Թշնամին չի խաբուիր, մենք մեզի չխաբենք

Մեր հայրենիքի ու պետութեան վերջին փորձութիւնները պէտք է դաս ըլլային, որ ազգովին, գիշերը ցերեկին խառնած աշխատէինք ամրացնել մեր սահմաններու պաշտպանութեան միակ երաշխաւոր՝ բանակը։

Այստեղ բանալին «գիշերը ցերեկին խառնած» բառակապակցութիւնն է, որ կը նշանակէ մեր հնարաւորութիւններու ամբողջական զօրաշարժը ամէն վայրկեան, ամէն ժամ ու օր աշխատելու, ծրագրելու ու գործադրելու՝ բանակի մարտունակութիւնը ուժեղացնելու ուղղութեամբ։

Քաղաքական եւ դիւանագիտական ճամբաներով այսօր ճիգ ու երանդ կը թափուի եւ պէտք է ըսել, որ որշակի արդիւնքով, թշնամիի հաւանական նախայարձակումը կանխելու, առնուազն յետաձգելու։

Բայց արդէն բոլորիս համար, մասնագէտ, քաղաքագէտ, թէ պարզ քաղաքացի, յստակ է, որ թշնամին մօտէն կը հետեւի մեր ձեռնարկած քայլերուն, յատկապէս բանակի զինավառութեան ընթացքին, պաշտպանութեան հնարաւորութիւններու աւելացման, կը գնահատէ, կ՝արժեւորէ ձեռքբերումները եւ կը պատրաստուի հակադարձելու, վստահաբար նախքան մենք հասնինք այնպիսի մակարդակի մը, որ կրնայ կասեցնել իր ներխուժումը մեր սահմաններէն ներս։

Էժանագին լրտեսներու տուած տեղեկութիւններու, բարոյալքող ներքին մթնոլորտի վրայ վստահած թշնամին կը թուի թէ տակաւին թոյլ կուտայ, որ մեր իշխանութիւնները շարունակեն լարուած, համակարգուած աշխատելու իրենց անվարժութիւնը քողարկելու գործելակերպը՝ նախընտրելով ինքնագոհ տեղեկագրութիւններով բաւարարուիլ՝ միջազգային հեռաձայններն ու այցելութիւնները շեփորելով։

Թշնամիի յարձակումը կրնայ որեւէ պահու ըլլալ։ Միջազգային կառոյցներն ու անոնց միջամտութիւնները արհամարհելու վարքագիծը քանիցս ապացուցած ռազմատենչ հակառակորդը իր լկտի յայտարարութիւններով կը փորձէ ահ ու սարսափ տարածել մեր մէջ, նսեմացնել մեր արժանապատուութիւնը եւ սահմանի դիրքերէն մինչեւ մայրաքաղաք, մինչեւ ամէն շէն ու աւան, խեղճացնել մեր ոգին։ Հեգնականը այն է, որ մեծով պզտիկով, իշխանաւոր թէ քաղաքացի, գիտենք այդ մասին, սակայն յարձակումը դիմագրաւելու համապատասխան վճռականութիւնն ու աշխատանքային լարումը, որ ինքնին ռազմավարական արժէք ունի չի նկատուիր մեր իրականութեան մէջ։ Այդ լարումն է, որ պաշտպանուելու, թշնամիին համարժէք պատասխան տալու ոգին պիտի ներշնչէ ու ամրացնէ ոչ միայն զինուորներու մէջ, այլ բոլորիս, հասարակութեան բոլոր շերտերը ներգրաւելով ընդհանուր, մարտունակ մթնոլորտի մը մէջ։ Այդպիսի մթնոլորտը միայն կրնայ մեր այսօրուան սպառազինութեամբ իսկ մտածել տալ թշնամիին՝ նախքան որեւէ քայլ առնելէ։

Մենք մեզի չխաբենք. թշնամին վստահաբար չի խաբուիր։ Ժամանակ չունինք, ժամանակի դէմ մրցելու թափով պէտք է աշխատինք, ամէն մէկս պատասխանատուութեան իր չափով՝ նոյնիսկ աւելիով։

Մեկնաբանել