Լիբանանեան Դրամանիշը Աւելի Եւս Կ՛արժեզրկուի` Ուղղուելով Դէպի Խայտառակութիւն

Սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը հասած է 100.000 լ. ոսկիի․ լիբանանեան դրամանիշը աւելի եւս արժեզրկուած է, աւելի եւս ընկճելով քաղաքացին:

Առաւօտեան ժամերուն, ցասկոտ քաղաքացիներ Շիյյահի Մար Մխայէլ եկեղեցիին դիմաց ճամբան փակեցին` բողոքելով ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած բարձրացումին եւ սղաճին դէմ, իսկ կէսօրին փոխադրատարներու եւ բեռնատարներու վարորդները Սայտայի ծովային ճամբան փակեցին նոյն պատճառով:

Հոս հաւանաբար պէտք է զարմանք արտայայտել, թէ ո՞ւր են 6 տոլարի համար փողոցները փակող քաղաքացիները, որոնք ամիսներ շարունակ ողողեցին Կեդրոնական Պէյրութի հրապարակները, եւ երկրին տարբեր նահանգները իրարու կապող մայրուղիներն ու միջազգային մայրուղիները փակ պահեցին հրկիզուող անիւներով:

Իր տառապանքին մէջ լուռ տնքացող քաղաքացին կը շարունակէ առանձինն խեղդուիլ, տանջուիլ ու առանց բողոքի ձայն բարձրացնելու տոկալ այս բոլորին` յոռեգոյն պարագային ունենալով վատ աւարտ մը` ինչպէս` կաթուածահար ըլլալով մահանալ, կամ անձնասպանութիւն գործել, իսկ լաւագոյն պարագային` իբրեւ շնչող էակներ շարունակել իրենց կեանքը, որովհետեւ անոնք չեն ապրիր:

Լիբանանի մէջ քաղաքացիներու իրաւունքները ողբերգական իրավիճակի մատնուած են: Լիբանանցիներուն աւելի քան 80 առ հարիւրը աղքատացած են:

Նշենք նաեւ, որ երկրին մէջ անձնասպանութիւն գործողներուն համեմատութիւնը իր կարգին բարձրացած է եւ վերածուած 2 օրը անգամ մը մէկ անձնասպանութեան պարագայի, իսկ իւրաքանչիւր 6 ժամը անգամ մը` անձնասպանական փորձ մը կատարելու պարագայի:

Միւս կողմէ, դատական մարզին նկատմամբ իրենց բողոքը արտայայտելու միակ միջոցը գտած դրամատուները երէկ փակեցին իրենց դռները` սկսելով բաց գործադուլ մը, ինչպէս նախապէս յայտարարած էին:

Այս մարզը, որ նաեւ պատասխանատու է քաղաքացիներուն ունեցած գումարներուն վերացման, ինքնագլուխ որոշումներ կու տայ, եւ իր քմահաճոյքին համաձայն իր դռները կը բանայ կամ կը փակէ, առանց մտածելու, որ դրամատան մէջ տակաւին քիչ մը աշխատավարձ ունեցող քաղաքացին, որ պիտի փորձէ իր սննդեղէնի տարրական կարիքները հոգալ, ի՛նչ կ՛ընէ, երբ դրամատուները փակ են:

Բայց եւ այնպէս երէկ կէսօրէ ետք Դրամատուներու միութիւնը յայտնեց, որ կ՛ուղղուի երկուշաբթի, 20 մարտ 2023-էն սկսեալ իր յայտարարած բաց գործադուլի որոշումը բեկանելու` հաստատելով, որ կացութիւնը վտանգաւոր դարձած է, եւ պետութիւնը պէտք է իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ` ամբողջական լուծումներու յանգելու առումով:

Ընդհանուր պատկերին մէջ սակայն, դրամատուներուն բաց կամ փակ ըլլալը պիտի չկարենայ հարցեր լուծել, այնքան ատեն որ երկրին քաղաքական տագնապը կը յամենայ:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահական ընտրութեան առումով թերեւս յոյսի նշոյլներ սկսած են երեւիլ, սակայն երկիրը յուզող տագնապները կը գոյատեւեն եւ աւելի եւս կ՛ամրապնդեն իրենց դիրքերը` բոլորին համար յստակ դարձնելով, թէ անոնց լուծման առումով անորոշութիւնն է տիրականը:

Aztag Daily

Մեկնաբանել