Սփիւռքի հանդէպ պետականակեդրոն քաղաքականութիւնը արդիւնաւէտ չէ

Հայաստանի պետական քաղաքականութիւնը սփիւռքի հանդէպ պէտք է ըլլայ շահաւէտ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի համայնքներուն համար, կ՝ըսէ սփիւռքագէտ, Միշիկընի համալսարանի Տիրպորն մասնաճիւղի հայկական հետազօտութեանց կեդրոնի գիտաշխատող դոկտ. Վահէ Սահակեան։

Պետութեան ռազմավարութիւնը սփիւռքի հանդէպ, ըստ դոկտ. Սահակեանին, պէտք է հիմնուած ըլլայ սկզբունքներու վրայ, որոնք կախեալ պէտք չէ ըլլան օրուան իշխանութեանց նախասիրութիւններէն, անոնց կուսակցական նկատառումներէն ու հաշիւներէն։

Սփիւռքի մէջ միասնականութիւն յառաջացնելու ջանքերուն անդրադառնալով (զրոյցի 18:24րդ վայրկեանէն սկսեալ), դոկտ. Սահակեան հաւատացած է, որ անոնք դատապարտուած են ձախողութեան եւ որ անհնար է ու ոչ նպատակայարմար սփիւռքեան ներկայացուցչական մարմին մը ստեղծելու գաղափարը։

Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրով այս զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։

Մեկնաբանել