Հարցազրոյց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի հետ

Հարցազրոյցը վարեց Վարուժան Թէնպելեան

Հարցազրոյցին մէջ նաեւ ներդրում ունեցաւ Հայկական Բաժանմունքի Օգնական Տնօրէն՝ Շողեր Մարկոսեան

Դոկտ. Ռազմիկ, իբրեւ մուտք, մեր առաջին հարցումով՝ կը խնդրենք որ անդրադառնաք Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի պատմութեան եւ կառոյցին:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին արմատները կ’երթան մինչեւ 1956, երբ հիմը կը դրուէր բովանդակ հիմնարկութեան եւ անոր տարբեր բաժանմունքներուն: Սկզբնական շրջանին, Հայկական Բաժանմունքը մաս կը կազմէր Միջին Արեւելեան բաժանմունքին: Տարիներու ընթացքին կազմաւորուեցաւ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը՝ իր այժմու կառոյցով: Ներկայիս Բաժանմունքը միայն հայկական նիւթերու ուղղութեամբ կ՚աշխատի, իսկ Բաժանմունքին առաքելութիւնը մաս կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան ընդհանուր առաքելութեան, որ ըստ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կտակին՝ պէտք է կեդրոնանայ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարդասիրական ոլորտներուն վրայ: Այս պարունակին մէջ, Հիմնարկութեան իւրաքանչիւր բաժանմունքի տնօրէն, Հոգաբարձու մարմինին հաւանութեամբ, կը ճշդէ իր բաժանմունքին աշխատանքային ուղղութիւնները` հաւատարիմ մնալով Հիմնարկութեան ընդհանուր համոզումներուն։

Այսօրուայ դրութեամբ, Հայկական Բաժանմունքը աւելի քան 20 երկիրներու մէջ ներկայութիւն ունի իր հովանաւորած ծրագիրներով եւ տրամադրած կրթաթոշակներով, ներառեալ՝ Լիբանան, Արժանթին, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Յունաստան, Պելճիքա, Թուրքիա, Հունգարիա, եւ անշուշտ Հայաստան:

Բաժանմունքին պատմութեան, գործունէութեան եւ աշխատակազմին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել մեր կայքէջին մէջ։

Իբրեւ հայաշխարհը թիրախաւորած նպաստատու կազմակերպութիւն, որո՞նք են ձեր ընդհանուր սկզբունքները եւ ի՞նչ ընթացակարգով կ’որդեգրուին նպաստընկալ նախագիծերը:

Բաժանմունքը կ՚առաջնորդուի աշխատանքային արհեստավարժ եւ թափանցիկ հիմքերով՝ գործունէութեան առանցքը պահելով իր սահմանած առաջնահերթութիւնները եւ հիմնասիւները։ Թիրախաւորուած աշխատանքն է որ պիտի ապահովէ աւելի շօշափելի արդիւնքներ եւ ունենայ աւելի մեծ դրական ներգործութիւն։ Ըլլալով նպաստատու կազմակերպութիւն, անհրաժեշտ է ըլլալ միաժամանակ խիստ եւ ճկուն. խիստ՝ միշտ առաջնորդուելով սահմանուած ուղղութիւններով, եւ ճկուն՝ ի պատասխան հայկական աշխարհին յարափոփոխ իրականութիւններուն։

Հայկական բաժանմունքը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ մեծ Հիմնարկութեան պարունակին մէջ, ուր կը գործեն աշխատանքային ընդհանուր պայմաններ: Ամէն տարի իւրաքանչիւր բաժանմունք պարտի Հոգաբարձու մարմինին ներկայացնել յառաջիկայ տարուայ աշխատանքի ընդհանուր ուղղութիւնները եւ ստանալու ծրագիրներու հաստատումը ։ Պէտք է աշխատանքային զեկոյցներ ներկայացնել եւ վարչական գետնի վրայ կատարեալ յստակութիւն եւ թափանցիկութիւն ապահովել. բան մը որ մենք ալ մեր հերթին կը ջանանք ապահովել մեր գործընկերներուն հետ աշխատած ժամանակ՝ խնդրելով աշխատանքային յստակութիւն, զեկոյցներ եւ այլն։ Այս մէկը միշտ չէ որ դիւրին է, բայց ժամանակի ընթացքին կը գոյանայ արհեստավարժ աշխատանքի եւ թափանցիկութեան այս մշակոյթը։

Բաժանմունքի հովանաւորած նախագիծերը կրնան ըլլալ մէկէն երեք տարուայ համար: Իսկ աւելի երկարաժամկէտ նախագիծեր հարկ է նորոգել եւ անոնց համար կրկին հաստատում ստանալ:

Գալով դիմումնագիրները արժեւորելու գործընթացին, ապա առաջին փուլը կ՚ենթադրէ նախնական զտում մը տեսնելու թէ առաջարկուած նախագիծը մաս կը կազմէ՞ մեր առաջնահերթութիւններուն եւ կը համընկնի՞ մեր ընդհանուր մօտեցումներուն եւ ռազմավարութեան հետ, թէ՞ ոչ: Ապա վաւեր նպաստի բոլոր դիմումները կ՚արժեւորուին Բաժանմունքին ներքին յանձնախումբին կողմէ, որմէ ետք ներքին կարգով վերջնական որոշումը կը կայացնէ տնօրէնը: Այդ որոշումը կը հաստատուի հոգաբարձութեան կողմէ, այսինքն կարելի է ըսել որ պաշտօնապէս, վերջնական որոշումը Հոգաբարձու մարմնին կը պատկանի, մանաւանդ երբ նախագիծի մը նպաստի գումարը համեմատաբար մեծ է։ Հոգաբարձու մարմինը բաղկացած է ինը անդամներէ, բոլորը Փորթուկալցի, բացի Պարոն Մարթին Էսաեանէն, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռն է ու Լոնտոն կը բնակի:

Տարեկան որքա՞ն կը գնահատուի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին նախահաշիւը կամ պիւտճէն:

Հայկական բաժանմունքին տարեկան պիւտճէն շուրջ 3.7 միլիոն եւրօ է, որ կը կազմէ Հիմնարկութեան ընդհանուր պիւտճէին մօտաւորապէս 3.7 առ հարիւրը: Այս գումարին 90 տոկոսը կը տրամադրուի ծրագիրներու, իսկ մնացածը կը յատկացուի Բաժանմունքին անձնակազմին եւ յարակից այլ ծախսերու: Ուրախ եմ յայտնելու որ նախանցեալ տարի մեր պիւտճէն կրցանք 200 հազար եւրոյով բարձրացնել:

Հայկական Բաժանմունքի համատարած աշխատանքներուն եւ որդեգրած նախագիծերուն մէջ ուշագրաւ է հիմնական կեդրոնացում մը արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, զարգացման եւ երիտասարդականացման վրայ. ինչո՞ւ այս կեդրոնացումը:

2013-ին երբ Լիզպոն եկայ տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելու, իմ առաջին գործս եղաւ ռազմավարութիւն մը մշակել, թէ ի՞նչ գործունէութիւն պիտի ծաւալէ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը: Ես հայկական աշխարհին բաւական ծանօթ էի, բայց չուզեցի Լիզպոնէն հեռակայ մտածել թէ ի՞նչ պէտք է ընել, եւ ձեռնարկեցի շարք մը ճամբորդութիւններու եւ հանդիպեցայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ շատ մը ղեկավարներու, մտաւորականներու, ուսուցիչներու եւ անհատներու, բոլորին հետ խորհրդակցելու եւ առնելու անոնց կարծիքը:

Սփիւռքի մէջ, մեծամասնութիւնը անդրադարձաւ արեւմտահայերէնին, եւ անոր ուղղութեամբ աշխատելու պահանջքը ձեւով մը ժողովուրդէն եկաւ կարելի է ըսել։ Իսկ համալսարանական կրթաթոշակները անշուշտ կարեւոր մէկ մասն էին Բաժանմունքին երկարատեւ գործունէութեան, ուրեմն այս երկուքին շուրջ էր որ սկսայ ծրագիր մշակել։

Հետաքրքրական դրուագի մը անդրադառնամ՝ երբ ծրագիրը մշակեցի եւ զեկոյցը ղրկեցի Մարթին Էսաեանին՝ ըսելով, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ կ՚առաջարկեմ որ աշխատինք, ան հակազդեց հարցնելով՝ որ կը հասկնար թէ շեշտը ինչո՛ւ արեւմտահայերէնի վրայ կը դրուէր, բայց կ’ուզեր իմանալ թէ յաջողութեան որեւէ երաշխիք ունէի՞նք: Իսկ ես պատասխանեցի թէ որեւէ երաշխիք չունէի, բայց ա՛յս էր որ պէտք էր ընել ներկայ պայմաններուն տակ, եւ աւելցուցի՝ «It is the right thing to do»: Երկա՜ր լռութենէ ետք, պատասխանեց՝ «so be it»: Ուրեմն որոշուած էր՝ շեշտը պիտի դնէինք արեւմտահայերէնին վրայ, եւ ուրեմն անմիջապէս սկսանք այս ուղղութեամբ լրջօրէն աշխատիլ եւ ծրագիրներ մշակել:

Բայց ի՞նչ կը նշանակէ արեւմտահայերէնի ուղղութեամբ աշխատիլ։ Լեզուի մը կենսունակութիւնը ապահովելու աշխատանքը կ՚ենթադրէ լայնածաւալ աշխատանք մանկավարժական գետնի վրայ՝ դպրոցներու, տնօրէններու, աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ համալսարաններու հետ. աշխատանք մշակութային գետնի վրայ՝ նորարարական ծրագիրներ մշակելով եւ լեզուն զարգացումի եւ ստեղծագործութեան կալուած բերելով. աշխատանք թեքնաբանական գետնի վրայ՝ թուային աշխարհին մերձենալով եւ կենսական նոր գործիքներ ստեղծելով, որ լեզուն ամենօրեայ դրութեամբ գործածուի։ Ասոնք կը թուեմ որպէս ընդհանուր կաղապար մը, բայց հարկ է ըսել որ մեր գործունէութեան մէկ կարեւոր մասը, ամենէն փոքր նախագիծերէն մինչեւ ամենէն մեծերը, ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով կը նպաստեն նոյն նպատակին՝ այսինքն լեզուին կենսունակութեան եւ զարգացումին։

Մամուլէն իմացանք, որ արդէն իսկ պատրաստ է ձեր գործունէութեան յառաջիկայ նոր հնգամեակի նախագիծը: Ընդհանրապէս հիմնական ի՞նչ սկզբունքներով կ’առաջնորդուին ձեր ծրագիրները:

Բաժանմունքը ծրագիրներ կը մշակէ եւ կը հովանաւորէ կրթական, գիտական, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ: Այժմ կ՚անցնինք նոր հնգամեայ ծրագիրի մը որուն ընդհանուր կաղապարը պատրաստ է եւ արդէն իսկ հրապարակած ենք։ Ծրագիրին բնաբանն է՝ «Հզօրացնել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու կրթութիւնը Սփիւռքի մէջ, եւ խթանել գիտական հետազօտութիւնն ու քննական միտքը Հայաստանի մէջ»:

2023-ը անցումային տարի է մեր Բաժանմունքին համար, այսինքն՝ կ՚ամփոփենք նախորդ տասը տարիներու մեր գործունէութիւնը, եւ կ՚անցնինք նոր հնգամեայ ծրագիրին։

Բաժանմունքին գործունէութեան առանցքը կը կազմեն հետեւեալ չորս հիմնասիւները՝

  1. Արեւմտահայերէն լեզու՝ Երաշխաւորել արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը, հովանաւորելով լեզուի իւրացումի եւ ուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներէն մինչեւ լեզուն ամրապնդող թեքնաբանական նախաձեռնութիւններ:
  2. Մշակութային ստեղծագործութիւն եւ զարգացում՝ աջակցելով մշակութային ստեղծագործական ընթացքին, ուր շեշտը կը դրուի թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արուեստներու փոխակերպող դերին վրայ հասարակութիւններու եւ անհատներու կեանքին մէջ:
  3. Հետազօտութիւններ եւ քննական ներգրաւուածութիւն՝ աջակցելով հետազօտական եւ թարգմանական աշխատանքներու, որոնք կը խթանեն հասարակական եւ ընկերային գիտութիւններու ոլորտին մէջ քննական մտածողութիւնը եւ փաստացի հիմք կը հանդիսանան քաղաքականութեան մշակումի համար, յատկապէս Հայաստանի մէջ:
  4. Համալսարանական կրթանպաստներ՝ յատկացնել կրթաթոշակներ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հայագիտութեան ոլորտին եւ ժամանակակից խնդիրներու, ինչպէս նաեւ զարգացող երկիրներու մէջ հայ ընթացաւարտ թեկնածուներու վրայ:

Շուտով պիտի հաղորդենք մեր նոր ռազմավարական ծրագիրին մանրամասնութիւնները մեր թարմացուած կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ նախատեսուած շարք մը միջոցառումներու ընթացքին: Բայց եւ այնպէս, հիմա իսկ ուղղութիւնները շատ յստակ են եւ իւրաքանչիւր հիմնասիւն համապարփակ ձեւով կը ներկայացնէ գործունէութեան առանցքը, որուն ընդմէջէն պէտք է աշխատիլ։ Նախագիծերու նոր դիմումնաշրջանը բաց է եւ մենք պատրաստ ենք նոր մարտահրաւէրներու։

Ամփոփեմ հետեւեալ աւելի լայն կէտով. կարեւոր է տեսլական մը եւ յստակ աշխատանքային ուղի մը ունենալ, կեդրոնացումը պահել եւ աչալուրջ ըլլալ յարափոփոխ իրականութիւններու. հարկ է ճիշդ ախտորոշել պահանջներն ու լաւ գնահատել «միջամտութիւններու» ազդեցութիւնը, եւ յարատեւել նոյն աշխատանքային կշռոյթով՝ միշտ ընդլայնելով գործընկերներու ցանցը: Այսպէսով կարելի է դրական արդիւնքներ ապահովել եւ բարեփոխումներու հասնիլ։ Բոլորս գիտակից ենք որ ներկայիս, մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ, որեւէ բարեփոխում կենսական է եւ արժէքաւոր։

Ինչպիսի՞ նախագիծեր, հաստատութիւններ եւ անձեր կրնան նպաստ ստանալ Հայկական Բաժանմունքէն եւ ի՞նչ յատկանիշեր կը պայմանաւորեն ձեր եւ նպաստառուներու գործակցութիւնը:

Մեր նպատակն է ստեղծել նախադրեալներ որ արեւմտահայերէն լեզուն եւ մշակոյթը հարստանան ու զարգանան ամենուրէք, յատկապէս Սփիւռքի մէջ։ Կը մշակենք ծրագիրներ որոնք կը նպաստեն եւ կ՚աջակցին կրթական, մշակութային եւ ստեղծագործական ոլորտներու նորարարութեան եւ ժամանակակցութեան՝ ապահովելու արեւմտահայ լեզուին ու մշակոյթին կենսունակութիւնը, որ սերտօրէն կապուած է նաեւ եկող սերունդներու կենսունակութեան Սփիւռքի մէջ:

Կ՚աջակցինք նաեւ մշակութային մեր իրականութեան մէջ փոփոխութիւն բերող գործիչներու, եւ կը ձգտինք ներշնչելու մարդիկ եւ զանազան սփիւռքեան համայնքներ, որպէսզի անոնք վերաիմաստաւորեն եւ տարածեն լեզուն եւ մշակոյթը՝ թարմ գաղափարներու ընդմէջէն, որոնք պիտի մղեն պատկերացնելու արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայ մշակոյթի կենսունակ ապագան Սփիւռքի մէջ։

Սփիւռքակեդրոն մօտեցումը նաեւ կ՚ենթադրէ աշխատանք տարբեր տեսակի սփիւռքեան կառոյցներու հետ զանց չառնելով ոչ մէկը. օրինակ՝ լեզուի փոխանցումին ուղղութեամբ աշխատանքը պէտք է ըլլայ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն եւ զանազան կրթական կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցաբար։ Այս ոլորտին մէջ, Բաժանմունքին աշխատանքները կեդրոնացած են աշակերտներու եւ ուսուցիչներու վրայ, ինչպէս նաեւ դպրոցներու ղեկավարութեան եւ հայերէնի ամբողջական դպրոցական կրթական ծրագիրներու վրայ, որպէսզի Սփիւռքի հայկական դպրոցներէն ներս կարելի ըլլայ իսկական բարեփոխումի հասնիլ։ Հոս թիրախն են հայկական բոլոր դպրոցները՝ հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկայի, Միջին Արեւելիքի եւ Եւրոպայի մէջ։ Բաժանմունքը կը համագործակցի բոլո՛ր այն դպրոցներուն հետ որ հետաքրքրուած են կրթական բարեփոխումներով։ Իսկ սփիւռքեան դպրոցներուն, կրթական, մշակութային եւ այլ կառոյցներու հետ աշխատանքը ո՛չ միայն կենսական է այլեւ ձեւով մը գրաւականներէն է մեր յաջողութեան. առանց այս համագործակցութիւններուն, դժուար է արդիւնքի հասնիլ։ Լեզուի կենսունակութեան հանդէպ ամբողջական մօտեցում մը կը ցուցաբերենք, այսինքն կ՚աշխատինք նաեւ ընկերային ծառայողներու, հոգեբաններու, յատուկ կրթութեան ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններու հետ եւ աւելին, որոնք հայերէնով կ՚աշխատին երեխաներու հետ։ Կ՚աշխատինք նաեւ գործող մշակութային կազմակերպութիւններու, լրատուամիջոցներու հետ եւ այլն։

Մեր յստակ դիրքորոշումն է, որ լեզուն միայն անցեալին հետ կապուած չըլլայ, լեզուն ամենօրեայ է, ան զարգացում կ՚ապրի եւ սերտօրէն առնչուած է ապագային հետ: Նպատակն է արեւմտահայերէնո՛վ անդրադառնալ համամարդկային եւ ազգային հիմնահարցերու, լուծումներու մասին խորհիլ արեւմտահայերէնո՛վ, մտածողական կալուածը զարգացնել արեւմտահայերէնո՛վ, լեզուին հարազատ լեզուամտածողութիւնը չզիջելով։ Կենսական է կապեր հաստատել այլ մշակոյթներու հետ՝ արեւմտահայերէնի՛ միջոցով։ Եւ վերջապէս անհրաժեշտ է ապահովել երիտասարդներու մասնակցութիւնը հասարակաց մշակութային շրջարկին եւ հայկական ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։

Աւելցնեմ որ Բաժանմունքը յատուկ ուղղուածութիւն ունի Հայաստանի մէջ, ուր կեդրոնացումը քննական մտածողութեան եւ ընթացիկ խնդիրներու վերաբերող գիտական հետազօտութիւններու զարգացումին վրայ է։ Կ’աջակցինք քաղաքականութեան մշակումին ուղղուած հետազօտական ծրագիրներու, կը տրամադրենք էական աջակցութիւն հետազօտական կեդրոններու եւ նպաստ կը յատկացնենք կարեւոր միջազգային հրատարակութիւններու հայերէն թարգմանութեան եւ անոնց տարածման:

Արդեն իսկ անդրադարձայ համալսարանական կրթաթոշակներուն: Միայն աւելցնեմ թէ մեր տարեկան պիւտճէին մօտ մէկ երրորդը կը տրամադրենք կրթաթոշակներու, որ կոկիկ ներդրում մըն է ապագայ սերունդին պատրաստութեան մէջ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, եւ Հայագիտական ծիրէն ներս:

Կարելի է մեր նորութիւններուն հետեւիլ թէ՛ մեր կայքէջին, թէ՛ մեր Facebook-ի պաշտօնական էջին միջոցով, ինչպէս նաեւ բաժանորդագրուելով մեր լրատուին։

Աղբիւր՝ Darperag21

Մեկնաբանել