ԵՄի առաքելութիւնը կրնա՞յ երաշխաւորել սահմանի ապահովութիւնը

Ֆրանսահայ հասարակական գործիչ, եւրոպական քաղաքական շրջանակներէ ներս Հայաստանի ու հայութեան շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ ահագին փորձ ու վաստակ ունեցող Հիլտա Չոպոյեան Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն կը ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի Հայաստան քաղաքացիական առաքելութիւն ուղարկելու որոշման օգուտներն ու սահմանափակութիւնները։

Չոպոյանի գնահատումով, ԵՄի այս որոշումը կը միտի սահմանափակել Ռուսիոյ ազդեցութիւնը այս տարածաշրջանէն ներս։

Մեկնաբանել