Իրապէ՞ս փախցուցած ենք Արցախի հարցի լուծման պատմական առիթը

ԱՄՆի պետական քարտուղարութեան արխիւներէն հանուած փաստաթուղթերը եւ անոնց վերաբերեալ ցարդ հրապարակուած մեկնաբանութիւնները ամբողջական լոյս կը սփռե՞ն Արցախեան հարցի լուծման «լաւագոյն տարբերակ»ին Հայաստանի կողմէ մերժման ծալքերու եւ պատասխանատուներու վրայ։ Ո՞ր ուժերն էին որ թոյլ չտուին Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ընդունելու այս տարբերակը։ Այս մասին Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն Աբօ Պողիկեան զրուցեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց ամպիոնի վարիչ Ասպետ Գոչիկեանի հետ։ Փրոֆ. Գոչիկեան նաեւ անդրադարձաւ ներկայ հանգրուանին ԵՄի քաղաքացիական առաքելութեան նշանակութեան իբրեւ զսպիչ գործիք՝ Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան՝ ընդդէմ ատրպեճանական հաւանական յարձակումներու։ Գոչիկեանի բնութագրումով, եւրոպական առաքելութիւնը «քաղաքական ծածկոյթ» կը մատուցէ Հայաստանին։

Մեկնաբանել