Պատշաճը կատարելու արժէքը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ամէն ինչ կա­խեալ է տրա­մադ­րութե­նէ։ Եթէ կայ ըն­թացք մը բա­րելա­ւելու ծա­ռայող տրա­մադ­րութիւն, կող­քի գոր­ծօննե­րը կրնան նպաս­տել այդ տրա­մադ­րութեան յա­ռաջըն­թա­ցին։ Իսկ եթէ չկայ նման միտք կամ նպա­տակ, ամէն ինչ կը մնայ պղտոր մշու­շի մը ետին։ Այս խոր­հուրդնե­րով կը տա­րուիմ դի­տելով Թուրքիոյ ահ­ռե­լի երկրա­շարժը եւ այդ երկրա­շար­ժին հա­մար օգ­նութեան փու­թա­ցող Հա­յաս­տա­նի փրկա­րար­նե­րու ջո­կատի առա­քելու­թիւնը։

Հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքակրթու­թեան թե­լադ­րած կա­րեւոր ձեռքբե­րումնե­րէն մէկն է մեծ աղէտ­նե­րու ժա­մանակ եր­կիրնե­րու իրա­րօգ­նութեան հաս­կա­ցողու­թիւնը։ Ար­դա­րեւ 6 Փետ­րո­ւարին պա­տահած երկրա­շար­ժի աղէ­տէն ետք ալ, աւե­լի քան 65 եր­կիրներ փու­թա­ցին մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւն հասցնե­լու։ Այդ եր­կիրնե­րու մէջ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը։ Բո­լորին ծա­նօթ է թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ընդմիշտ ըն­թա­ցած են թշնա­մական տրա­մադ­րութեան ներ­քեւ։ Թուրքիա 2020-ի Սեպ­տեմբե­րին ամ­բողջո­վին ներգրա­ւուած էր ար­ցա­խահա­յու­թեան դէմ հրահ­րո­ւած պա­տերազ­մին։ Նոյ­նիսկ կա­րելի է ըսել ­թէ պա­տերազ­մի ռազ­մա­վարու­թիւնը մշա­կուե­ցաւ Թուրքիայէն ու­ղարկո­ւած սպա­ներու կողմէ։ Ու­րեմն շա­տեր մա­նաւանդ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման պայ­մաննե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նի օգ­նութիւ­նը անի­մաստ, նոյ­նիսկ սխալ հա­մարե­ցին։ Իսկ ու­րիշներ ալ ակնկա­լու­թիւններ բեռ­ցուցին Հա­յաս­տա­նի այս փափ­կա­վարա­կան մեր­ձե­ցու­մէն։ Կար­ծե­ցին թէ նման քայ­լով կա­րելի կ՚ըլ­լայ սի­րաշա­հիլ հա­կառա­կոր­դը։ Եր­կու մեր­ձե­ցումներն ալ կը սխա­լէին։ Հա­մոզուած ենք թէ մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւն կո­չուա­ծը պէտք է ան­կախ հա­մարել կող­քի բո­լոր գոր­ծօննե­րէն։ Այդ առու­մով տե­ղին եղած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան որո­շու­մը։ Բայց այդ որո­շու­մէն դրա­կան հե­տեւանքներ ակնկա­լելը բո­լորո­վին անի­մաստ է։

Նախ պար­տինք նշել թէ եր­կիրներ, աւե­լի ճիշ­դը պե­տու­թիւններ իրենց քա­ղաքա­կանու­թիւնը կը կա­ռու­ցեն առանց տա­րուե­լու այս կամ այն գոր­ծօ­նէն։ Եթէ կա­րիքը զգան մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւ­նը կրնան ծա­ռայեց­նել յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բա­րեկարգման։ Գո­նէ հա­սարա­կու­թեան դի­մաց իրենց որ­դեգրած հաշ­տութեան ծրագ­րին հա­մար ու­նե­ցած կ՚ըլ­լան կա­րեւոր խա­ղաքարտ մը։ Բայց բո­լորս գի­տենք թէ Հա­յաս­տան- Թուրքիա յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բա­րելա­ւու­մը կը գե­րազան­ցէ այս եր­կու ժո­ղովուրդնե­րու կամ­քը։ Անոնց վե­րեւ կան կողմնա­կի ու­ժեր, որոնք եւս ու­նին իրենց հա­շիւ­նե­րը։

Այդ է պատ­ճա­ռը որ Հա­յաս­տա­նի ցու­ցա­բերած մար­դա­սիրա­կան մեր­ձե­ցու­մը հա­մապա­տաս­խան ար­ձա­գանգ չէ ու­նե­ցած Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ։

Հա­յաս­տա­նէն եկած փրկա­րար­նե­րու ջո­կատը պա­տուա­բեր կեր­պով կա­տարած է իր առա­քելու­թիւնը։ Անոնք պաշ­տօն ստանձնե­ցին աւե­րուած, փուլ եկած շէն­քե­րու փլա­տակ­նե­րէն կեն­դա­նի մնա­ցած մար­դի­կ ազա­տելու։ Յա­ջողե­ցան իրենց առա­քելու­թեան մէջ, այդ փլա­տակ­նե­րէն երեք հո­գի դուրս բե­րելով։ Անոնց ջան­քե­րով Հա­յաս­տան կա­տարած եղաւ մի­ջազ­գա­յին պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան թե­լադ­րանքը։ Ամէն ինչ պար­տինք դի­տել այս նեղ սահ­մա­նին մէջ եւ խու­սա­փինք յա­ւելեալ ան­տե­ղի ակնկա­լու­թիւննե­րէ։

Մեկնաբանել