Կան Կասկածներ, Որ Պաքուի Կողմէ Գերի Պահուող Վիգէն Էօլճեքճեան Սպաննուած Է

«Ասպարէզ»ի համար յատուկ լրատուութեան մը մէջ, Յասմիկ Սիմուր կը տեղեկացնէ, թէ Պաքուի մէջ գերի պահուող լիբանանահպատակ Վիգէն Էօլճեքճեանի կինը` Լինտան ունի կասկածներ, որ Վիգէնը բանտին մէջ չարչարելով սպաննած են, եւ այս գծով ան նամակներ յղած է ՄԱԿին, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպայի Խորհուրդին եւ ԵԱՀԿին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն ու մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու:

Լինտան, որ վերջին անգամ 27 Յունուարին կրցած էր Վիգէնին հետ կապ հաստատել, այն տպաւորութիւնը ստացած է, որ ան հոգեպէս շատ ընկճուած եւ ֆիզիքապէս շատ տկարացած է. անոր մահուան մասին լուրերը կարդացած է համացանցի ընկերային կայքերէ, սակայն միջոցներ չունի հաստատելու այդ տեղեկութիւնը: Ցարդ Միջազգային Կարմիր Խաչը չէ կրցած հաստատել լուրը:

Վիգէնը վերջին անգամ Յունիս 2021ին տեսնուած էր ատրպէյճանական ատեանի մը մէջ, ուր ան 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ «միջազգային ահաբեկչութեան եւ վարձկանութեան» շինծու յանցանքներով:

Վիգէն Էօլճեքճեան ձերբակալուած էր դէպի Շուշի ճամբուն վրայ, 10 Նոյեմբեր 2020ին:

Asbarez.com

Մեկնաբանել