Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կ’արձագանգէ Հալէպի երկրաշարժէն տուժած բնակչութեան կարիքներուն

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը աղօթքներու հետ միատեղ կ’արձագանգէ Հալէպի երկրաշարժէն տուժած բնակչութեան կարիքներուն

Հազիւ պատերազմի արհաւիրքէն ուշքի եկած եւ աննախադէպ տնտեսական տագնապով ճնշուած Սուրիահայ մեր գաղութը կանգնած է նոր աղէտի մը առաջ՝ անողորմ երկրաշարժը։ 2023 թուականի Փետրուար 6-ին, տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 4։17-ին, Հալէպի նահանգի բնակիչները ցնցուեցան 7.8 ուժգնութիւն ունեղող ահաւոր երկրաշարժով։ Աւելի ուշ անոր յաջորդեց եւս երկու ցնցումներ, որոնցմէ մէկը 7.5 ուժգնութեամբ, որուն յաջորդեց յաւելեալ յետցնցումներ։ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան կը հաղորդէ.- «Ըստ վերջին տուեալներու, Սուրիոյ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 568-ի, վիրաւորներու թիւը՝ 1353-ի, եւ փուլ եկած են 120 շէնքեր։ Բացի մարդկային կորուստներէ, եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու շէնքներ ալ նոյնպէս մեծ կառուցուածքային վնասներ կրած են, եւ ոմանք նոյնիսկ հիմնայատակ եղած են։ Հալէպի քաղաքի վնասուած կառոյցներու մասին տեղեկութիւններ ստանալէ անմիջապէս ետք, Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցին անմիջապէս գործի լցուեցաւ օգնելու երկրաշարժէն տուժած մեր հայրենակիցներուն։ Վախով պատուած եւ անօթեւան մնացած մարդիկ իրենց տուներէն փողոց ելան եւ աւելի քան 350 ընտանիքներ ապաստան գտան Բեթէլ Եկեղեցիի սրահներուն եւ բակին մէջ։ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նիւթական աջակցութեամբ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան քաջալերութեամբ, աղէտին առաջին արձագանգողները եղան անմիջական նիւթական աջակցութեամբ՝ հոգալով անմիջական եւ հիմնական կարիքներ, բարոյական աջակցութեան եւ աղօթքներու հետ մէկտեղ։

Ցաւով կը յայտնենք, որ Հալէպի երկրաշարժէն զոհուած երկու անձերը՝ Միրնա Թէնեքեճեանը եւ իր որդին՝ Ալպերն են։

Կ’աղօթենք որ Սուիրոյ մեր համայնքի տոկուն ոգին կրկին կը տիրէ այս վերջին աղետի խորքէն բարձրանալով։

Մեկնաբանել