Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը Հայաստանի մէջ կը սատարէ քննական մտքի զարգացման

Մեր գործունէութեան շեշտը կը դնենք Հայաստանի մէջ քննական մտածողութիւնը զարգացնող ծրագիրներու վրայ՝ հովանաւորելով գիտական հետազօտութիւններ եւ թարգմանութիւններ, կ՝ըսէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան։

Հիմնարկութեան հայաստանեան գործունէութեան ռազմավարութեան մշակումը ընթացքի մէջ է, եւ դոկտ. Փանոսեանի այս այցը պիտի ծառայէ այդ աշխատանքին։

Մշակուած եւ Կիւլպէնկեանի հովանաւորութեամբ արդէն գործադրութեան ընթացքի մէջ գտնուող ծրագիրներու շարքին է արեւմտեան աշխարհի մէջ մեծ ազդեցութիւն թողած 20րդ դարու 10 գիրքերու թարգմանութիւնը։

Հայաստան գալով տեսայ, թէ ինչպէս մարդիկ եւ մտաւորականներ իրենց ապագայ գործունէութիւնը ծրագրելով եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքի լծուելով կը փորձեն յաղթահարել պատերազմական մթնոլորտի պատճառած ընկճուածութիւնը, կ՝ըսէ դոկտ. Փանոսեան` Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն զրուցելով Աբօ Պողիկեանի հետ։

Մեկնաբանել