Փելոսին եկաւ, խոստացաւ, յետո՞յ. զրոյց փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ

ԱՄՆի երրորդ բարձրագոյն պաշտօնեայի Երեւան այցելութեան քաղաքական նշանակութեան մասին Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրով՝ զրուցեցինք Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Ասպետ Գոչիկեանի հետ։ Փելոսին ամբողջ կեանքը քաղաքականութեան մէջ անցուցած է, քաղաքական խաղացող մըն է. նախագահ Պայտընին հետ մօտիկ ըլլալով, անոր այցելութիւնը Հայաստան քաղաքական եւ բարոյական նեցուկ դրսեւորելու պատգամ կարելի է նկատել, կ՝ըսէ Գոչիկեան։ Այցելութենէն հաւանական շօշափելի արդիւնքներու մասին խսօելով, Գոչիկեան չի բացառեր Հայաստանին տնտեսական աջակցութիւնը ընդլայնելու, նոյնիսկ որոշ ռազմական օժանդակութիւն տալու կարելիութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, անշուշտ, Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ լուրջ աշխատանք տանելու հրամայականը կը շեշտուի։

Փրոֆ. Գոչիկեան նաեւ իր վերլուծումը ներկայացուց Ռուսիոյ եւ Իրանի հաւանական անդրադարձին՝ Փելոսիի այցելութեան: Զրոյցը վարեց՝ Աբօ Պողիկեանը։

Մեկնաբանել