Ինչու տակաւին Լաչինի միջանցքը չէ բացուած

ՄԱԿի Միջազգային արդարադատութեան դատարանի Լաչինի միջանցքը բանալու որոշում, Միւնիխի մէջ Ալիեւի Ռուբէն Վարդանեանը պետական նախարարի պաշտօնէն հեռացնելու նախապայմանի կատարում, այս ամէնով հանդերձ արդէն քանի օր է Լաչինի միջանցքը կը մնայ փակ ազատ երթեւեկման համար։ Ինչու՞։ Ինչ են հեռանկարները։

Այս հարցի եւ անմիջական հրատապութիւն ունեցող հարցերու մասին Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն Աբօ Պողիկեան զրուցեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց ամպիոնի վարիչ դոկտ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ։

Փրոֆ. Գոչիկեան նաեւ իր կարծիքը յայտնեց, թէ ինչ քայլեր պէտք է հետեւին հայկական դիւանագիտական ճակատի վրայ՝ որպէսզի միջազգային դատարանի որոշումը ի կատար ածուի։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ժողովրդական ընկալումի մասին՝ արեւմտամէտ տրամադրութիւնները խրախուսող, որոնց հակազդելու եւ իր ազդեցութիւնը պահպանելու կամ ուժեղացնելու համար Ռուսաստանը պարտաւորուած պէտք է զգայ որոշ քայլեր առնելու։

Աջակցել մեզ

Մեկնաբանել