Գերմանիայէն 15 ոստիկաններ պիտի դիտարկեն հայ-ատրպէյճանական սահմանը

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի դիտարկումը պիտի սկսի յաջորդ Երկուշաբթի օրէն սկսեալ։ Այս մասին Պերլինի մէջ յայտարարեց կառավարութեան բանբեր Շտեֆեն Հեպեշթրէյթ:

Ըստ անոր՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանը պիտի դիտարկեն նաեւ Գերմանիայէն 15 ոստիկաններ: Գերմանիայ կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ նաեւ քաղաքացիական փորձագէտներ ուղարկել:

Ընդհանուր առմամբ շուրջ 100 կիներ եւ տղամարդիկ պիտի մասնակցին Եւրոպական Միութեան առաքելութեան, զոր կը գլխաւորէ Գերմանիոյ դաշնակցային ոստիկանը:

Asbarez

Մեկնաբանել