Հայաստանի դիւանագիտութիւնը միայն հակազդող է. Ասպետ Գոչիկեան

Դիւանագիտութիւնը երկարաշունչ, համակարգուած աշխատանք կը պահանջէ, նպաստելով երկրի մէջ քաղաքական մշակոյթի ստեղծման։ Նման աշխատանքը մեզ կրնար պատրաստել դիմագրաւելու այսօրուան բարդ խնդիրները՝ Բերձորի փակուած միջանցքի բացումէն մինչեւ Ատրպէյճանի նախայարձակումները կանխելը։ Այս մասին խօսեցաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ամպիոնի վարիչ Ասպետ Գոչիկեանը։

Մեր դիւանագիտական համակարգը պէտք է առաջին հերթին յստակացնէ մեր նպատակները, մեր ռազմավարական առաջադրանքները եւ դուրս գայ կրաւորականութենէ։Այսօր նոյնիսկ պետական պատասխանատու պաշտօնեաները ի վիճակի չեն յստակ բանաձեւելու մեր արտաքին քաղաքականութիւնը։

Մեկնաբանել