Միջ-արաբական զարգացումները եւ անոնց
նշանակութիւնը հայութեան համար

Արաբական գարունին յաջորդող տարիներուն ինչ զարգացումներ արձանագրուած են արաբական աշխարհի մէջ, արաբական երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հոլովոյթը ինչ պատկեր կը ներկայացնէ այսօր, ներկայ ճիգերը միջ-արաբական դիւանագիտական յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ ինչ արդիւնքներու հասած են,, արաբական աշխարհ-Թուրքիա-Իրան նոր զարգացումները ինչ նշանակութիւն ունին հայութեան ու Հայաստանի համար։ Այս մասին Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն Աբօ Պողիկեան զրուցեց արաբական մամուլի հետ աշխատող, լրագրող, հրապարակագիր, գրող, արաբական աշխարհին լաւածանօթ Թոմաս Գորգիսեանի հետ։

Ներկայ հանգրուանին միջ-արաբական յարաբերութիւններու զարգացումը կ՛ընթանայ աւելի շատ վնասները նուազեցնելու, քան թէ առկայ տագնապները կառավարելի դարձնելու ու անոնց լուծումներ գտնելու տրամաբանոբւթեամբ, կ՝ըսէ Գորգիսեան։

Զրոյցը ընդգրկեց նաեւ արաբական երկիրներու մէջ ապրող հայ համայնքները եւ Հայաստանը՝ քաղաքական ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ։

Մեկնաբանել