Ապատեղեկատուութեան մը պատմութիւնը կամ ո՞վ է հայ ընթերցողին բարեկամը

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչ Պաշար Ալ Ճաֆարին, ֆեյսպուքեան իր էջին վրայ ունի 60 հազարէ աւելի հետեւողներ: Ըլլալով Սուրիական դիւնագիտութեան կարեւորագոյն դէմքերէն մէկը, անոր գրածները մեծ տարածում կը գտնեն համակիրներու շրջանակին մէջ:

Յայտնի չէ թէ Ալ Ճաֆարին ինք անձամբ կը թարմացնէ իր էջը թէ այդ գործը վստահած է իր անձնակազմէն մէկու մը: Ամէն պարագայի, գրութիւններուն մէջ օգտագործուածը երրորդ դէմքն է:

29 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 09:00ին Ալ Ճաֆարին իր էջին վրայ (տեսնել կից նկարը) զգայացունց լուր մը կը տեղադրէ Դամասկոսի Զամալքա արուարձանին մէջ վեց հայ անհատներուն հրապարակային վայրագ սպաննութեան մասին (երեք դեռատի զաւակներ, անոնց հայրը, մայրը եւ հօրաքոյրը): Գրութեան մէջ ան կը մեղադրէ «Լիուա Ալ Իսլամ» անունով կազմակերպութիւն մը այդ արարքին համար, յստակօրէն նշելով թէ իր տեղեկութիւնները քաղած է «Էջին բարեկամ» եղող անձնաւորութենէ մը:

Շատ չանցած լուրը կը տեղադրուի նաեւ «Շամ Փրես» կայքին մէջ եւ կ’երեւի տասնեակ մը կառավարամէտ էջերու վրայ: Պէտք է նշել որ «Շամ Փրես»ը 24 Օգոստոսին տարածած էր այլ լուր մը խեղաթիւրելով ընդիմադիրներուն դէմ կամաւոր կերպով զէնք վերցնող հայ զինեալներուն դէմ ուղղուած յայտարարութիւն մը՝ զանիկա ներկայացնելով որպէս ամբողջ հայ համայնքին դէմ արձակուած սպառնալիք:

Ժամը 11:00ին Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը իր ֆեյսպուքեան էջին մէջ կը հաղորդէ թէ ըստ Դամասկոսի թղթակիցին «կարգ մը լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն որ Դամասկոսի արուարձաններէն Զամալքայի մէջ արձանագրուած են զոհեր, որոնց շարքին է հայ ընտանիք մը, որուն անդամներուն դիակները ըստ այդ աղբիւրներուն Չորեքշաբթի օր յայտնաբերուած են մզկիթի մը մէջ: Լուրի հաւաստիութիւնը տակաւին անորոշ է։ Տեղեկութիւնը տակաւին կը մնայ ստուգելի»։

Ժամը 15:30ին Հայաստանի «Թերթ.am» կայքը վկայակոչելով Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը նոյն լուրը կը հաղորդէ նշելով թէ զոհերուն թիւը վեց են:

Ժամը 19:30ին արաբալեզու հայկական «Խապար Արմանի» կայքէջը Ալ Ճաֆարիի էջէն վերցուած լուրը նոյնութեամբ ու առանց աղբիւրի յիշատակութեան կը տեղադրէ իր կայքին մէջ, տարածելով զանիկա հինգ հազար ֆեյսպուքեան անդամներուն մէջ: Որպէս խորագիր կը շարադրէ հետեւեալը՝ «Ազատ Բանակը կը մորթէ ամբողջ հայ ընտանիք մը մանուկներով միասին Զամալքայի մէջ»:Լուրը կը սկսի մեծ տարածում ստանալ: Իւրաքանչիւր լրատուամիջոց իր կարգին բան մը կ’աւելցնէ լուրին վրայ: Ֆեյսպուքեան հայաշխարհը կը բռնկի:

Ուշ երեկոյան երբ կարելի չ’ըլլար սպաննուածներուն անունները պարզել ու երբ Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդարանը կը հաղորդէ թէ որեւէ ձեւով տեղեկութիւն չէ ստացած պարագաներու կողմէ անհետացած հայերու մասին, պարզ կը դառնայ թէ լուրը շինծու էր ու հայութիւնը ամբողջ օր մը զբաղած էր անհիմն լուրերով:

Ու կը սկսին հերքումները: Ժամը 22:00ին «Ազդակ» հակիրճ կը գրէ՝ «Չէ բացառուած, որ Դամասկոսի հայ ընտանիքին զոհուած ըլլալուն լուրը ապատեղեկատուութիւն եղած ըլլայ»: Յաջորդ առաւօտ «Թերթ.am»ը կը գրէ՝ «Համացանցի արաբական որոշ կայքերու մէջ տարածուած տեղեկութիւններէն բացի, այս լուրը առայժմ որեւէ ձեւով չէ հաստատուած եւ անոր շուրջ անորոշութիւն կը տիրէ։ Հաւանական է, որ անիկա ապատեղեկատւութիւն ըլլայ»։ Իսկ «Խապար Արման»ին կը նախընտրէ լուռ մնալ, հակառակ որ մեծ թափով եւ մահասփիւռ վերնագրով մը տարածած էր լուրը:

Հայ ընթերցողները հազարաւոր ժամեր վատնեցին, անհարկի վարլուծումներ ու վայ խօսակցութիւններ ունեցան, պարզապէս որովհետեւ կարգ մը հայկական լրատուամիջոցներ չուզեցին յաւելեալ աշխատանք տանիլ ստուգելու համար թէ ո՞վ է լուրին հեղինակը եւ ի՞նչ կը հետապնդէ:

Եթէ լուրին հեղինակը ինչպէս Ալ Ճաֆարին կ’ըսէ «էջին բարեկամ»ն է, ո՞վ է ուրեմն հայ ընթերցողին բարեկամը, որ պիտի խնայէր զինք այսպիսի փորձութիւններէ:

Հրաչ Քալսահակեան

Մեկնաբանել