Անհատին քաղաքական ազատութիւնը նաեւ կուգայ ենթակառոյցէն

Ռազմիկ Շիրինեան

Հակառակ երեւութապէս բարեկեցիկ կեանքին, հայրենի ժողովուրդը տակաւին զրկուած կը մնայ քաղաքական կեանքի բնական իր զարգացումէն։ Բազմաթիւ հին ու նոր հարցեր կը կուտակուին հայ անհատի առաօրեային մէջ։ Նախ, հինէն եկող ազգային նկարագիր կերտելու գաղափարախօսութիւնն է, որուն կառչած կը մնանք բացատրելու համար քաղաքական մեր գոյութիւնը՝ պատմական, ընկերային եւ մշակութային ամբողջ իր արժէքներով։ Այս հարցին մէջ կը պարփակուի քաղաքական մտքի բնական առընչութիւնը հայ անհատի ազատութեան եւ քաղաքական կեանքի զարգացումին հետ։ Կարեւորը այդ առընչութունը ամուր պահելն է, որպէսզի տոկուն մնայ ազգային մեր նկարագիրը։

Ապա, եւ աւելի ժամանակակից հարցը, յետ-պատերազմեան ճնշող ու ծանր տագնապն է կուտակուած մեր առօրեային ու հոգիներուն մէջ։ Այս տագնապէն դուրս գալու կարեւոր ու առաջնայերթ ռազմավարութիւնը այսօր հայրենի պետութիւնը կառուցելու ուղղութեամբ մեր առնելիք քայլերն են։ Պետութիւն կառուցելու ժամանակն է ներազգային տուեալներով, ներքին կարողութիւններով ու կարելիութիւններով եւ նուազագոյն պայմանաւորուածութեամբ շրջանային կամ միջազագային քաղաքական տուեալներով։

Պետութիւն կառուցելու այս հարցին մէջ Հայաստանի խորհրդարանն է որ պէտք է իր օրակարգին վրայ ունենայ երկրի ենթակառուցային զարգացումը։ Պիւտճէ յատկացնէ շինարարական աշխատանքին, ճամբաներուն, կամուրջներուն, կոյուղիներուն, ջուրի մատակարարման եւ բոլոր հաղորդակցութեան ու յարաբերութեան միջոցներուն։ Մնայուն օրակարգ մը որ դէպի երկիր եւ դէպի պետութիւն մտածելու եւ գործելու հիմնական նախապայմանները կը պարզեն մեզի համար։ Ենթակառոյցը պետութեան խարիսխն է որուն վրայ կը հաստատուի իշխանութեան ազդեցութիւնն ու իրաւականութիւնը երկրի ամբողջ տարածքին։ Ենթակառոյցն է որ ի վերջոյ կ՚իմաստաւորէ հայ ժողովուրդի քաղաքական հաստատուածութիւնը, առօրեայ կեանքն ու ժողովրդավար յարաբերութիւնը։

Ընդունինք որ հայրենի մեր ժողովուրդը ազգային ապրող իրականութիւն է, ներկան է եւ ունի իր հարազատ միջավայրը, իր կեանքը սեփական հողին վրայ, յաճախ անփոյթ՝ բայց ունի նաեւ շարունակական զարգացման իր ընթացքը։ Ընդունինք նաեւ, որ հայ ազգը անցեալով չի յատկանշուիր, պատերազմով չի սահամանուիր, այլ ներկայ իր կեանքով ու յարաբերութիւններով ուր կը պարփակուին քաղաքական կառոյց-ենթակառոյց շաղկապումը, ժողովրդավարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները։

Ներկան կը կառուցուի հայ անհատով, մեզմով, մեր առօրեայ եւ բնական յարաբերութիւններով եւ կը բնորոշէ մեր ազգին գոյութիւնը։ Մեր ազգը ներկայ մեր կեանքն է, ենթակառոյցին մէջ հաստատուած՝ մեր կենցաղով մեր յարաբերութիւններով։ Ազգին էականութիւնն է որ կը բնորոշուի ներկայ իր գոյութեամբ եւ կը զարգանայ մեր կառուցողական յարաբերութիւններով։ Մենք ենք որ կ՚իմաստաւորենք քաղաքական ազատութիւնը մեր սովորական կեանքով, առանց կաղապարուելու անցեալի մեր բարքերուն մէջ

Հայ անհատին քաղաքական ազատութիւնը նաեւ կուգայ ենթակառոյցէն։ Հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեան ազատ միջավայրին մէջ է որ հայ անհատը կ՝աշխատի, կ՝արտադրէ, կը ստեղածագործէ ու վերջապէս կ՝որոշէ ու կը գործադրէ իր որոշումը։ Ասիկա ժողովրդավարութեան կառուցողական եւ կիրառման առողջ ընթացքն է։

Դրացի երկիրներուն ենթարկուածութեամբ կաշկանդուած քաղաքական մեր մտածողութիւնը առիթ չէ տուած ազատ միջավայրի մեր ներքին զարգացումին։

Այս մտածողութիւնը նաեւ առիթ չէ տուած մեր ազգին էականութիւնը արժեւորելու իր ներկայ գոյութեան մէջ։ Ընդունինք որ հայ ազգը գոյութիւն ունի այսօր ոչ միայն իր աւանդներով, իր անցեալի փառքերով եւ սովորութիւններով, այլ իր ներկայ մարդկային իրաւունքներով, իր ժողովրդավար հասկացութեամբ ու յատկապէս իր քաղաքական ենթակառոյցով՝ առանց կաշկանդուելու արտաքին ճնշումներէն։ Իշխանութիւնը իր դիւանագիտական յարաբերութիւններով չի պայմանաւորեր ազգը։ Լաւագոյն պարագային կրնայ ուղղութիւն տալ անոր քաղաքական զարգացման ընթացքին։

Հաւանաբար նորութիւն չէ ըսել, որ քաղաքականութիւնը մարդ անհատին առօրեայ յարաբերութիւնն է ենթակառոյցին մէջ, ուր կը ճշդուի նաեւ կեանքի զարգացման ընթացքը: Քաղաքականութիւն հասկացողութիւնը դուրս կուգայ պատմութեան հոսանքին մէջ այդքան խեղաթիւրուած ու բացասական իր իմաստէն ու կը ստանայ դրական ու կառուցողական իմաստ: Քաղաքականութիւնը, ի վերջոյ, կը բխի սովորական անհատի կենցաղէն, առօրեայ յարաբերութիւններէն ու կ՝ընթանայ անհատի բնական խորքէն ու բնաւորութենէն: Մեր թշնամիները չեն կրնար ուղղութիւն տալ ենթակառոյցով հաստատուած պետութիւն կառուցելու քաղաքական մեր զարգացումին։

Մեկնաբանել