Նինա Խաչիկեան Նշանակուեցաւ Պլինքընի Ենթազգային Հարցերու Ներկայացուցիչը

Asbarez.com

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ Նինա Խաչիկեանը նշանակած է նախարարութեան ենթազգային հարցերու ներկայացուցիչի նորաստեղծ պաշտօնին։

Իր նոր պաշտօնին մէջ, Խաչիկեան նախարարութեան կապը պիտի ըլլայ քաղաքային, գաւառային եւ նահանգային իշխանութիւններուն հետ, անոնց հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելով, գլխաւորաբար նպաստելու համար կենսոլորտի ջերմացման դէմ պայքարին եւ ընկերային արդարութիւն հաստատելու եւ ժողովրդավարական հիմնարկները ամրապնդելու ջանքերուն։

Միջազգային յարաբերութիւններու հարցերու Լոս Անճելըսի նախկին փոխքաղաքապետ Նինա Խաչիկեան նաեւ անդամ է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան հեղինակաւոր Քաղաքական խորհուրդին։

Յիշեցնենք, որ Խաչիկեան նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նշանակուած էր Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ ազգերու կազմակերպութեան՝ ԱՍԻԱՆի (ASEAN) մօտ Ամերիկայի դեսպան: Նախագահ Պիլ Քլինթընի օրերուն, ան Ազգային ապահովութեան խորհուրդին անձնակազմին մաս կը կազմէր։

Խաչիկեան յատկապէս Ասիոյ մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան մասնագէտ է եւ «Ամերիկեան յառաջդիմութեան կեդրոն»ի ու «Ռենտ»ի նման հիմնարկներու մէջ աշխատելու կողքին՝ եղած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան խորհրդատուի տեղակալի օգնական (1998-1999) եւ Դաշնակցային առեւտուրի յանձնաժողովի ատենապետի խորհրդատու: Ան իրաւաբանութեան իր վկայականը ստացած է «Սթենֆըրտ» համալսարանէն:

Մեկնաբանել