Ունի՞նք երաշխիք, որ նորէն յարձակումի պիտի չենթարկուինք

Մեր քաղաքական գործիչները, ամէնէն բարձր ամպիոններէն կը խօսին պատերազմի հաւանական վերսկսման մասին։ Ալիեւն ալ կը շարունակէ իր ռազմաշունչ հռետորութիւնը, ընդհուպ արհամարհանք շպրտելով այն ուժերու հանդէպ, որոնք զինադադարը կնքելու մէջ դերակատարութիւն ունեցած են, ինչպէս Միցեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ֆրանսան, եւայլն։ «Ոչ մեկի զանգը, ոչ մի հայտարարություն, նախաձեռնություն մեզ չի կանգնեցնի». այս յայտարարութիւնը նորագոյնն է իր սպառնալիքներու շարքին։

Ալիեւի այս յոխորտանքը տեղի կու տայ առաւել լուրջ մտաորումներու, հասկնալու թէ զինադադարի իրականացումը այս պարագային ինչ լծակներու շնորհիւ իրականացաւ, նոյն լծակները պիտի շարունակե՞ն արդիւնաւէտ մնալ, եթէ այո, մինչեւ երբ, եւ մենք, Հայաստանը ինչ պէտք է ընէ այդ եւ այլ երաշխիքներ ապահովելու։

Երաշխիքներէն մէկը, անշուշտ Հայոց բանակն է, որու սպառազինումի հանդէպ դժբախտաբար լալկան անճարութեան մասին կը լսենք գլխաւոր հրամանատարի բերնով։ Անհասկնալի է, որ այս դարուս, երբ մասնաւոր բազմաթիւ անձինք ու ընկերութիւններ կան, որոնք զէնք կը վաճառեն՝ ապրանքը հասցնելով ուր որ վճարողը կը փափաքի, մեր պետութիւնը, որ աշխարհով մէկ կը յայտարարէ, թէ գումար ունի, անկարող կը մնայ անհրաժեշտ, ժամանակակից, ազդու պաշտպանական եւ յարձակողական միջոցներ ապահովել։ Այս վերջին պատերազմէն ետք ալ, եթէ շարունակուի նոյն կրաւորականութիւնը, եթէ բանակի մատակարարման մակարդակը ընդհանրապէս որակական թռիչք չարձանագրէ, պատճառը իրապէս պէտք է փնտռել ուրիշ տեղ։

Դիւանագիտական, միջազգային ճնշումներու լծակը որքան վստահելի է, նոյնսիկ ինչ լծակ է, որ գործածուեցաւ Ատրպէյճանի վրայ, որ մղեց Ալիեւին ընդունիլ զինադադար կնքել։ Մեր բոլոր քաղաքական մեկնաբաններու վերլուծումները կարդալով կամ լսելով, ես պատկերացում չեմ կրցած կազմել, թէ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարի միջամտութիւնը ինչ ազդեցիկ լծակ ունէր իր ետին։ Արդեօք Թուրքիոյ աջակցութիւնը ապահովուած էր, եթէ այո, ինչու Թուրքիան, որ 44օրեայ պատերազմի ատեն ոտքով ձեռքով, գործնական աջակցութիւն ցոյց տուած էր իր «հարազատին», այս պարագային պիտի օգտագործուէր իբրեւ զայն սանձելու միջոց։ Արդեօք Իրանը աւելի կարեւոր եւ ազդու միջամտութիւն ունեցած է, իր յայտարարած կեցուածքներէն անդին։ Այս գրեթէ առեղծուածային վիճակը եթէ չկարենանք վերծանել, հասկնալ, ինչպէս պիտի մշակենք մեր յառաջիկայ քայլերը, անշուշտ եթէ այդ անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը ունին մեր ճակատագիրը որոշողները։

Ներկայ պատկերը դատելով, մեր իշխանութեանց ձեռնարկած գործունէութիւնը գնահատելով, կը տեսնենք, որ դիւանագիտական աշխուժութեան մակարդակը կը շարունակուի բարձրանալ, կապերը, հանդիպումներու շրջանակը կ՝ընդարձակուի, սակայն վճռական փոփոխութիւններ այս ոլորտի մէջ չեն նախատեսուիր, բայց եւ յստակ օրակարգեր բանաձեւելու խնդիրը յամառօրէն կը յամենայ։

Մեկնաբանել