Միւնիխի մէջ Ալիեւի բառամթերքի փոփոխութիւն մը զգալի էր

Աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու ղեկավարներ անցեալ շաբաթավերջին Միւնիխի մէջ անվտանգութեան հարցերու նուիրուած քննարկումներ կատարեցին։ Այս քննարկումներուն տարբեր ձեւաչափերով մասնակցեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները։

Քաղաքագէտ Ասպետ Գոչիկեան Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն իր մեկնաբանութիւնները ներկայացուց Աբօ Պողիկեանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։

Ըստ Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց ամպիոնի վարիչ Գոչիկեանի, այս քննարկումներու ընթացքին Ալիեւի յայտարարութիւններուն եւ արտայայտած մօտեցումներուն՝ օգտագործած բառամթերքին մէջ որոշ փոփոխութիւն նկատելի էր, որ կը միտէր աւելի ընդունելի ներկայանալ Արեւմուտքի ղեկավար շրջանակներուն։

Ըստ փրոֆ. Գոչիկեանի, Հայաստանի վարչապետը շատ զգուշօրէն եւ դիւանագիտօրէն պատասխանեց Մինիխեան հանդիպումներու ընթացքին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերուն, այսուհանդերձ կարելի չէ թաքցնել, որ 1994էն ի վեր երկու երկիրներու քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ այսքան լայն վիհ չէ եղած։

Աջակցել մեզ

Մեկնաբանել