Մարդասիրական քաղաքականութիւնը այլընտրանքներ կրնայ ստեղծել

Թուրքիոյ մէջ աղիտալի երկրաշարժը եւ Հայաստանի մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կրնա՞ն երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու բարելաւման նոր՝ այլընտրանքային ուղիներ բանալ։

Այս հարցի շուրջ Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն Աբօ Պողիկեան զրուցեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց ամպիոնի վարիչ Ասպետ Գոչիկեանի հետ։

Փրոֆ. Գոչիկեան չի բացառեր որ Հայաստան դիւանագիտական եւ քարոզչական լայն աշխատանքներով կրնայ նոր, աւելի բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծել միջազգային շրջանակներու մէջ, որ ինքնին կրնայ դրականօրէն ազդել Արցախի շրջափակումը վերցնելու ճիգերուն վրայ։

Մեկնաբանել