղ շրջանակէն ըլլալու փաստէն, շօշափելի արդիւնքներ կրնայ չապահովել պարզ այն պատճառով, որ Հայաստան յստակ նպատակ մը չէ առաջադրած, որուն իրագործման պէտք է լծուին արտաքին քաղաքականութիւնը վարողները, կ՝ըսէ Գոչիկեան՝ Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրով Աբօ Պողիկեանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։

Հայաստան փոքր պետութիւն ըլլալով արդէն իսկ առարկայական սահմանափակումներ ունի ճկուն քաղաքական գիծ մը մշակելու եւ վարելու, իսկ յաղթողի եւ ուժեղի դիրքերէ բանակցող թշնամիին հետ մեր դիւանագիտութիւնը դժուար թէ պատերազմ կանխելու ուղղութեամբ շօշափելի արդիւնքներու կարենայ հասնիլ, կ՝ընդգծէ փրոֆ. Գոչիկեան։

Մեկնաբանել