Դիւանագիտութիւնը անշուշտ կրնայ թաքնուած ծալքեր ունենալ

Փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ այս զրոյցի առաջին բաժինը (մինչեւ 10:30 ռոպէն) իր վերլուծումն է Վրաստանի վերջին իրադարձութիւններուն, արտասահմանեան հիմնադրամներէ օգտուող լրագրական կամ հասարակական կազմակերպութիւնները իբրեւ ոտար երկրի գործակալներ արձանագրելու օրէնսդրական նախաձեռնութեան եւ անոր դէմ ժողովրդական ընդվզումին, որու իբրեւ արդիւնք խորհրդարանը ետ վերցուց օրինագիծը։

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց ամպիոնի վարիչ դոկտ. Գոչիկեան հաստատեց, որ օրինագծի դէմ դուրս եկողները ռուսական ազդեցութեան տարածման միջոց նկատած էին զայն եւ իրենց ընդվզումը ճիշդ այդ ազդեցութեան դէմ ուղղուած էր։

Զրոյցի մնացեալ մասով Գոչիկեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ եւս նոյնօրինակ տրամադրութիւններ կան, որոնք աւելի կը խորանան Հայաստան-Ռուսիա, Հայաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու զարգացման նոր հոլովոյթներուն լոյսին տակ։Այս զարգացումները պէտք է հաւասարակշռուած կառավարուին ՝ եթէ անշուշտ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը վարողները կարենան գտնել աշխատանքի ճիշդ բանաձեւը։

Դիւանագիտութիւնը կրնայ թաքնուած ծալքեր ունենալ, սակայն թէ’ ներքին՝ ժողովրդային եւ թէ արտաքին քաղաքական շջանակներուն պէտք է կարենայ յստակ պատգամներ փոխանցել, կ՝ըսէ Գոչիկեան, այդ մարզի մէջ ակնյայտ թերացումներ գտնելով Հայաստանի դիւանագիտական դիրքորոշումներուն մէջ։

Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրի այս հաղորդումը վարեց Աբօ Պողիկեան։

Մեկնաբանել