Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Կառուցման Առաջին Հանգրուանը Ամբողջացաւ

Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնի հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը գտնուող թանգարանին կառուցման առաջին հանգրուանը արդէն իսկ ամբողջացած է եւ այս իրագործումը նշելու նպատակով տեղի ունեցաւ հանրային հաւաք մը, թանգարանի ինքնաշարժներու կանգառին վրայ։

Հանդիսավարութիւնը ստանձնեց եւ բացման խօսքը արտասանեց թանգարանի գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան, որ հոգաբարձութեան ու վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ համակիրներուն։

Քայլերգները կատարուեցան յայտնի երգչուի Ալին Արուստամեանի կողմէ։

Բացման աղօթքը միասնաբար կատարեցին թանգարանի հոգաբարձական կազմի համաատենապետներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան:

Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտի Քասախեան դրուատեց ծրագիրին ընթացքը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեանին, Փօլա Տիվայնին, Տենիըլ Պրոթմընին եւ Էլեն Ասատրեանին, որոնք նուիրումով նեցուկ կը կանգնին թանգարանին կառուցումը ամբողջացնելու ջանքերուն։

Ապա թանգարանի վարչութեան ատենապետ Պերճ Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրին զօրակցող նուիրատուներուն, համակիրներուն, քաղաքական գործիչներուն եւ համայնքային ղեկավարներուն։

Նշենք, որ թանգարանը մաս պիտի կազմէ քաղաքի արուեստներու եւ ժամանցի տարածքին։ Հայ-ամերիկեան երկյարկանի թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:

Asbarez.am

Մեկնաբանել