«Բագին»ի գրական ժառանգութիւնը՝ թուայնացած ու առցանց հասանելի

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ՝ «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսը իր 60ամեակը կը բոլորէ դարու պահանջներուն գոհացում տալով եւ իր ամբողջական գրական արխիւը թուայնացնելով։

Աւելի’ն, «Բագին»ի աւելի քան քառասուն հազար թուայնացած էջերը տեղադրուած են «Բագին»ի նորաստեղծ www.pakine.net կայքէջին վրայ, լիովին որոնելի համակարգով։

Մինչեւ 2021 թուական, «Բագին»ի իւրաքանչիւր հրապարակուած թիւ, հրատարակութեան զուգահեռ, pdf ներբեռնելի տարբերակով կը տեղադրուէր Համազգայինի պաշտօնական մայր կայքէջի www.hamazkayin.com-ի «Բագին»ի բաժնին մէջ։ Սակայն պարբերաթերթի պատճէնուած տարբերակի էջերը մէկ առ մէկ թերթատելով, անիկա դժուար օգտագործելի էր հայագիտականի գիտաշխատողներուն ու գրականութիւն ուսումնասիրողներուն համար։

Արդարեւ, «Բագին»ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ, եւ անձնակազմի երկու տարուան աշխատանքի ջանքերով, կարելի եղաւ «Բագին»ի բոլոր թիւերը անխտիր, թուայանացնել, պատրաստելով անոնց մատենագիտական ցանկերը, յօդուածներու, գրողներու, ժանրերու, եւ տարբեր բանալի բառերու պիտակաւորումներով։ Այս բոլորի կողքին, յատուկ աշխատանք տարուեցաւ կայքը ներկայացնելու գեղագիտական որոշ որակով, ու նորարար բովանդակութեամբ, ուր կարելի է գտնել պատմական ու արխիւային լուսանկարներ, իրենց բացատրութիւններով, ինչպէս նաեւ լսատեսողական նիւթերու բաժին։

«Բագին»ի կայքէջի հսկայական այս աշխատանքը, կարելի պիտի չըլլար իրականացնել, առանց «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան» Հայկական բաժինին, որ հաւատք ընծայելով այս գործի կարեւորութեան, յատուկ դրամաշնորհով հովանաւորեց կայքէջի պատրաստութիւնը։

Ահաւասիկ, յաւելեալ արժէք մը «Բագին»ի աւանդած գրական վաստակին։ «Բագին»ը իր նորաստեղծ մատենաշարի կողքին, կը շարունակէ իր 60ամեայ յանձնառութիւնը, եւս նոր նախաձեռնութեամբ։

«Բագին»ի Խմբագրութիւն

Մեկնաբանել