Մելգոնեանը վերաբանալու պայքարը կը շարունակուի

Կիպրոսի մէջ գործող յայտնի կրթական հաստատութիւնը՝ Մելգոնեանը, իր դուռները փակած է շուրջ 18 տարիներ առաջ, սակայն այդ հաստատութենէն շրջանաւարտներու կարեւոր հատուածի մը համար դպրոցի վերաբացումը դարձած է հիմնական նպատակ։ Նախկին Մելգոնեանցիներու հետեւողական ճիգերը ցարդ կը մնան ապարդիւն։

Արեւմտահայերէնի նահանջի, արեւմտահայ մանկավարժներու, գործիչներու պատրաստման տագնապալի պայմաններու մէջ, Մելգոնեանի վերաբացման դրօշակակիրներէն դոկտ. Մինաս Գոճայեան Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն Աբօ Պողիկեանին հետ կիսեց իր յուսախաբութիւնը այս կենսական նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւնը փակելու որոշումին վերաբերեալ՝ կրկին յայտարարելով իր գործակիցներու հետ պայքարը շարունակելու յանձնառութիւնը։

Մեկնաբանել