«Սփիւռքի տարի»

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Երկրորդ տարին ըլլալով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը հռչակէ «Սփիւռքի տարի»` կոչ ուղղելով սփիւռքի բազմաշերտ գաղութներուն` միասնական ճիգով, թափով ու կորովով վերակազմակերպուելու, վերաշխուժանալու եւ Հայաստանի ու Արցախի կողքին մնալու:

Փաստօրէն անցնող շաբաթներուն 120 հազար արցախահայերու շրջափակման եւ այդ պատճառով յառաջացած կենցաղային, մարդկային, առողջական եւ այլ ճգնաժամին պէտք եղած ուժգնութեամբ չարձագանգեց սփիւռքահայութիւնը:

Սփիւռքը լուռ է, եւ այս մէկը նոր չէ: Տարօրինակ եւ անհասկնալի լռութիւն մը կը տիրէ սփիւռքահայ գաղութներուն մէջ:

Ինչո՞ւ այս լռութիւնը, ինչպէ՞ս թարգմանել եւ ի՞նչ հասկնալ:

Փաստօրէն սփիւռքահայութեան գաղութներու վերանայման, վերադասաւորման օրակարգ կայ:

Սփիւռքը իր կազմակերպուածութեամբ եւ ներուժով թէ՛ ներքին սփիւռքի իմաստով ընելիք ունի եւ թէ՛ ալ Հայաստանի ու Արցախի համար կատարելիքներ կան:

Աւանդականին, դասականին կողքին, աշխատանքի նոր ձեւեր որդեգրելու հարց ունինք:

Նոր թափով եւ կորովով, նոր շունչով, նոր կազմակերպուածութեամբ եւ ռազմավարութեամբ աշխատելու հրամայականը անյետաձգելի է:

Վերջին տարիներուն Հայաստան-սփիւռք կապի թուլացումը, նոր գաղութներու ձեւաւորումը, Սուրիոյ պատերազմի լոյսին տակ արտագաղթի եւ Հայաստանէն գաղթողներուն պատճառով սփիւռքի կարգ մը գաղութներու ղեկավարման դիմագիծը փոխուած է: Մեծամասնութիւններու կշիռքը ուրիշ պատկեր կը պարզէ: Չենք կրնար մենք մեզի, միայն մենքով աշխատիլ ու գործել: Նոր ուժեր ու նոր վիճակներ արագօրէն համադրելու անհրաժեշտութեան դէմ յանդիման ենք, որպէսզի իւրաքանչիւր գաղութ իր ներուժը ունենայ: Իւրաքանչիւրը կազմակերպ մնայ, որպէսզի գոյատեւէ, ուժերը հաւաքէ, որպէսզի տոկայ: Ժամանակը կը տկարացնէ մեր միասնութիւնը, եթէ այսօր իսկ չշարժինք, յետոյ շատ ուշ կ՛ըլլայ կազմակերպելու, դասաւորելու, առաջնահերթութիւնները ճշդելու:

Յաջողութեան գաղտնիքը արագ կազմակերպելու եւ բոլորը հաւաքելու մէջ կը կայանայ: Այսօր մեզի համար իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կարեւոր է իր դիրքով, գործով, կեանքով, աշխատանքով, եւ այս անհրաժեշտութեամբ պէտք է կազմակերպուին գաղութները:

Սփիւռքի տարի ըսելով` պէտք չէ կարդանք, լսենք ու անցնինք: Ընդհակառակն, պէտք է համախմբուինք, մտածենք, ծրագրենք` աւելի զօրաւոր մնալու եւ յարատեւելու համար:

Պէտք է տոկանք եւ մեր ուժերը համախմբենք:

Սփիւռքի տարին առիթ է, որ սփիւռքի կարեւորութիւնը հասկցուի, սփիւռքի արժէքը գիտցուի, սփիւռքի հետ վերաբերմունքը վերանայուի:

Այսպէս տարտղնուած, անկազմակերպ սփիւռքը միայն թշնամիին կը նպաստէ: Միմիայն գաղութներու տկարացման կ՛օգնէ: Մինչդեռ այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, Հայաստանն ու Արցախը կարիք ունին սփիւռքին: Արցախահայութիւնը մինակ պէտք չէ զգայ: Ընդհակառա՛կը, մեր զօրակցութեամբ կարելի է բոլորին հաշիւները խանգարել եւ ճիշդ ճամբան ընտրել:

Ուրեմն իւրաքանչիւրիս ազգային պարտքն է քայլ առնել եւ արգիլել որեւէ նահանջ ու ընկրկում:

Մեկնաբանել