Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը գումար յատկացուց Հալէպի հայութեան

Երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին ամբողջ օրը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն ու աւերներուն։

– Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ցարդ ունինք չորս զոհեր. յատկապէս Հալէպի մէջ բաւական նիւթական վնասներ արձանագրուած են։ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի վնասները յարաբերաբար աւելի նուազ են։

– Հալէպի մէջ Ազգային առաջնորդարանը եւ համայնքի ղեկավարութիւնը պատրաստած է եօթը յատուկ կեդրոններ, որպէսզի ժողովուրդը ապաստան գտնէ աւելի ապահով պայմաններու մէջ։

– Մեր Ս. Աթոռին կողմէ, վեհափառ հայրապետը գումար մը յատկացուց Հալէպի հայութեան, յիշեալ կեդրոններուն մէջ ապաստան գտած մեր ժողովուրդի զաւակներուն սննդաբաշխումի աշխատանքներուն համար։

– Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ նամակ յղեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին՝ իր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով Սուրիոյ ժողովուրդին։

Aztag Daily

Մեկնաբանել