Հայերի մարդասիրական օգնությունները

Սիրիահայ քաղաքագետ Վահագն Քեշիշյանը hetq.am կայքում հոդված է հրապարակել, որում նկարագրում է Հալեպում հայկական կազմակերպությունների տրամադրած աջակցությունը: Հոդվածը ներկայացնում ենք ստորև:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, զանազան կեդրոններ կը գործեն բարեսիրական նպատակներով: Կեդրոնական Մարմինին կողքին, կը գործէ նաեւ Հայ Բաեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Ընտանիքներու անդամներ կուգան դիմումնագիր մը կը լրացնեն որուն մէջ կը նշեն իրենց անունը, ամուսնացած կամ ամուրի ըլլալը, ընտանիքի անդամներուն թիւը, համայնքը, տան եւ գործատեղիի հասցէներն ու հեռայայնի թիւը:

Նպաստներու սնտուկ-տուփը կը պարունակէ շաքար, ձաւար ձէթ, իւղ պահածոյ մսեղէններ եւայլն, մօտաւորապէս 2500 ս.ո. ($ 35):

Տխուր իրականութեան մէջ ուրախալի էր տեսնել, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի ղեկավարներն ու այլ պատասխանատուներ «ձեռքով-ոտքով» կ’աշխատէին: երիտասարդ տղաքն ու սկաուտները սնտուկները կը տեղաւորէին Լ.Ն.-Գ.Կ. վարժարանի օթօքարներուն մէջ որոնք նպաստն, ու նպաստընկալները կը հասցնէին իրենց տուները, բան մը որ նպաստ տրամադրելու չափ կարեւոր է ներկայ իրավիճակին մէջ:

-Իսկ եթէ այս վիճակը շարունակուի պիտի շարունակէ՞ք ձեր նպաստը:

-Բարեգործականը միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ հասնելու մեր հայրենակիցներուն,- պատասխանեցին:

-Իսկ արաբներո՞ւն:

-Եթէ ուզող ըլլայ, այո՛:

Ուրեմն այսօր Հալէպի մէջ արդէն հարիւրաւոր ընտանիքներ կան որոնք այսպիսի օգնութեան կարիք ունին: Այս թիւերը կարելի է կրկնապատկել, որովհետեւ համարեայ նոյն քանակութեամբ նպաստներ տրամադրուած են այլ ճակատ ներկայացնող միութիւններու կողմէ…

Այդքան շա՞տ է արդէն կարիքաւորներու թիւը: Մարդիկ անմիջական օգնութեան կարիք ունին որովհետեւ չեն աշխատիր, գործատէրերը իրենց գործաւորներուն աշխատավարձ չեն տար:

Մէկ շաբաթ ետք Օգնութեան Կեդրոնական մարմինի մօտ Նպաստընկալ կարօտեալներու թիւը անցած է իննը հարիւրը, եթէ այս թիւին գումարենք Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եօթհարիւր յիսունը… կրնանք սոսկալ-թէեւ նպաստընկալները կրնան արձանագրուած ըլլալ երկու կողմերուն մօտ ալ որովհետեւ համակարգուած չէ նպաստներ բաշխելու աշխատանքը: Ասոնց կարելի է գումարել նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի բարեսիրական յանձնախումբը, նաեւ Հայ աւետարանականներու նպաստները:

Այստեղ պէտք է նշել որ Կեդրոնական մարմնի մօտ հաւաքուած գումարը նպատակային էր, ծախսել համայն գաղութին համար եթէ արտակարգ վիճակի հասներ իրադրութիւնը, այսինքն այն պարագային երբ հայերը կամ հայերէն մաս մը , ստիպուած ըլլային իրենց տուները լքելով ապաստանիլ, հայկական դպրոցներ կամ եկեղեցիներ, ակումբներ եւայլն: Իրականութեան մէջ հայկական կազմակերպութիւններու նեդրած գումարը ոչինչ է (հինգ-վեց հարիւր հազար)… Ինքը Կեդրոնական մարմինը կը խոստովանի իր անփորձ ըլլալը…:

Մեկնաբանել